Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ Կատարուած Շքեղ Տողանցքով Ու Պաշտօնական Հանդիսութեամբ ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Ազդանշանը Տուին ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Յոբելենական Տօնակատարութիւններուն

 

Շաբաթ, 22 Յուլիսի երեկոյեան, Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ կատարուած շքեղ տողանցքով եւ պաշտօնական հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի յոբելենական տարուան տօնակատարութիւններուն, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 2018-ի աւարտ։
Տողանցքն ու հանդիսութիւնը կատարուեցան համաՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն առիթով, որոնք 19 շրջաններէ եւ Թեհրանի «Արարատ» ու «Նայիրի» միութիւններէն Հայաստան համախմբած են 1250 մարզիկ-մարզիկուհիներ, իրաւարարներ, մարզական պատասխանատուներ, ծնողներ ու բարեկամներ։ Մարզախաղերը երեք օրէ ի վեր արդէն ընթացք առած են Երեւանի զանազան դաշտերուն վրայ։

ՏՈՂԱՆՑՔԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ
10-րդ մարզախաղերու տողանցքի եւ բացման հանդիսութեան նախօրեակին, Շաբաթ, 22 Յուլիսի յետմիջօրէին, մասնակիցները հաւաքուեցան Երեւանի պետական օփերայի «Արամ Խաչատուրեան»-ի անուան սրահը, ուր ծանօթացան մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմնի անդամներուն, մարզախաղերու օրէնքներուն եւ ՀՄԸՄ-ական տիպար մարզիկի բարոյական յատկանիշներուն։ Անոնք դիտեցին նաեւ ՀՄԸՄ-ը եւ անոր մարզական շարժումը ծանօթացնող տեսանիւթ մը։ Ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեան։
Ապա, մարզախաղերու մասնակից 21 շրջանները ներկայացնող մարզիկ-մարզիկուհիներ ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի նահատակաց յուշահամալիր, որուն անմար կրակէն վառեցին մարզախաղերուն ջահը եւ փոխն ի փոխ վազելով, Ծիծեռնակաբերդէն փոխադրեցին մինչեւ «Հանրապետութեան» հրապարակ։ Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ջահակիր մարզիկ-մարզիկուհիներուն իր խօսքը փոխանցեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վիգէն Քորթեան։

ՏՈՂԱՆՑՔԸ
ՀՄԸՄ-ի «մարզական բանակ»ին սպասուած տողանցքը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7.15-ին, օփերայի «Ազատութեան» հրապարակէն մինչեւ «Հանրապետութեան» հրապարակ։ Տողանցքը առաջնորդեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբը, Հայաստանի, ՀՄԸՄ-ի, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ 100-ամեակի դրօշակակիրները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտական պատուոյ խումբի անդամները։
Տողանցողները, պատուիրակութիւններու այբուբենական կարգով եւ լման կազմով «Հանրապետութեան» հրապարակ հասան եւ իրենց վերապահուած տեղերը գրաւեցին հրապարակը լեցուցած բազմահազար ժողովուրդի քաջալերական ծափերով։

