ՃԱՆՉՆԱ՛Լ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ - ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՄԱՐԶԻԿ»Ի ԹԻՒ 423-Ի

 

Փետրուար 1911-ին, երբ հազիւ քսանհինգ գարուններ բոլորած Շաւարշ Քրիսեան Պոլսոյ մէջ յանդգնութիւնը ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան առաջին մարզական թերթը՝ «Մարմնամարզ»ը հիմնելու, շատեր թերահաւատութեամբ ընդունեցին լոյս աշխարհ եկող նախաձեռնութիւնը։

Նոյեմբեր 1918-ին, երբ Քրիսեանի նահատակութենէն երեք տարի ետք, անոր երբեմնի գործակիցները որոշեցին ձեւ ու մարմին տալ հայ մարմնակրթութեան մեծ երախտաւորին երազին եւ հայ մարզական բոլոր ակումբներն ու խումբերը հաւաքել մէկ դրօշի տակ, շատ-շատեր չհաւատացին այդ երազին իրականացման։ Կարելի՞ է որբերէ եւ տարագիրներէ մարմնակրթական շարժում ստեղծել,- հեգնեցին անոնք, պարագայական խանդավառութեան մը վերագրելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծնունդը։

Չորս տարի ետք, Սեպտեմբեր 1922-ին, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրուան Կեդրոնական Վարչութիւնը միութիւնը պաշտօնապէս լուծուած յայտարարեց իր բնօրրանին մէջ, մարդիկ չվարանեցան անոր մահը շեփորելու։ Հողին վրայ ուրիշ է, դուրսը կը մեռնի՜, յայտարարեցին անտեղի աճապարանքով մը։

Հ.Մ.Ը.Մ. սակայն չմեռա՛ւ, ապրեցաւ եւ իրմով սերունդներ ապրեցուց։

Ապա գրաւը դրին ժամանակի եւ միջավայրի պայմաններուն վրայ, ենթադրելով որ տարիներն ու շրջապատի ազդեցութիւնները կրնան տկարացնել Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Խանդավառութիւնը երկար չի տեւեր, շուտով կը կլանուին տեղական հոգերու մէջ, միութիւն եւ միութենականութիւն կը մոռնան, մտածեցին անոնք պահ մը։

Ձախողեցա՛ն անոնք նաեւ իրենց գրաւին մէջ։

Դիմեցին ամէն տեսակ ճնշումի եւ հալածանքի. երկրորդ համաշխարհային պատերազմի թոհուբոհին մէջ, տեղ մը մասնաճիւղեր փակեցին, այլ տեղ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ աքսորավայր առաջնորդեցին, մէկ ուրիշ տեղ «հրաժարականներու» բեմադրութիւն սարքեցին։

Բայց դարձեա՛լ չյաջողեցան։   

Ընդհակառակն, Հ.Մ.Ը.Մ. տարուէ տարի աւելի մեծցաւ, հզօրացաւ եւ ինքզինք պարտադրող ներկայութեամբ նախ՝ Մերձաւոր Արեւելեան մակարդակի կառոյցով օժտուեցաւ, ապա՝ համագաղութային տեսք ու մարմին ստացաւ, դեր ու առաքելութիւն ստանձնեց։

Վրայ հասան Միջին Արեւելեան երկիրներու քաղաքական ցնցումները. մեծաթիւ հայեր աւանդական գաղութներէ տեղափոխուեցան արեւմտեան նոր ոստաններ։ Տեղափոխուողներու շարքին էին մեծ թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ՝ նախկին լիբանանահայեր, սուրիահայեր, իրաքահայեր թէ այլ։ Յոռետեսական նախատեսութիւնները այս անգամ եւս չուշացան, կարծելով որ երրորդ սերունդի Հ.Մ.Ը.Մ.ականները չեն կրնար ապրեցնել միութիւնը։ Անպայման կ’այլասերին ու կը ձուլուին, նկատել տուին շատերը։

