ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

 

Ծանօթ պայմաններու բերումով, երկար տասնամեակներու ակամայ բացակայութենէ ետք, Ուրբաթ,1 Ապրիլ 2022-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, յանձինն իր անդամներէն եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեանի, ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի մեկուսի շրջանի անդամական 77-րդ ընդհանուր ժողովին։

Ժողովը քննեց մեկուսի շրջանի ընթացաւարտ վարչութեան նիւթաբարոյական գործունէութիւնը, ապա իր առաջարկները ներկայացուց գալիք միամեայ աշխատանքներուն համար։ Ժողովի աւարտին, ընտրուեցաւ եօթնանդամ նոր վարչութիւն, բաղկացած հետեւեալ եղբայրներէն.- Յարութ Պաղամեան, Զոհրապ Տէմիրճեան, Պետրոս Պաղամեան, Յակոբ Սեւզադեան, Զարեհ Նալպանտեան, Յովսէփ Եագուպեան եւ Ճիւան Օհաննէսեան։

Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն եւ խրախուսեց միշտ հաւատարիմ մնալու միութեան նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ին։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Նոյն օրը, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան եւ Հ.Յ.Դ. տեղւոյն կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ այցելեց Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի հետ։

Տարածենք