ՄԻՋ-ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ 10-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ՇԵՇՏԵՑ ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

 

Աշխարհը երեք տարի ապրեցաւ անբնական պայմաններու մէջ։ Քորոնայի համաճարակը մահեր խլեց, երկիրներ անդամալուծեց, մարդիկը տուներու մէջ «բանտարկեց» եւ հաւաքական կեանքի վարժութիւններէն հեռացուց։

Բոլորին նման, Հ.Մ.Ը.Մ. եւս կրեց քորոնայի համաճարակին ծանր հետեւանքները.- միութիւնը սիրելի անդամներ կորսնցուց, ակումբները փակուեցան, սկաուտական եւ մարզական կեանքը կանգ առաւ։

Առցանց գործունէութիւնը չկարողացաւ փրկել կացութիւնը։ Պակսեցաւ մթնոլորտը, միութենական հարազատութիւնը եւ քով-քովի ըլլալու Հ.Մ.Ը.Մ.ական ջերմութիւնը։

2022-ի գարնան, բարեբախտաբար, կացութիւնը սկսաւ վերադառնալ բնականոն հուն։ Երեք տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով միութիւնը կազմակերպեց ֆիզիքական ներկայութեամբ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկ։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերը Հայաստանի մէջ համախմբեցին 850 մարզիկ-մարզիկուհիներ եւ «Հրաշք» խաղերու մասնակիցներ։

Այս բոլորէն ետք եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումէն առաջ, բնական է, որ միութեան կազմակերպական կառոյցը «ինքզինք հաւաքէր», վերակազմակերպուէր, նոր պայմաններու ընդառաջ նոր առաջնահերթութիւններ ճշդէր եւ մինչեւ Պատգմաւորական յաջորդ ժողով (Հոկտեմբեր 2023) միութեան գործունէութեան ուղին գծէր։

Իսկ այս բոլորը կատարելու համար անհրաժեշտ էր ոչ այլ բան՝ քան… միջ-դիւանական ժողով, որ սկզբունքով պէտք է գումարուեր տարի մը առաջ, երկու Պատգամաւորական Ժողովներու միջեւ ինկած ժամանակաշրջանի կիսուն։

Մէկ տարուան ուշացումով, միջ-դիւանական խորհրդաժողովը, 10-րդը միութեան պատմութեան մէջ, գումարուեցաւ 11-13 Նոյեմբեր 2022-ին, Պէյրութի մէջ, Լիբանան։

 

ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ

Դիւանական խորհրդաժողովներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, 10-րդ խորհրդաժողովը ունեցաւ բացման պաշտօնական հանդիսութիւն, որուն մասնակցեցան հոգեւոր առաջնորդներ, ազգային, կուսակցական եւ միութենական պատասխանատու դէմքեր։

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Պէյրութի արուարձաններէն Զալքայի «Ուորուիք Սթոն 55» պանդոկի սրահին մէջ, Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7.30-ին եւ ուղղակիօրէն սփռուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմատետրի էջով։

 

ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆԻՍՏԵՐԸ

Բացման պաշտօնական հանդիսութենէն օր մը ետք, Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, խորհրդաժողովին նիստերը ընթացք առին պանդոկի ժողովասրահին մէջ, ներկայութեամբ միութեան 8 Շրջանային եւ 14 Մեկուսի շրջաններէն ժամանած 31 ներկայացուցիչներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ հիւրընկալ երկրի՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամներու (անկախ՝ խորհրդաժողովի մասնակից դիւանի անդամներէն)։

Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ փորձառու դէմքերու կողքին նոր դէմքեր եւս կը մասնակցին խորհրդաժողովին։ Եղբ. Նաճարեան ըսաւ, որ խորհրդաժողովին մասնակից շրջաններուն թիւը նախորդէն երեք շրջան աւելի է։ Առաջին անգամ ըլլալով նման խորհրդաժողովի մը կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի, Թիֆլիսի, Առնհեմի (Հոլանտա) եւ Օրէպրուի (Շուէտ) շրջանները, մինչ գլխաւոր բացակաները կը հանդիսանան Յունաստանը, Վիեննան, Վալանսը, Ալքմարը, Աղեքսանդրիան, Մոսկուան եւ Միւնիխը։

Այնուհետեւ, օրակարգի յաջորդ կէտով, շրջաններու ներկայացուցիչ քոյրերն ու եղբայրները փաուըր-փոյնթով ներկայացուցին իրենց շրջաններու անդամական թիւերը (մարզիկ, սկաուտ, անդամներ), մասնաճիւղերու թիւերը եւ իրավիճակը, Պատգամաւորական վերջին ժողովէն՝ Հոկտեմբեր 2019-էն մինչեւ օրս կատարուած գլխաւոր իրագործումները, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ապագայի ծրագիրները։ Անոնք զեկուցեցին նաեւ քարոզչական, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, երիտասարդական եւ տնտեսական մարզերու մէջ իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին։ Իւրաքանչիւր զեկուցումին յաջորդեց հարցում-պատասխանի բաժին։

