Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍԿԱՈՒՏ ԽՄԲԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ

 

Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2022-ի կէսօրուան ժամը 1-ին, Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցի մուտքին զետեղուած ազգային հերոս Բեկորի կիսանդրիին դիմաց, «Յառաջ նահատակ» քայլերգով սկիզբ առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղին սկաուտ խմբապետներուն աշխատանքը։ Արդէն բաւական փորձառութիւն ձեռք բերած Հ.Մ.Ը.Մ.ի ապագայ խմբապետները աւելի ինքնավստահ ու հաւատքով սկսան իրենց աշխատանքը, զոր լաւապէս ղեկավարեցին քոյրեր Ալինա Ասրեան եւ Անի Իսրայէլեան։ Օրուան աշխատանքներուն հետեւեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Դաւիթ Գրիգորեան։

Մարզանքի կատարումէն ետք խումբը անցաւ դասարան, ուր քոյր Աննա Գաբրիէլեան խօսեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Ջիւան Աբրահամեանի մասին։ Ապա, քոյր Անի Իսրայէլեան ներկայացուց կենսագրութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն Յովհաննէս Հինդլեանին, իսկ քոյր Ալինա Ասրեան՝ Շաւարշ Քրիսեանին։ Օրուան գլխաւոր նիւթը «Ազգ եւ հայրենիք»ն էր, որոնց մասին լայն բացատրութիւններ տուաւ քոյր Մարօ Քէշիշեան։

Այնուհետեւ, մասնակիցները բաժնուեցան երկու խումբի եւ վարժարանին շրջակայքը մեծ ոգեւորութեամբ հետախուզական նշաններով յաջող արշաւ մը կատարեցին։ Ապա, հաւաքուեցան դպրոցին մարզադաշտը եւ սկաուտական խաղերով հաճելի ժամանց մը ունեցան։ Անոնք յատկապէս յիշեցին Ուաշինկթընէն Ստեփանակերտ այցելած քոյր Կալին եւ խաղացին անոր սորվեցուցած գաւազաններով խաղը։ Օրուան սկաուտական աշխատանքը վերջ գտաւ յետմիջօրէի  ժամը 3.30-ին։ Արի-արենոյշները տուն մեկնեցան, յաջորդ օրը դարձեալ հանդիպելու խոստումով։

Տարածենք