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Տողանցքի աւարտին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով ընթացք առաւ 10-րդ մարզախաղերու բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն հետ ազդանշանը տրուեցաւ միութեան 100-ամեակի յոբելենական տօնակատարութիւններուն։
Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններու ներկայացուցիչները՝ Վարդան Եպս. Նաւասարդեան եւ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի մարմնամարզի եւ երիտասարդական հարցերու, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպանութեան փոխ նախարարները, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, Հայաստանի մէջ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի դեսպանները, քորէական ազգային սկաուտութիւնը ներկայացնող բազմանդամ պատուիրակութիւն մը, մարզախաղերու նախագահ տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու ատենապետներ եւ հայրենի հիւրեր։
Հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Վարդան Եպս. Նաւասարդեան, որ ընթերցեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ողջոյնի գիրը։ Իր գիրին մէջ, Գարեգին Բ. նկատել կու տար, որ մարզախաղերը ՀՄԸՄ-ական մարզիկներուն համար առիթ են ծանօթանալու իրենց հասակակիցներուն, ճանչնալու հայրենիքը եւ մեր հոգեւոր ու մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը։ Գարեգին Բ. կը մաղթէր, որ հայրենիքի մէջ ապրուած գեղեցիկ օրերու տպաւորութիւնները անջնջելի մնան բոլոր մասնակիցներու հոգիներուն մէջ եւ անոնք յաւէտ ապրին մեր երկրին ու անոր հայրենական արժէքներով։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան ընթերցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը։ Արամ Ա. իր գիրով կը հաստատէր, որ անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին ՀՄԸՄ¬ը իր աշխարհացրիւ կառոյցներով ու անդամներով եղաւ տիրական ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու գանձարանը ու դպրոցը դարձաւ ՀՄԸՄ¬ը։ Ազգին ու հայրենիքին պատկանելիութեան խոր գիտակցութեամբ եւ այդ պատկանելիութիւնը յանձնառու ծառայութեան վերածելու նախանձախնդրութեամբ, ՀՄԸՄ¬ը կարեւոր ներդրում բերաւ մեր ժողովուրդին՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի գաղութներէն ներս։
Արամ Ա. կը նշէր նաեւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ գնահատողը եղած է մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս գործող բոլոր միութիւններու շարքին նաե՛ւ ՀՄԸՄ¬ին։ Իր առաքելութեան 100¬ամեակի սեմին, վստահ ենք որ ՀՄԸՄ¬ը պիտի վերանորոգէ իր հաւաքական ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու Հայաստանի առաւել ծաղկման, Արցախի անկախութեան առաւել ամրապնդման, Սփիւռքի առաւել կազմակերպման եւ պահանջատիրական պայքարին առաւել զօրացման։
Ապա, մարզախաղերու հիւըընկալ շրջանի՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց շրջանի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան։ Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով կատարուող 10-րդ մարզախաղերը կը վկայեն, որ միութիւնը մէկ դարէ ի վեր չէ դաւաճանած իր առաքելութեան եւ սկզբունքներուն՝ ըլլալով ամուր, յաջողած եւ ազնիւ գաղափարի ծառայող կառոյց։ Կառոյց, որ միասնական մէկ բռունցք է։ Կառոյց, որ կը համախմբէ հայ երիտասարդութիւնը՝ անկախ անոր ապրած վայրէն։ Կառոյց, որ բոլորը կը համախմբէ հայրենիքի գաղափարի շուրջ։
ՀամաՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմնին անունով խօսք առաւ մարմնի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան եւ ըսաւ, որ նման մարզախաղերու կազմակերպման նպատակը մարզախաղերը չեն միայն, այլ՝ հայրենի հողին վրայ մեր երիտասարդութիւնը քով-քովի բերելը եւ միասնաբար հայրենիքը վայելելը մարզական եւ ՀՄԸՄ-ական առողջ մթնոլոտի մէջ։
Ներկաներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց համաՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու նախագահ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ Սարգիս Տէր Պետրոսեան։ Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ը միշտ երիտասարդ այն միութիւնն է, որ իր անդամներուն կը փոխանցէ ազգային դաստիարակութիւն, հայրենասիրութիւն եւ մէկ ազգի պատկանելիութեան գիտակցութիւն։ ՀՄԸՄ-ը չծերացող միութիւն է, որովհետեւ անոր շարքերը տեւաբար կը նորոգուին երիտասարդական խանդով եւ աւիւնով։ Երիտասարդութիւնն է մեր ներկան եւ ապագան։ Ան է որ այս միութիւնը պիտի առաջնորդէ իր երկրորդ 100-ամեակին, ընդգծեց Տէր Պետրոսեան։
Յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան։ Ան ՀՅԴ Բիւրոյի անունով ողջունեց համաՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու մասնակիցները եւ ըսաւ, որ այս մարզախաղերը լաւ առիթ են արժեւորելու մեր ամէնէն տարածուն եւ ամէնէն փորձառու երիտասարդական կառոյցին դերն ու առաքելութիւնը մեր կեանքին մէջ։
Ինչպէս 100 տարի առաջ,- նշեց Ռուստամեան,- նաեւ այսօր կարեւոր առաքելութիւն ունի ՀՄԸՄ-ը համաշխարհայնացած մեր ընկերութեան մէջ, ուր երիտասարդութիւնը կը դիմագրաւէ գայթակղեցուցիչ օտար հոսանքներու եւ գաղափարներու զոհը դառնալու մնայուն վտանգը։ ՀՄԸՄ-ը կը հանդիսանայ այն փրկարար ուժը, որ բոլորը կառչած կը պահէ իրենց արմատներուն, աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն, ազգային ու պետական մեր նպատակներուն։