Հ.Մ.Ը.Մ. սակայն ապրեցաւ ու զարգացաւ ո՛չ միայն երրորդ, այլեւ՝ չորրորդ եւ հինգերորդ սերունդի Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու հետ, որոնք միութիւնը պահեցին կանգուն եւ կենսունակ։ Աւելի՛ն, Հ.Մ.Ը.Մ. թափ առաւ եւ վերընձիւղուեցաւ Հայաստանի մէջ, արմատներ նետեց Ստեփանակերտի, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի մէջ։ Դարձաւ համահայկական երիտասարդական մեծագոյն կազմակերպութիւնը՝ իր թիւով, աշխարհագրական տարածումով եւ գործունէութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնն է այս, զոր պարտաւոր է ճանչնալ միութեան նոր միացող թէ արդէն անդամ իւրաքանչիւր հայորդի։ Հանգրուան առ հանգրուան, կամաւոր աշխատանքով եւ անսահման զոհաբերութեամբ կերտուած պատմութիւն մը, որուն իւրաքանչիւր էջին վրայ կայ ամբողջ սերունդի մը ջանքն ու ճիգը՝ ապրելու մարդկօրէն առողջ, հայօրէն աննահանջ եւ հաւաքականօրէն գիտակից ու կազմակերպ կեանքով։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի այս պատմութիւնը անցեալին չի պատկանիր միայն։ Անցեալին պատահած դէպքերը հետքեր կը ձգեն յիշողութիւններու եւ արձանագրութիւններու մէջ։ Այդ հետքերը երբ քով-քովի կը բերուին, կրնան վերակազմուիլ, վերակենդանանալ եւ պատմութեան վերածուիլ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը միութեան անցեալին վերակառուցումն է, վերակենդանացումն է, գիտնալու համար, թէ ի՞նչպէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցեալէն ստեղծուեցաւ ներկան։ Ի՞նչ է այդ ներկան եւ ո՞ւր է անոր տեղը այսօրուան աշխարհին մէջ, մեր ժողովուրդի կեանքին եւ ապրած օրերուն մէջ։

Պատահական որեւէ միութեան պատմութեան չի նմանիր Հ.Մ.Ը.Մ.ի հաւաքական կենսագրութիւնը։ Ճանչնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը կը նշանակէ ծանօթանալ հաւատքի հսկաներու, որոնք երբեք դիւրին ճամբաներէ չքալեցին։ Տկարութիւն չճանչցան, այլ՝ հաստատ մնացին իրենց համոզումներուն մէջ, ինքնավստահ՝ իրենց քայլերուն մէջ։ Չվախցան նորութիւններէ, չմերժեցին նորերը։

Ճանչնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը կ’ենթադրէ ճանչնալ մենք մեզ, մեր միութեան իրագործումները եւ զանոնք կերտող խոնարհները, որոնք իրենց կեանքով փաստը տուին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կրաւորականութիւնը փոխարինել նախաձեռնութեան ոգիով, համակերպուածութիւնը՝ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու քաջութեամբ, իսկ ինքնագոհութիւնը՝ մնայուն կատարելագործման ձգտումով։

Ճանչնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը կը նշանակէ մանաւա՛նդ ծանօթ ըլլալ միութեան նպատակին, որուն իրագործման համար տեւական վազք մը եղաւ միութեան կեանքը՝ ի խնդիր նորահաս սերունդներու մարդկային, ընկերային եւ ազգային առողջ դաստիարակութեան։

Վերջապէս, ճանչնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը կը նշանակէ հաղորդուիլ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական, միութենական ու բարոյական այն բոլոր արժէքներուն հետ, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իսկական դիմագիծն ու ինքնութիւնը կը կերտեն եւ զայն արժանի կրողը կը դարձնեն այս միութեան 103 տարիներու հարուստ անցեալին, վաստակին ու փառքին։

Տարածենք