ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐ ԺԱՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

 

24 Յունուար 2022-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց բարերար Ժան Աբգարեան, որ ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Ան Արժանթին հաստատուած է 1948 թուականին եւ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Պուէնոս Այրէսի եւ Գորտոպայի հայ համայնքի հաստատութիւններու ծաղկումին:

2014-ին, Ժան Աբգարեան իր կնոջ՝ Գարմէն Արգարեանի հետ (մահացած 6 Փետրուար 2021-ին) հիմնեց «Ժան եւ Գարմէն Աբգարեան Երեխաներու եւ Տարեցներու Պաշտպանութեան Հիմնադրամ»ը։ Իր նպատակները իրականացնելով՝ հիմնադրամը մեծապէս օգտակար դարձաւ Արժանթինի հայ կրթական հաստատութիւններուն, Պուէնոս Այրէսի եւ Գորտոպայի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի հայ սկաուտական խումբերուն, ինչպէս նաեւ՝ Պուէնոս Այրէսի ՀՕՄ-ի Հանգստեան Տան:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին մէջ հիմնադրամը հովանաւորեց Հայ Դատի զանազան գիրքերու խմբագրութիւնն ու հրատարակութիւնը։ Հարկ է նշել հիմնարկութեան ներդրումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն։

«Ժան եւ Գարմէն Աբգարեան Երեխաներու եւ Տարեցներու Պաշտպանութեան Հիմնադրամ»ը, իր հիմնադիրներու մահէն ետք, պիտի ղեկավարուի յատուկ խորհուրդի մը կողմէ, որուն մաս պիտի կազմեն Պուէնոս Այրէսի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ միութիւնները՝ Արմենիա Մշակութային Ընկերակցութիւնը, Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղը, Հ.Բ.Ը.Մ.ը եւ Այնթապի Հայրենակցական Միութիւնը:

Տարածենք