Շարունակելով, Ռուստամեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ը այսօր պէտք է օրինակ դառնայ երիտասարդական մեր բոլոր կառոյցներուն։ ՀՄԸՄ-ական մարզիկն ու մարզիկուհին պէտք է շարունակողները ըլլան այն ժառանգութեան, զոր իրենց փոխանցուած է միութեան հիմնադիրներուն եւ անոնց գործը շարունակած նուիրեալ սերունդներուն կողմէ։ Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, անհրաժեշտ է միութենական յանձնառութիւն ունենալ, որովհետեւ մենք ազգովին լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք, ըսաւ ան։ Ռուստամեան նշեց նաեւ, որ այսօր որքան որ մեզի անհրաժեշտ է ֆիզիքապէս ամուր երիտասարդութիւն, նոյնքան եւ աւելի անհրաժեշտ է ոգեղէն ամրութեամբ հզօր երիտասարդութիւն։
Իր խօսքը ներկայ ՀՄԸՄ-ականներուն ուղղելով, Ռուստամեան ըսաւ. ձեր կարգախօսին համաձայն, դուք միշտ պիտի ձգտիք որ հայ մարդը բարձրանայ եւ իր բարձրացնէ նաեւ իր ազգակիցը, որպէսզի բոլորս միասին բարձրացնենք պատիւն ու յարգանքը մեր երկրին նկատմամբ, բարձր պահելու համար մեր յաղթական դրօշը, հասնելու համար մեր երազած ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին։
Խօսք առաւ նաեւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Ան յայտնեց, որ «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ կը թեւածէ հպարտութիւն, խանդավառութիւն, ոգեւորութիւն եւ սէր։ Դուք հպարտութեամբ այստեղ կանգնած՝ կը խորհրդանշէք մեր ազգին միասնութիւնն ու միակամութիւնը 2800 տարեկան դարձող մեր մայրաքաղաքի սրտին մէջ։ Երեւանը մեր հոգեւոր մայրաքաղաքն է, որ այսօր մագնիսի նման իրեն կը քաշէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, աւելցուց ան։
Յակոբեան խորհրդանշական գտաւ մարզախաղերու ջահին Ծիծեռնակաբերդէն բացավառումը եւ ըսաւ, որ մեր սուրբ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրէն բերուած ջահով այս պահուն կը բոցավառին մեր հոգիներն ու սրտերը, որպէսզի մենք գործենք յանուն Հայաստանի, յանուն հայութեան եւ յանուն հայ մարդուն։
100 տարի առաջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները ցանեցին միութեան սերմերը, որոնք հասունցան, զօրացան եւ 100 տարուան փորձութիւններուն դիմացան, շեշտեց Յակոբեան։ Ապա, ան ըսաւ, որ եթէ պատմութեան անիւը 100 տարին անգամ մը շրջադարձ կը կատարէ, ուրեմն ՀՄԸՄ-ը այսօր կանգնած է այդ շրջադարձի դիմաց։ 100 տարուան իմաստութեամբ եւ փորձառութեամբ միութեան 1000-ամեակը դիմաւորելու համար երիտասարդական աւիւնով եւ խենթութեամբ յառաջ ընթացէք, յաջողութիւններ նուաճեցէք, մրցունակ մասնագէտներ դարձէք եւ մնացէք հզօր, ուժեղ հայեր, թելադրեց Յակոբեան։
Այնուհետեւ, պաշտօնական հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մեծագոյն մարզախաղերն են, որ այսօր ընթացք կ’առնեն անկախ Հայաստանի դրօշին առաջնորդութեամբ, հայրենի պետութեան լայն աջակցութեամբ եւ Սփիւռքի նախարարութեան անվերապահ օժանդակութեամբ։ Մարզախաղերը կը նախագահեն Սիտնիէին, բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ, որոնք իշխանական նուիրատուութեամբ մը կարելի կը դարձնեն այս մարզախաղերուն կազմակերպումը Հայաստանի մէջ։
Մկրտիչեան հաստատեց, որ այս մարզախաղերուն, 10 օրեր շարունակ, ՀՄԸՄ-ական մարզիկ-մարզիկուհիներ պիտի մրցին 9 մարզաձեւերու մէջ, պիտի յաղթեն ու պարտուին, սակայն բոլորը պիտի շահին հայրենի հողին վրայ ըլլալու, հայրենիքով ապրելու եւ հայրենիքով զօրանալու մեծ ուժը։ Հայրենիքը պիտի վերագտնէ իր հարազատ զաւակները, իսկ զաւակները պիտի գտնեն այն հայրենիքը, որ ՀՄԸՄ-ական իրենց դաստիարակութեամբ, իրենց մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ է արդէն, իրենց ամէնօրեայ ապրումներուն եւ զգացումներուն մէջն է անպայման։
Մկրտիչեան նաեւ դիտել տուաւ, որ 108 մասնաճիւղերու միութիւնն է ՀՄԸՄ-ը։ Ան ունի նման մարզախաղեր կազմակերպելու 100 տարուան կենսափորձ։ Պոլսոյ ողիմպիականներէն մինչեւ Միջին Արեւելքի երբեմնի միջ-մասնաճիւղային խաղեր, հասնելու համար 1981-ին ընթացք առած այս մարզախաղերը ՀՄԸՄ-ին ապահոված են հայ մարզական կեանքին յառաջատար միութիւնը ըլլալու իրաւունքը։
Այս մարզախաղերը ո՛չ միայն մեծագոյնն են ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ, այլեւ՝ ամէնէն յիշատակելին են ցարդ կատարուած բոլոր մարզախաղերու շարքին,- ընդգծեց ան,- որովհետեւ այսօր, 10-րդ այս մարզախաղերու բացումով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը բացումը կը կատարէ միութեան 100-ամեակի յոբելենական տարուան։ Բացման այս հանդիսութենէն սկսեալ եւ մինչեւ 2018 թուականի աւարտ, ՀՄԸՄ արժանավայել շուքով կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, որ կը զուգադիպի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին։ ՀՄԸՄ եւ Առաջին Հանրապետութիւն հոգեհարազատներ են։ ՀՄԸՄ 100 տարի կրած ու պահպանած է ազգային այն արժէքները, որոնք դարբնուած են Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեամբ։
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի մարզական բանակը յառաջիկայ 10 օրերուն ազնիւ մրցակցութեան եւ արդար խաղի լաւագոյն օրինակները պիտի տայ մարզասէր մեր հանրութեան։ ՀՄԸՄ-ական տղաքն ու աղջիկները անհատական թէ խմբային իրենց յաջողութիւններով պիտի բարձրանան եւ իրենց հետ հայութիւնն է որ պիտի բարձրացնեն ամուր, պայծառ եւ շէնշող Հայաստանի մը տեսիլքով։
ՀՄԸՄ տեսիլքներու հաւատացող միութիւն է։ 28 տարի համաՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը հայրենիքէն դուրս կատարելով, ան տեւական տեսիքը ունեցաւ այդ մարզախաղերը Հայաստանի մէջ կատարելու։ Այսօր, արդէն 3-րդ անգամն է, որ այդ մարզախաղերը կը կատարուին Հայաստանի մէջ, 2009-ի եւ 2013-ի յաջող փորձառութիւններէն ետք։ ՀՄԸՄ-ի տեսիլքն է, որ այս մարզախաղերը մօտալուտ ապագային կատարուին աւելի հզօր ու աւելի բարգաւաճ Հայաստանի մը մէջ, եզրափակեց ան։

