ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Ուրբաթ, 29 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ, վարագոյրը իջաւ համա-ՀՄԸՄ-կան 11-րդ մարզախաղերուն վրայ եւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ժամադրուեցաւ չորս տարի ետք դարձեալ հանդիպելու նոր մարզախաղերով եւ ախոյեաններով։
Փակման հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին եւ դրօշակակիրներու համալիր մուտքով։ Յաջորդեցին մարզախաղերու մասնակից 20 երկիրներու պատուիրակութիւնները՝ իրենց դրօշներով, նուաճած բաժակներով ու մետալներով։
Հնչեցին Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները։ Ապա, օրուան հանդիսավար` քոյր Մեղրի Սրապիոնեան հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանը՝ փոխանցելու փակման հանդիսութեան իր խօսքը։
Եղբ. Վաչէ Նաճարեան ըսաւ, որ համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերու աւարտական հաւաքի վերջին պահուն, բոլորս կը գիտակցինք, որ խաղերը խաղաղ ու հանդարտ պտոյտ մը չէին, այլ՝ յոգնեցուցիչ հեւքով ու ժրաջան աշխատանք պահանջող մարզական հանդիպումներ էին։ Սակայն անոնք յատուկ էին, որովհետեւ մարզական եւ մանաւա՜նդ ՀՄԸՄական ոգին էր տիրապետողը։
Իր խօսքը մարզախաղերու մասնակիցներուն ուղղելով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է այս խաղերուն ստեղծած ոգին եւ յիշատակները մասունքի նման տանիլ աշխարհի չորս կողմերը ու ցանել ո՛չ միայն ՀՄԸՄ-ական շրջանակի մէջ, այլ՝ ամէն տեղ ուր հայկական ճրագ կայ՝ առիթը ընծայելով մեր հայրենակիցներուն ապրելու իբրեւ հայ, հայրենիքէն հեռու, բայց հայրենիքը պահելով իրենց սրտին մէջ»։
Եղբ. Վաչէ Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերուն յաջողութեան նպաստած ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի կառոյցին, բարեկամներուն, բարերարներուն, կամաւորներու հսկայ «բանակ»-ին, մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին յիշատակելի 10 օրեր պարգեւելու համար բոլորին։ Ապա, եղբ. Վաչէ Նաճարեան խօսքը եզրափակեց ըսելով՝ «Մեր ժամադրութիւնը չորս տարի ետք՝ Համա-ՀՄԸՄական 12-րդ մարզախաղերուն։ Շնորհաւորութիւն եւ բարի վերադարձ բոլորին»։
Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական առաջին մարզախաղերու մասնակից, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ մարզախաղերու լաւագոյն մարզիկ-մարզիկուհիներու յուշանուէրներու հովանաւոր՝ եղբ. Հրաչ Սիսեռեան։ Ան ըսաւ, որ 41 տարի առաջ, 1991-ին, երբ իբրեւ մարզիկ համա-ՀՄԸՄական առաջին մարզախաղերուն մասնակցած է, արտասանած է խօսք մը, զոր կը փափաքի կրկնել նաեւ այսօր։ Սիրելի մարզիկներ,- ըսաւ եղբ. Հրաչ Սիսեռեան,- դուք կը պատկանիք միութեան մը, որ ձեզի կու տայ հաւատք՝ հանդէպ ձեր ժողովուրդին, հայրենիքին եւ հայապահպանման գործին։ Այդ հաւատքը ՀՄԸՄ-ի մէջ կը վերածուի հաւատարմութեան,¬ շարունակեց ան, հաւատարմութիւն ՀՄԸՄ-ի, հաւատարմութիւն իրարու, հաւատարմութիւն այն նպատակներուն, որոնց ծառայելու կոչուած ենք բոլորս։ Մաղթեմ, որ ձեր բաժակները կը լեցուին հաւատարմութեամբ, կը մնաք ՀՄԸՄական, կը ծառայէք այս միութեան, որուն աշխատանքով այսօր բոլորդ համախմբուած էք հայրենիքի մէջ։ ՀՄԸՄ-ը կը մնայ միշտ երիտասարդ եւ հաւատարիմ միութիւն, եզրափակեց եղբ. Հրաչ Սիսեռեան։
