Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 103-ԱՄԵԱԿԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ «ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐ»Ը՝ 24 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի 103-ամեակի լուսանկարչական մրցանքը, որ յայտարարուած էր 16 Նոյեմբեր 2021-ին՝ միութեան հիմնադրութեան տարեդարձին օրը, իր աւարտին կը հասնի շուտով։ Մրցանքին մասնակցելու վերջին պայմանաժամն է 20 Փետրուար 2022-ը, որովհետեւ արդիւնքներուն հրապարակումը ընկերային ցանցերով պիտի կատարուի «Հայ սկաուտի օր»ը՝ 24 Փետրուարին։
Յայտնենք, որ այս առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ ստեղծուած է դատական յատուկ կազմ մը, որուն մաս կը կազմեն լուսանկարիչ Րաֆֆի Պէրպէրեան, բեմադրիչներ Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ Ծովիկ Թորիկեան, արուեստագէտ Արա Ազատ, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ` խմբագիր Նորա Բարսեղեան, նկարչական թեքնիք աշխատանքներու մասնագէտներ Դալար Մազլումեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան։
Մրցանքին առաջին երեք դիրքերը գրաւող մասնակիցները կ’արժանանան հետեւեալ մրցանակներուն.-
Առաջին մրցանակ.- 1000 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ «CANON» վաճառանիշով լուսանկարչական մեքենայ մը։
Երկրորդ մրցանակ.- 300 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ լուսանկարչական քամերայի portable tripod մը եւ պայուսակ մը։
Երրորդ մրցանակ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակը յաւերժացնող արժէքաւոր ժամացոյց մը՝ յատուկ հաստատագիրով։
Երեք մրցանակակիրները կը ստանան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի մէկ տարուան բաժանորդագրութիւն։
Մրցանքին մասնակցութեան պայմաններն են.-
Ա) Մրցանքին կրնան մասնակցիլ 18 տարեկանէն վեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եւ ոչ-Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ։ Արհեստավարժ լուսանկարիչներ չեն կրնար մասնակցիլ սիրողական նկարիչներու համար նախատեսուած այս մրցանքին։
Բ) Մրցանքին թեման է՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի առօրեան»։ Հետեւաբար, մրցանքին կարելի է ներկայացնել Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական, մարզական, անդամական, ընկերային, հանրային թէ բարեսիրական գործունէութեան առնչուած որեւէ լուսանկար, որ հարազատօրէն կը ցոլացնէ միութեան կեանքն ու առօրեան։
Գ) Մրցանքին ներկայացուած լուսանկարները (սեւ-ճերմակ կամ գունաւոր) պայման է որ ըլլան նոր նկարուած եւ մասնագիտական վերամշակումի (Photoshop-ի) չենթարկուած լուսանկարներ։
Դ) Լուսանկարները կրնան նկարուիլ որակաւոր հրատարակութեան յարմար լուսանկարչական քամերայով եւ բջիջային հեռաձայնով։
Ե) Լուսանկարները հարկ է ունենան համապատասխան խորագիր։
Զ) Լուսանկարները պարտին մինչեւ 20 Փետրուար 2022 ուղարկուած ըլլալ մրցանքի կազմակերպիչ յանձնախումբի ե-նամակի հետեւեալ հասցէին՝ Karozchagan@homenetmen.org, նշելով նկարի հեղինակին անուն-մականունը, շրջանը եւ լուսանկարին խորագիրը։