ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵԱՖԱՅԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ

 

Երուսաղէմ, Հայֆա, Եաֆա կատարած կազմակերպական իր այցելութեան ծիրին մէջ, Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2022-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եաֆայի մեկուսի շրջանի անդամական ընդհանուր ժողովին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցին ստեղծումէն՝ 1974-էն ի վեր, առաջին
անգամն էր, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը առիթը կ’ունենար ներկայացուցիչով մը ներկայ գտնուելու շրջանին անդամական ընդհանուր ժողովին։ Անյաղթահարելի դժուարութիւններ եւ տեղական յատուկ պայմաններ ցարդ անկարելի դարձուցած էին նման մասնակցութիւն։

Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Նիկողայոս Վանքի «Հայկաշէն» կեդրոնին մէջ, քննեց մեկուսի շրջանի ընթացաւարտ վարչութեան գործունէութիւնը եւ նոր առաջարկներու լոյսին տակ ընտրեց եօթնանդամ նոր կազմ՝ հետեւեալ անդամներով.- Եղբայրներ Մեսրոպ Ղուկասեան, Յակոբ Մազաքեան, Արմէն Վանայեան, Գէորգ Ղուկասեան, Կարօ Պաղպուտերեան, Փօլ Խինաուի եւ  Յակոբ Վանայեան։

Տարածենք