Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՆՈՐ ՄԻԱՒՈՐ՝ ՄԵԾՆ ՄԵՐԻՄԱՔ ՀՈՎԻՏԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Մեծն Մերիմաքի մէջ հիմնուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի միաւոր մը, որուն աշխատանքներուն ղեկավարումը վստահուած է եռանդամ պատասխանատու մարմինի մը, բաղկացած հետեւեալ եղբայրներէ՝ Կրեկորի Մինասեան, Մկրտիչ Գասապեան եւ Մաթիու Փիթըրզ։

Միաւորին հանդիսաւոր հիմնադրութիւնը կատարուած է 6 Մայիս 2017-ին, Նորթ Էնտովրի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր Շրջանային Վարչութեան կողմէ միաւորի պատասխանատու մարմնին յանձնուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը, Ծրագիր-Կանոնագիրը, հիմնադրութեան եւ պատասխանատու մարմնի նշանակման նամակը։ 

Տարածենք