ՄԻՋ-ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ 10-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ԱՒԱՐՏԻՆ՝ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՅԱՒԷՏ ԲԱԺՆՈՒԱԾ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ, ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՀԵՏ, ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ՝ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄՈՎ

 

Միջ-դիւանական 10-րդ խորհրդաժողովի աւարտին, Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան, խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք եւ ներկայ գտնուեցան ննջեցեալ եւ նահատակուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յիշատակին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած հոգեհանգստեան պաշտօնին՝ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

 

ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ-ՄԱՏՐԱՆ…

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, աշխարհի 22 երկիրներէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու պատուիրակութիւնը, Կեդրոնական Վարչութեան կազմին առաջնորդութեամբ, ծաղկեպսակի մատուցումով յարգանքի իր տուրքը մատուցեց Մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան-մատրան։

Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն եւ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն ողջունեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանէն խումբ մը սկաուտներ, որոնք երկշարք կանգնած եւ «Պատուի ա՛ռ» դիրքով յատուկ շուք տուին յարգանքի արարողութեան։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շեփորախումբը արարողութեան ազդանշանը տուաւ «Մահերգ»ով, ապա նուագեց Հայաստանի, Լիբանանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քայլերգները։

 

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Այնուհետեւ, պատուիրակութեան անդամները այցելեցին վեհարան եւ ստացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառին Հայրապետական օրհնութիւնները եւ խրախուսական խօսքերը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմանդամ պատուիրակութիւնը ողջունելով, Արամ Ա. Վեհափառ ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր համահայկական առաքելութեամբ ո՛չ միայն հոգեւոր տունը դարձած է ողջ հայութեան, այլ նաեւ ազգային տունը` մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, առանց խտրութեան: «Անթիլիասին խօսքը իր գո՛րծն է: Այս յանձնառութեամբ իր առաքելութիւնը կը կատարէ հայրապետական այս Ս. Աթոռը: Անոր առաքելութիւնը միայն կրօնական պարունակի մէջ պէտք չէ դիտել, այլ` համաժողովրդային ու համահայկական: Այս առաքելութեան մշակներն են, հայ հոգեւորականին կողքին, ազգանուէր գործունէութիւն ծաւալող մեր միութիւնները ու կազմակերպութիւնները, որոնցմէ մէկն է Հ.Մ.Ը.Մ.ը», յայտնեց ան:

Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերը գնահատելով, Արամ Ա. Վեհափառ շեշտեց, որ հայրենիքին ու ազգին գերագոյն իտէալներուն իրականացման նկատմամբ մեր ունեցած հաւաքական առաքելութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը: «Անիկա սոսկ մարմնակրթական կազմակերպութիւն մը ըլլալէ անդին, մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական, ազգային, մշակութային ու պահանջատիրական արժէքները իր մէջ բովանդակող միութիւն մը եղած է», ըսաւ Վեհափառը:

Այցելութեան ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան Արամ Ա. Վեհափառին յանձնեց միութեան կողմէ պատրաստուած յուշանուէր մը, որուն վրայ քանդակուած էր անոր հետեւեալ խօսքը. «Հ.Մ.Ը.Մ.ը սովորական իմաստով մարմնամարզական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ առաքելութիւն է` իր էութեամբ ու նպատակով»:

 

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Հ.Յ.Դ.Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏԻՆ

Ապա, խորհրդաժողովի մասնակիցները մեկնեցան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 132-ամեակին առիթով ներկայ գտնուելու կուսակցութեան նահատակ եւ ննջեցեալ անդամներու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի։

Գերեզմատան մէջ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան պանթէոնին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին կողմէ ծաղկեպսակի զետեղում՝ ձեռամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանի։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ միութեան երկարամեայ ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի շիրիմը եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով յիշեց ու գնահատեց միութեան մեծ երախտաւորին անմոռանալի վաստակը։

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ

Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն վերջին կանգառը եղաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութեան անդամները ծանօթացան տեղւոյն մատրան, բացօթեայ խորանին, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող առաջնորդող որմնաքանդակներուն եւ 1915-ի եղեռնագործութեան խոցը ներկայացնող յուշարձանին։

Յուշակոթողին առջեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը դիմաւորեց Դպրեվանքի տեսչական կազմը, գլխաւորութեամբ տեսուչ Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի։ Տեղի ունեցաւ աղօթք, ծաղկեպսակի զետեղում, ապա՝ Պարոյր Վրդ. կարճ խօսքով մը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին իմաստն ու թելադրականութիւնը, իբրեւ երկինք խոյացող կոթող, որ կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի կամքն ու պայքարի ոգին։ Պարոյր Վրդ. ծանօթացուց նաեւ վանքին մէջ գործող դպրեվանքը՝ իր 92-ամեայ առաքելութեամբ եւ մեր ժողովուրդին ծառայութեան համար եկեղեցական թէ աշխարհական մշակներ պատրաստող հոգեմտաւոր կեդրոն։

Իր խօսքին աւարտին, տեսուչ Պարոյր Վրդ. Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը պատուեց յուշանուէրով մը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ Ս. Աստուածածին վանքին հրաժեշտ տուին խմբանկարով մը։

Յայտնենք, որ թէ՛ Անթիլիասի եւ թէ՛ Պիքֆայայի մէջ կատարուած արարողութիւնները ուղղակիօրէն սփռուեցան միութեան դիմատետրի էջով։

Տարածենք