ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ
ՄԱՐԶԻԿ (Հալէպ)- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, միութեան 98-ամեակին եւ «Ծառայութեան տարուան» առիթներով տեղի ունեցաւ յարգանքի եւ գնահատանքի հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան յիսուն տարիքը բոլորած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ 25 տարիներու ծառայութիւն ունեցող քոյրերն ու եղբայրները։
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 17 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանեկան պարտէզին մէջ, ներկայութեամ թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի, պատկան մարմինի ներկայացուցիչին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Հալէպի տեղական եւ մասնաճիւղի վարչութիւններուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին ու համակիրներուն:
Բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, զոր փողի վրայ մատուցեց Հալէպի մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Գէորգ Մաւեան: Բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, եղբայրը նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղը, իբրեւ ամրապինդ ու անխոնջ կամքով աշխատող մասնաճիւղ, հաւաքուած է բոլորին հարազատ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզին մէջ, փաստելու համար, որ հակառակ երկրի դժուարին պայմաններուն, «Մի՛շտ պատրաստ» կը մնայ իր առաքելութեան եւ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանով բազմաթիւ ամեակներ կը տօնէ, միութեան եւ հայ ազգին դրօշը բարձր պահելով:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդէն քոյր Ծովիկ Թէփիրճեան կատարեց օրուան բեմավարութիւնը, իսկ քոյր Դալար Կիրակոսեան արտասանեց իմաստալից նշանախօսքեր եւ յայտարարեց տեղւոյն վրայ կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւնները:
«Լեւոն Աբգարեան» արի-արենոյշ միաւորէն քոյր Վանա Փաթանեան եւ քոյր Լիլիթ Նալպանտեան ասմունքեցին Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւն» բանաստեղծութիւնը:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան։ Ան յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 98 տարիները կը կազեն կազմակերպումի, մաքառումի եւ ծրագրուած աշխատանքի պատկառելի իրագործումներու շրջան մը, որուն յոբելեանով մը անդրադառնալը նուազագոյնը պարտք նկատեց ան:
Իր խօսքին մէջ , եղբ. Քէօշկէրեան խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մի պատմութեան եւ ի մասնաւորի Հալէպի մասնաճիւղին գործունէութեան մասին, նշելով որ Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ը դարձաւ հայապահպանման առաջին միջնաբերդը, ազգային դարբնոցը, հայ եկեղեցիին եւ հայ դպրոցին կողքին: Ան հանդիսացաւ հայ պատանիին ու երիտասարդին կազմաւորման մարզական, սկաուտական ու մարդակերտման մեծ դպրոցը:
Եղբ. Քէօշկէրեան հաստատեց, որ 1925-էն սկսեալ, 91 տարիներու ընթացքին Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր ազգաշունչ մթնոլորտով եւ ժողովրդանուէր ծառայութեամբ պատրաստեց սերունդներ, որոնք այսօր աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ ղեկավար դիրքերու վրայ կը գտնուին եւ իրենց ձեռքերուն մէջ առած են աշխարհատարած մեր ժողովուրդին ճակատագիրը:
Եղբ. Քէօշկէրեան հանդիսութիւնը նկատեց յարգանքի օր մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներուն, վաստակաւոր ու համեստ ղեկավարներուն, վարչականներուն, մարզիչներուն, մարզիկներուն, սկաուտներուն եւ խմբապետներուն համար, որոնք հաւատաւոր ու յարատեւ ճիգերով սերունդներ պատրաստեցին իրենց լաւագոյնը տալով եւ միութեան առաքելութեան ծառայելով:
Այս առթիւ, եղբ. Քէօշկէրեան յայտնեց Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան մտայղացումը՝ «Ծառայութեան տարուան» եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 98-ամեակի զոյգ առիթներով գնահատելու եւ պատուելու 50 տարիքը բոլորած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս 25 տարիներու ծառայութիւն ունեցող բազմավաստակ քոյրերն ու եղբայրները: Առ այդ, ան բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, Շրջանային Վարչութեան ատենադպրուհի քոյր Գարօլին Քիւրքլեան-Առոյեանը եւ Հալէպի մասնաճիւղի գարչութեան ատենապետ եղբ. Գէորգ Մաւեանը՝ կատարելու պարգեւատրումը:
31 քոյրեր եւ եղբայրներ պարգեւտարուեցան ծառայութեան յուշանուէրով: Շրջանային Վարչութեան կողմէ եղբ. Քէօշկէրեան երախտագիտական զգացումով յուշանուէր մըն ալ յանծնեց Սրբազան Հօր:
Այնուհետեւ, Առաջնորդը փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան հոգեկան մեծ հրճուանքով շնորհաւորեց ծառայութեան յուշանուէրով պարգեւատրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականները, որոնք մեզի յիշեցուցին այն իրականութիւնը, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իւրայատուկ դպրոց մը, որուն անդամակցող քոյրերն ու եղբայրները կը պատրատուին ազգի ծառայութեան:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի 98-ամեայ երթը շնորհաւորելով, Առաջնորդը հաստատեց, որ 100-ամեակին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ Հ.Մ.Ը.Մը պիտի մնայ գործող այն կազմակերպութիւնը, որ հայուն համար, Հայաստանին համար եւ իր ապրած սուրիական հայրենիքին համար իր կեանքն ու վաստակը պիտի տրամադրէ ամբողջանուէր կերպով:
Առաջնորդ Սրբազանին խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 98-ամեակի կարկանդակի հատում:
Ընթրիքի ջերմ սեղաններու շուրջ ներկաները բաժնեկցեցան իրենց ուրախութիւնը: Եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեան փողի վրայ ներկաներուն մատուցեց շարք մը երգերը: Ապա, Լիւսի Յովհաննէսեան եւ Ճորճ Գալայճեան ազգային եւ յեղափոխական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը:
Երեկոն փակուեցաւ «Արիւնոտ դրօշ» երգով: