ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱՅՖԱՅԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ
Երուսաղէմ, Հայֆա, Եաֆա կատարած կազմակերպական իր այցելութեան ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 31 Մարտ 2022-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայֆայի մեկուսի շրջանի անդամական ընդհանուր ժողովին։
Ժողովէն առաջ, եղբ. Գազանճեան այցելեց Հայֆայի Ս. Եղիա եկեղեցի։
Անդամական ընդհանուր ժողովին եղբ. Գազանճեան փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը եւ յիշեց, որ 78 տարի առաջ, 1944-ին, շրջան այցելած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն Հայկ Ճիզմէճեան։
Յայտնենք, որ ժողովի աւարտին, մեկուսի շրջանը յուշանուէր մը փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչին։
Ժողովը ընտրեց եօթնանդամ նոր վարչութիւն՝ բաղկացած հետեւեալներէ.- Երեմ Լափաճեան, Յակոբ Մուրաճալեան, Անի Շահինեան, Թամար Գաթըրեան, Արեւ Շահինեան, Մանուէլ Բանոյեան եւ Եուհան Բանոյեան։