Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ՊԱՏՐԱՍՏ՝ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԻՐ ՇԱՐՔԵՐԸ ԽՏԱՑՆԵԼՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՊԱԳԱՅ 17 ԽՄԲԱՊԵՏՆԵՐ ՏՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԵՐԴՈՒՄԸ

 

Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2022-ը յիշատակելի օր մը եղաւ արցախահայութեան համար։ Երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Ստեփնակերտի Շարլ Ազնաւուրի անուան սրահը բերնէ բերան լեցուն էր մեծ թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ասէր հայորդիներով, որոնք համախմբուած էին ներկայ գտնուելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի ապագայ խմբապետներու սկաուտական երդման արարողութեան։

Սրահ փութացած էին Անդրէաս Քհնյ. Թաւատեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ Դաւիթ Իշխանեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեան, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Արցախի Ազգային Ժողովի անդամ եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթիւր Մոսիեան, Արցախի Ազգային Ժողովիի անդամ Վահրամ Բալայեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝ Ալիոնա Դաւիթեան, Արա Պուլուզեան եւ Ժիրայր Շահիճանեան, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսեան, մեծ թիւով ծնողներ եւ հիւրեր։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ մասնաճիւղի արի-արենոյշներու խորհրդաւոր մուտքով։ Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշներու առաջնորդութեամբ, անոնք սրահի երկու կողմէն հաստատակամ քայլերով բարձրացան բեմ եւ ոգեւորութեամբ խմբերգեցին Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները։ Ապա, ներկաները հրաւիրուեցան վայրկեան մը յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեր հին ու նոր բոլոր նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը տուին Արցախի եւ արցախահայութեան պաշտպանութեան մարտերուն։

 

ՔՈՅՐ ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏԻ ԽՕՍՔԸ

Ներկաներուն բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց քոյր Մարօ Քէշիշեան, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ գործուղուած է Արցախ, վերակազմաւորելու վիրաւոր Արցախի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մեկուսի մասնաճիւղը։

«Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.,

««Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր» իմաստալից նշանաբան,

««Առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ» կարգախօս,

««Մի՛շտ պատրաստ» սկաուտական կարգախօս,

«Տիպար քաղաքացի, ազգանուէր հայ,

«Հաւատացեալ քրիստոնեայ,

«Ազգի ու հայրենիքի նուիրեալ ծառայ,

«Հայակերտման դարբնոց,

«Բարոյական իմաստ ունեցող գաղափարախօսութիւն եւ նպատակներ,

«Ահա ա՛յս է Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ այս ալ պիտի շարունակէ մնալ»։ Այս հաստատումներով քոյր Մարօ Քէշիշեան ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ իր արմատները ամրապնդած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի երդուեալ խմբապետական կազմը ո՛չ միայն մեր պատանիները պիտի դաստիարակէ, այլեւ՝ նուիրումով եւ յարատեւ աշխատանքով պիտի դառնայ մեր սիրելի Արցախի ապագայ նուիրեալ ղեկավարները։

Ապա, հպանցիկ ակնարկ մը նետելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներուն, պատմական անցած ուղիին, Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ծաւալած իր աշխատանքերուն, համագաղութային եւ այնուհետեւ համահայկական դիմագիծ ստացած հսկայ այս կազմակերպութեան նուաճումներուն, հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը յաջողած է իր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ իր գաղափարախօսութեան եւ նպատակներուն մէջ դրած է բարոյական իմաստ։

«Եւ այսօր, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի յատուկ հպարտանքով կը յայտարարեմ, որ համահայկական կառոյցի վերածուած Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր արմատները կ’ամրապնդէ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ եւ դուք քիչ ետք ականատես պիտի ըլլաք այդ արմատները հզօրացնող սկաուտական խմբապետական կազմի հրապարակային երդման արարողութեան։ Ես  կասկած չունիմ, որ այս կազմը նուիրումով պիտի գործէ եւ պիտի կարենայ իր շուրջ համախմբել խտացած սկաուտական շարքեր, որոնք ազգային ոգիով լեցուած, նուիրումով պիտի գործեն Արցախի Հանրապետութիւնը հզօրացնելու տնտեսական, քաղաքական, կրթական, գիտական, մշակութային եւ մարմնամարզի մարզերէն ներս։ Պիտի դառնան իսկական բանակ, պիտի շարունակեն մեր անմահ նահատակ հերոսներու կիսատ ձգած գործունէութիւնը, մինչեւ որ Արցախը ազատագրուի, Հադրութը, լուսաշող Շուշին եւ մեր ապրօինի գրաւուած հողը վերադարձնեն իրենց իսկական տէրերուն, քաջարի արցախցիներուն եւ հպարտօրէն շարունակեն երգել «Յառա՜ջ, նահատակ ցեղի անմահներ»։ Արցախը մերն է։ Արցախը պիտի մնայ ազատ, անկախ ու ամբողջական», եզրակացուց քոյր Մարօ Քէշիշեան։

Քոյր Քէշիշեանի պատգամէն ետք, ապագայ խմբապետներէն քոյր Անուշիկ Ղուկասեան մեներգեց «Իմ Ղարաբաղ»ը, կիթառի ընկերակցութեամբ՝ Աննա Գաբրիէլեանի, մեծապէս տպաւորելով հանդիսատեսը։

 

ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԽՕՍՔԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի պատգամը փոխանցեց ատենապետ եղբ. Դաւիթ Գրիգորեան, որ ըսաւ.- «Այսօր, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան ընտանիքում մեծ տօն է։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը համալրւում է գաղափարակից եւ խանդավառ երիտասարդներով»։

