ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Երէկ, երեկոյեան ժամը 7-ին, համաՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու բոլոր մասնակիցները, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշամահամալիր եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Մեծ Եղեռնի նահատակաց յիշատակին։
Ծիծեռնակաբերդ հասնելով, ՀՄԸՄ-ի մարզիկ-մարզիկները կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով քալեցին մինչեւ անմառ կրակի յուշակոթողը։ Մուտքին, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան զետեղեց յարգանքի ծաղկեպսակ մը։
Յուշակոթողին մէջ, Մինաս Աբղ. Հախվերտեան Տէրունական աղօթքով եւ յատուկ շարականներով ոգեկոչեց յիշատակը «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ինկած մեր մէկուկէս միլիոն նահատակ սուրբերուն։ Ապա, մարզախաղերու մասնակիցներէն Յակոբ Թութուշեան (Հարաւային Ամերիկայէն) եւ Մեղրիկ Եագուպեան (Սուրիայէն) ՀՄԸՄ-ական նորահաս սերունդին յանձնառութիւնն ու պահանջատիրութիւնը արտայայտող խօսքեր փոխանցեցին ներկաներուն։
Աւարտին, Իզապէլ Մարգարեան (Աւստրալիայէն) կատարեց «Տէր ողորմեա»-ն, որմէ ետք հնչեց ՀՄԸՄ-ի քայլերգ «Յառաջ նահատակ»ը։

Տարածենք