ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ԶՕՐԱՄԱՍ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

 

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու դաստիարակչական ծրագիրներու ծիրէն ներս, երէկ առաւօտեան ժամը 10-ին, մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններէն մաս մը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Իշխան Եղիայեանի, Արմանտօ Թորգոմեանի եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեանի գլխաւորութեամբ այցելեց հայկական բանակի Նուպարաշէնի զօրամասը։
Աւելի քան 450 մարզիկ-մարզիկուհիներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը շրջեցաւ զօրամասի զանազան բաժինները, ծանօթացաւ հայ զինուորի առօրեային, զինուորական նախապատրաստութիւններուն եւ օգտագործած զէնք ու զրահին՝ թեթեւ, կիսածանր եւ ծանր, մինչեւ «T72» տիպի հրասայլեր։ 
Հայութեան «կամաւոր բանակի» անդամները զրուցեցին զօրամասի զինուորներուն հետ եւ իրենց գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական գործին իրենց ի գործ դրած մեծ զոհողութիւններուն համար։
Այցելութեան վերջին մասով, մարզիկ-մարզիկուհիները հաւաքուեցան զօրամասին հրապարակը, ուր հրամանատարի տեղակալ, գնդապետ Յակոբ Աւետեան խրախուսական խօսք մը ուղղեց այցելուներուն։ Ան ըսաւ, որ նման այցելութիւններ կը գօտեպնդեն հայ զինուորը եւ զգացնել կու տան, որ ան իր թիկունքին ունի ոչ միայն Հայաստանի երեք միլիոն ժողովուրդը, այլ՝ աշխարհի 10 միլիոն համայն հայութիւնը։ Հայ զինուորը իր մարտունակութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ կարեւորագոյն երաշխիքն է մեր հայրենիքի հզօրութեան եւ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման, նշեց ան։
Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Իշխան Եղիայեան։ Ան յայտնեց, որ հայկական քաջարի բանակը ազգային մեր հպարտութիւնն է եւ արժանապատուութիւնը։ ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ 108 մասնաճիւղերը պէտք է նկատել հայկական բանակին մէկական զօրամասերը, ուր ՀՄԸՄ-ականներ կը սորվին ծառայել իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին։
Յաջորդեց յիշատակի նուէրներու փոխանցումը։ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեան հրաւիրեց պատուիրակութիւնները ներկայացուցիչները ՀՄԸՄ-ի կողմէ մարզական իրեր նուիրելու հայկական բանակին։ Այս առիթով Թորգոմեան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի մէջ բանակային մը կայ։ ՀՄԸՄ-ի «կամաւոր բանակը» միշտ եղած է ու պիտի մնայ ազգային բանակի կողքին, որովհետեւ ազգային արժէքները սրբութիւններ են ՀՄԸՄական սերունդներուն համար։
Այսօր, մարզախաղերու մասնակից երկրորդ պատուիրակութիւն մը կ’այցելէ նոյն զօրամասը։

Տարածենք