Զեկուցումներէն պարզուեցաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններուն մեծամասնութիւնը կը դիմագրաւէ ընդհանրական դժուարութիւններ.- նիւթականի եւ մարդուժի տագնապ, հայերէն լեզուի հարց, քորոնայի համաճարակէն ետք բնականոն կեանքի վերադարձի դժուարութիւն, նորաստեղծ մասնաճիւղերու պարագային ակումբներու չգոյութիւն եւ, ամէնէն շեշտուածը, Արցախեան վերջին իրադարձութիւններէն ետք՝ ընդհանուր յուսալքութեան, հիասթափութեան եւ յուսահատութեան մթնոլորտի տիրապետում քիչ մը ամէն տեղ։

Յիշեալ դժուարութիւններու առընթեր, խորհրդաժողովը գնահատանքով արձանագրեց, որ հակառակ տագնապալի հանգրուան մը բոլորած ըլլալուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանները իրենց գործունէութիւնը երբեք չեն դադրեցուցած։ Որդեգրած են առցանց գործունէութեան եղանակ եւ անդամական շարքերու հետ իրենց կապերը կարողացած են պահել կարելիութեան սահմաններու մէջ։ Առցանց գործունէութիւնը նոր հորիզոններ բացած է միութենական գործունէութեան դիմաց՝ հեռաւորութիւնները մօտեցնելով եւ ճամբորդութեան ու ժամանակի զգալի խնայողութիւն կատարելով։ 

Դժուարին պայմաններու մէջ նոյնիսկ կատարուած են կարգ մը իրագործումներ.- Ալմելոյի նոր կեդրոնի բացում, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գահիրէի եւ Պէյրութի ակումբներու, ինչպէս նաեւ Հալէպի պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի դաշտերու վերանորոգում եւ, ամէնէն յատկանշականը, Փարիզի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համաեւրոպական մարզահամալիրի կառուցման աշխատանքներու մեկնարկ։

Կազմակերպական գետնի վրայ, վերականգնած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի եւ Վեսթերոսի մասնաճիւղերը, վերաշխուժացած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ամմանի, Երուսաղէմի, Հայֆայի եւ Եաֆայի մասնաճիւղերը, նոր մասնաճիւղ մը հիմնուած է Շուէտի Օրէպրու քաղաքին մէջ եւ սկաուտական կորիզ մը ստեղծուած է Տէրիքի մէջ, Սուրիա։

 

ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐՈՒԱՆ ՆԻՍՏԵՐԸ ԵՒ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄՆԵՐԸ

Խորհրդաժողովին երկրորդ օրուան նիստերը, Շաբաթ, 12 Նոյեմբերին, յատկացուեցան Կեդրոնական Վարչութեան անցնող երեք տարիներու աշխատանքներու զեկուցման եւ ապագայի ծրագիրներու ներկայացման։

Առաւօտեան առաջին նիստին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան խօսեցաւ կազմակերպական մտահոգութիւններու մասին եւ կատարեց վարչական-դիւանական շարք մը փոխանցումներ։

Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ սկաուտականի ներկայացուցիչ քոյր Թալին Օրտողլեան խօսեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած «Արարատեան» կարգի դասընթացքին, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի «Վկայեալ» կարգերուն, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումին եւ սկաուտական գիրքերու մասին։

Մարզական գործունէութեան մասին (համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղեր, առցանց խաղեր եւ «Հայ մարզիկի օր»ուան հռչակում) հանդէս եկաւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտ Քիլիճեան։

Նորաստեղծ երիտասարդական բաժանմունքին աշխատելաձեւը ներկայացուց եւ երիտասարդական երկրորդ համագումարին մասին զեկուցեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Օշին Փիրումեան, մինչ Կեդրոնական Վարչութեան քարտուղար եղբ. Վիգէն Աւագեան խօսեցաւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին եւ անցնող երեք տարիներուն նորութիւնը հանդիսացող, քարոզչական յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին։

Շրջաններու նիւթական պարտաւորութիւններու մասին արտայայտուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահ քոյր Թալին Օրտողլեան, իսկ տնտեսական ծրագիրներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վահէ Թանաշեան։

Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆոնտերու («Եկամտաբեր հիմնադրամ», «Գառնիկ Մկրտիչեան ֆոնտ», «Միհրան Շիմշիրեան ֆոնտ», «Ժիրայր Սարգիսեան ֆոնտ») յանձանձումի եղանակին, համահայկական ամառնային (2023) եւ ձմեռնային (2024) մարզախաղերուն։

Աւարտին, խորհրդաժողովին մասնակիցները շեշտեցին միութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները յարատեւ եւ միասնական ճիգով յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը, 2023-ին համար ճշդուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական նախաձեռնութիւնները (երիտասարդական Բ. համագումար, «Արարատեան» եւ «Վկայեալ» կարգերու դասընթացքներու ամբողջացում, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակում, Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողով…)  յաջողութեամբ պսակելու եւ միութիւնը նոր վերելքի առաջնորդելու համար, ետին ձգած քորոնան եւ իր տխուր հեւեւանքները, ուսանելի դասեր քաղած առցանց գործունէութեան կարելիութիւններէն եւ գործնական դիւրութիւններէն։

Յայտնենք, որ միջ-դիւանական 10-րդ խորհրդաժողովը աւարտեցաւ վեց նիստերու երկարատեւ քննարկումներէ ետք։ Փակումը կատարուեցաւ Շաբաթ, 12 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով։

Տարածենք