Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԱՇԽՈՅԺ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԸ
17-18 Սեպտեմբեր 2022-ի շաբաթավերջը բաւական հետաքրքրական անցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի ապագայ սկաուտական խմբապետական կազմին համար։ Արդէն բաւական հմտացած թեկնածուները սկսած են իրենք ղեկավարել խումբի աշխատանքները, ծրագիր կազմել եւ գործնականացնել զայն։
Կիրակի, 17 Սեպտեմբերին, աշխատանքը ղեկավարեցին քոյր Վիկա Մկրտչեանն ու Գեղամ Բեգլարեանը։ Աշխատանքին բացումը կատարուեցաւ նահատակ Բեկորի՝ Աշոտ Ղուլեանի կիսանդրիին առջեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգին խմբերգումով։ Կիսանդրին երկու շաբաթ առաջ զետեղուած էր թիւ 2 դպրոցին բակը, ուր յաճախած էր ան։ Ապա, օրուան աշխատանքը շարունակուեցաւ մարզանքով, որուն յաջորդեց Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի զինանշանին իմաստները բացատրող դասախօսութիւնը։ Այնուհետեւ խաղի ժամն էր։ Խումբը ծանօթացաւ Գիմի խաղին եւ բոլորն ալ բացառիկ յիշողութեամբ կատարեցին զայն, ապա երկու խումբի բաժնուած՝ քոյր-եղբայրները մեծ հաճոյքով ունեցան պասքեթպոլի մրցում մը, որուն յաջորդեցին սկաուտական շարքային աշխատանքներ եւ պատուոյ հարթակի հիւրերը բարեւելու ձեւի ուսուցում։ Օրուան ծրագիրը եզրափակուեցաւ ցարդ սորված գիտելիքներու վերաքաղով։
Կիրակի, 18 Սեպտեմբերին, պատասխանատուն քոյր Տաթեւ Մարտիրոսեանն էր։ Բացման արարողութենէն, մարզանքէն, սկաուտական նոր երգեր ու խաղեր սորվելէ ետք, քոյր Տաթեւը քանի մը հաճելի հանելուկներ ներկայացուց եւ դասախօսեց «Լիզպոն հինգ»ի մասին։ Օրուան երկրորդ դասախօսութեան նիւթն էր՝ սկաուտական բանակումները եւ անոնց վայրերու ընտրութիւնը, անհրաժեշտ իրերու ապահովումը եւ անոնց ընթացքին աշխատանքներու ծրագրումը։ Յաջորդ շաբթուան համար, իւրաքանչիւր մասնակիցի պարտականութիւն տրուեցաւ ազգային հերոս մը ընտրելու, գրաւոր տեղեկութիւններ հաւաքելու անոր մասին եւ աշխատանքային յաջորդ ծրագիրին ներկայացնելու զայն։ Պարտականութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ ընկալուեցաւ։ Օրուան աշխատանքը եզրափակուեցաւ «Ով հայ Արի» սկաուտական քայլերգով։ Այնուհետեւ, խումբը հրաւիրուեցաւ միասնական ճաշի։
Յայտնենք, որ սկաուտական այս խմբակը ինքնաբուխ մասնակցեցաւ Արցախի անկախութիւնն ու արցախահայութեան ապահովութիւնը պահանջող Ստեփանակերտի հրապարակի հաւաքներուն։