10-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ
ՋԱՀԻՆ ԲԱՑԱՎԱՌՈՒՄԸ
Խօսքերու աւարտին, ներկաները ողջունեցին Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ «Հանրապետութեան» հրապարակ փոխն ի փոխ ջահը փոխադրած 21 մարզիկ-մարզիկուհիները, առաջնորդութեամբ ծանրամարտի Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան Նազիկ Աւդալեանի։ Ջահը հասաւ ջահավառութեան պատուանդան, ուր բազմահազար ներկաներու ծափողջոյններով եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին հանդիսաւոր յայտարարութեամբ բոցավառեցաւ ան՝ ազդանշանը տուաւ թէ՛ 10-րդ մարզախաղերու եւ թէ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն պաշտօնական բացման։
Տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկի երդում, զոր կատարեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի մարզիկներէն Անդրանիկ Սարգիսեան։
Ապա, մինչեւ հանդիսութեան համերգային յայտագիրին անցումը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ը եւ մարզական անոր շարժումը ծանօթացնող տեսանիւթի մը ցուցադրութիւնը։

ՀԱՄԵՐԳԱՅԻՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ
ԵՒ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Երեկոյեան ժամը 9-ին, սկսաւ հանդիսութեան համերգային բաժինը, ուր ժողովրդային, ազգային-հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչ-երգչուհիներ՝ Ռուբէն Սասունցի, Աննա Խաչատրեան, Նարեկ Բաւէեան, Սոնա Շահգելդեան, Արսէն Գրիգորեան, Նարէ Գէորգեան, Վարդան Պատալեան, Անահիտ Շահպազեան, Էրիկ Կարապետեան, Արաբօ եւ Ներսիկ Իսպիրեաններ, Գաբի Գալոյեան, Նարինէ Դովլաթեան եւ Սոֆի Մխէեան։
Համերգային յայտագիրը փակուեցաւ Երեւանի երկինքը գեղեցկօրէն զարդարող հրավառութեամբ։

Տարածենք