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու ձեռամբ կատարուեցաւ իւրաքանչիւր մարզախաղի ընդհանուր դասաւորման լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած պատուիրակութիւններու բաժակատուչութիւն։ Յատուկ բաժակի արժանացաւ մարզախաղերու «Տիպար պատուիրակութիւնը»՝ ՀՄԸՄ Թիֆլիսը։
Մարզախաղերու լաւագոյն մարզիկի «Արմանտօ Թորգոմեան բաժակ»ին տիրացաւ Կարէն Չարլասարեան Աւստրալիայէն, իսկ լաւագոյն մարզիչի բաժակին՝ Հէրի Շիրիքճեան Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն։
Յայտնենք, որ լաւագոյն մարզիկի եւ մարզիկուհիի յուշանուէրները կրեցին նահատակ կամ վաստակաշատ հետեւեալ ՀՄԸՄականներու անունները.- Մանուէլ Հալլաճեան (աղջկանց վոլիպոլ), Պատրիկ Կիւլպէնկեան (տղոց պասքեթպոլ), Գառնիկ Մկրտիչեան (ֆութպոլ), Հրաչ Տէր Սարգիսեան (աթլէթ), Գէորգ Հաճեան (տղոց ֆութսալ), Գրիգոր Ղազարեան (աղջկանց ֆութսալ), Էրիկ Գալստեան (աղջկանց վոլիպոլ), Արտակ Մարտիրոսեան (աղջկանց 3x3 պասքեթպոլ), Արմէն Առուստամեան (տղոց 3x3 պասքեթպոլ), Մոսիկ Սեքլեմեան (լող), Արտակ Իշխանեան (փինկ-փոնկ), Հայկ Դերիկլեան (ճատրակ), Յարութ Բանոյեան (թենիս) եւ Յակոբ Աստարճեան (ծովափի վոլիպոլ)։
ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՎԵՐՋԻՆ
ՕՐՈՒԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Մարզախաղերու փակման հանդիսութեան նախորդեցին Ուրբաթ, 29 Յուլիսին ամբողջ օրը երկարած ֆութպոլի, ֆութսալի, պասքեթոլի եւ թենիսի կիսաւարտական ու աւարտական մրցումները, որոնց վերջնական արդիւնքները կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Ֆութպոլ
Աւարտական
Արեւմտեան Մ.Ն. - Աւստրալիա 3-1
3-4-րդ դիրքի մրցում
Երուսաղէմ - ՀՄԸՄ-Ֆրանս 6-1
Ընդհանուր դասաւորում
1. Արեւմտեան Մ.Ն.
2. Աւստրալիա
3. Երուսաղէմ
ՖՈՒԹՍԱԼ ՏՂԱՔ
Աւարտական
Հարաւային Ամերիկա - Լիբանան 6-0
3-4-րդ դիրքի մրցում
Սթոքհոլմ - Սուրիա 5-2
Ընդհանուր դասաւորում
1. Հարաւային Ամերիկա
2. Լիբանան
3. Սթոքհոլմ
ՖՈՒԹՍԱԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Աւարտական
ՀԱՍԿ (3) - Գանատա 6-0
3-4-րդ դիրքի մրցում
Աւստրալիա - Հարաւային Ամերիկա 1-0
Ընդհանուր դասաւորում
1. ՀԱՍԿ (3)
2. Գանատա
3. Աւստրալիա
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ՏՂԱՔ
Աւարտական
Արեւելեան Մ.Ն. - Արեւմտեան Մ.Ն. 81-49
3-4-րդ դիրքի մրցում
ՀՄԱԿ - Աւստրալիա 44-25
Ընդհանուր դասաւորում
1. Արեւելեան Մ.Ն.
2. Արեւմտեան Մ.Ն.
3. ՀՄԱԿ
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Աւարտական
Աւստրալիա (1) - Լիբանան 55-53
3-4-րդ դիրքի մրցում
Արեւմտեան Մ.Ն. - Աւստրալիա (2) 49-32
Ընդհանուր դասաւորում
1. Աւստրալիա (1)
2. Լիբանան
3. Արեւմտեան Մ.Ն.
Թենիս
Տղաք
Արամ (Արեւմտեան Մ.Ն.) - Սեւակ Մոմճեան (Արեւմտեան Մ.Ն.) 6-2, 6-3
Արմէն Չաղարբէկեան (ՀՄԱԿ) - Արմէն Եղիայեան (Լիբանան) 6-0, 6-0
Աւարտական
Արմէն Չաղարբէկեան (ՀՄԱԿ) - Արամ Քենտէրեան (Արեւմտեան Մ.Ն.) 6-0, 6-4
3-4-րդ դիրքի մրցում
Սեւակ Մոմճեան (Արեւմտեան Մ.Ն.) - Արմէն Եղիայեան (Լիբանան) 6-1, 6-1
Ընդհանուր դասաւորում
1. Արմէն Չաղարբէկեան (ՀՄԱԿ)
2. Արամ Քենտէրեան (Արեւմտեան Մ.Ն.)
3. Սեւակ Մոմճեան (Արեւմտեան Մ.Ն.)
Աղջիկներ
Աւարտական
Վանեսա Չիֆճեան (Լիբանան) - Միքայելլա Կարսիա (Հարաւային Ամերիկա) 6-3, 6-4
3-4-րդ դիրքի մրցում
Շողեր Թովմասեան (Պաղտատ) - Նոյեմի Յարութիւնեան (Հարաւային Ամերիկա) 6-2, 2-6, 7-5
Ընդհանուր դասաւորում
1. Վանեսա Չիֆճեան (Լիբանան)
2. Միքայելլա Կարսիա (Հարաւային Ամերիկա)
3. Շողեր Թովմասեան (Պաղտատ)