ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ ՖՐԵԶՆՈՅԷՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԵՂԲ. ՊԵՐՃ ԱԲԳԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

Շաբաթ, 12 Մարտ 2022-ի կէսօրէ առաջ 10.30-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, ընկերակցութեամբ ատենադպիր եղբ. Վիգէն Աւագեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրեզնոյէն Լիբանան ժամանած բժշկական պատուիրակութեան գլխաւոր պատասխանատու, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եղբ. Պերճ Աբգարեանի հետ, որ բժշկական պատուիրակութեամբ մը Լիբանան այցելեց, հայկական երեսփոխանական գրասենեակին հովանաւորութեամբ եւ լիբանանահայ բարեսիրական հաստատութիւններուն ճամբով բժշկական անվճար ծառայութիւններ մատուցելու լիբանանահայ կարիքաւոր պարագաներու։

Եօթնանդամ պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ական չորս բժիշկներ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Վաչէ Վասիլեան եւ տիկինը՝ քոյր Կարինէ Լեփէճեան-Վասիլեան, եղբ. Վան Պօղոսեան եւ եղբ. Կարօ Խաչիկեան։

Մտերմիկ եւ ջերմ հանդիպումին ընթացքին եղբ. Պերճ Աբգարեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց լիբանանահայութեան սիրալիր ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ ծառայութեան եւ բարեսիրութեան արժէքները իր մէջ ամրապնդուած են շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ստացած իր դաստիարակութեան։ Ան հպարտութեամբ յայտնեց, որ իր զաւակները եւս կը հետեւին իր ուղիին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով բարձրանալու եւ ուրիշներն ալ իրենց հետ բարձրացնելու սկզբունքին։

Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց եղբայր Պերճ Աբգարեանին, որ հաւատարիմ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իր դաստիարակութեան՝ օրինակելի կազմակերպուածութեամբ մը անխտիր կը ծառայէ բոլորին։ Եղբ. Վաչէ Նաճարեան նաեւ իր երախտիքը յայտնեց Ֆրեզնոյի հայ գաղութին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սասուն» մասնաճիւղին, որոնք այս տագնապալի օրերուն կանգնած են լիբանանահայութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ընտանիքին կողքին, տրուած ըլլալով որ պատուիրակութիւնը Լիբանան բերած իր դեղերէն բաժին մըն ալ հանած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերուն։

Հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ յաջողութիւններու բարեմաղթութիւններով եւ բարեսիրական նորանոր ծրագիրներով Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունը միշտ բարձր պահելու առաջադրանքով։

 

Տարածենք