Ապա, արցախահայ երիտասարդի դաստիարակութեան մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան կարեւորութիւնը ընդգծելով, եղբ. Գրիգորեան շարունակեց ըսելով՝ «Ցաւօք սրտի, այսօր Արցախում սեւ ամպեր են կուտակուել եւ միայն համախմբումով կարող ենք մենք հասնել մեր յաղթանակին։ Այս ամպիոնից կ’ուզեմ շնորհակալութիւնս յայտնել մեր շատ սիրելի քոյր Մարօ Քէշիշեանին, որ այս ծանր ժամանակաշրջանում այս հինգ ամիսներում եղաւ Արցախում եւ ամենակարեւորը արցախցու կողքին»։

Եղբայրը շնորհաւորեց երդուեալ քոյր-եղբայրները եւ անոնց ուշադրութեան յանձնեց, թէ «Այս օրը շատ տպաւորիչ եւ միեւնոյն ժամանակ պարտաւորեցնող է բոլորիս համար, կը ցանկանամ, որ այսուհետեւ Արցախում լինի միայն խաղաղութիւն»։

Գեղեցիկ այս պատգամէն ետք, քոյր Մէրի Առաքելեան ապրումով արտասանեց հատուածներ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»էն եւ արժանացաւ ներկաներու քաջալերական ծափողջոյններուն։

 

Հ.Յ.Դ. ԱՐՑԱԽԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ ԽՕՍՔԸ

Իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, որ անդրադառնալով երեք տարի առաջ Արցախի մէջ հիմնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի 111-րդ մասնաճիւղին եւ անոր ստեղծած մեծ ոգեւորութեան ըսաւ. «Ցաւօք, դրանից յետոյ սկսուած պատերազմը աղէտալի եւ պատերազմեան շրջանը որոշակի խնդիրներ առաջացրեցին եւ երկու-երեք տարի, ինչպէս մնացած բոլոր այլ կառոյցները, այնպէս էլ Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքը անհրաժեշտ արագութեամբ ու աշխուժութեամբ աչքի չընկաւ։ Ասկէ հինգ ամիս առաջ Արցախ հրաւիրուած քոյր Մարօ Քէշիշեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան ջանքերով կարողացան աշխուժացնել այդ աշխատանքը եւ այսօր մենք ունենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի արդէն աշխատող կառոյց, արդէն վարիչների մեծ խումբ եւ յուսամ արագ կշռոյթով բաց թողածը կ’ընկնի իր տեղը»։

Մոսիեան նաեւ յստակացուց հետեւեալը, նշելով, թէ «Կարծիք կայ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը Դաշնակցութեան կառոյց է, սակայն ան ինքնակազմակերպուող, ինքնակառավարուող մարմին է եւ ուղղահայեաց ենթակայութիւն չունի։ Կրկնակի թիւրիմացութիւն է այն, որ Դաշնակցութիւնը ընդհանրապէս կապ չունի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հետ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը չի կրնար կապ չունենալ հայապահպանութիւն, հայեցի դաստիարակութիւն, առողջ սերունդ դաստիարակող այսպիսի կազմակերպութեան հետ։ Հ.Յ.Դ.ի կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը գուրգուրանքի առարկայ է»։

Մոսիեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոյր Մարօ Քէշիշեանին իր նուիրեալ աշխատանքին համար, շնորհաւորեց եւ բարի երթ մաղթեց երդուեալ քոյր-եղբայրներուն եւ համոզում յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր կապը կը շարունակէ ազգային, թեմական բոլոր կառոյցներուն հետ եւ կ’արժանանայ անոնց գուրգուրանքին։ 

Ղարաբաղեան մարտին նուիրուած գեղեցիկ երգով ներկաները խանդավառեցին քոյրեր Աննա Խալատովա եւ Աննա Ծատրեան, արժանանալով անոնց բարձր գնահատանքին։

 

17 ՔՈՅՐ-ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Յայտագիրի վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ օրուան գլխաւոր առանցքը հանդիսացող սկաուտական երդման արարողութիւնը։ Երկու շարքով բեմ ներկայացան 17 քոյր-եղբայրներ։ Բեմ հրաւիրուեցան նաեւ երդուեալ խմբապետներու նուիրական աշխատանքը երաշխաւորող կնքահայրերը, յանձինս Դաւիթ Յակոբեանի, Արթիւր Մոսիեանի, Արա Պուլուզեանի, Վահրամ Բալայեանի, Արամ Ֆրէնկեանի, Ժիրայր Շահիճանեանի, որոնք գեղեցիկ կոճղի վրայ տեղադրուած սկաուտական դաւանանքին 12 կէտերը արտացոլող մոմերը վառեցին, իսկ անոնց կեդրոնը տեղադրուած սկաուտական երդման երեք կէտերը խորհրդանշող Եռագոյն մոմերը վառեցին Անդրէաս Քհնյ. Թաւատեանն ու Դաւիթ Իշխանեանը։

Այնուհետեւ, 17 քոյր-եղբայրներ, քոյր Աննա Խալատովայի գլխաւորութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ծրագիր-Կանոնագիրին, Ս. Գիրքին եւ Նարեկացիի աղօթագիրքին վրայ, հրապարակաւ երդուեցին ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ, ծառայել իրենց հայրենիքին ու ազգին, միշտ օգնել ուրիշին եւ հնազանդիլ հայ սկաուտի դաւանանքին։ Տպաւորիչ այս արարողութենէն ետք, ներկաները յոտնկայս եւ երկարաշունչ ծափողջոյններով ողջունեցին երդուեալ քոյր եղբայրները, որոնք կնքահայրներու ձեռամբ ստացան իրենց փողկապները, պաշտօնապէս դառնալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի արի-արենոյշներ։

 

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Ի տես գեղեցիկ այս երեւոյթին, իր սրտի խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեան, որ շնորհաւորելով երդուեալ քոյր-եղբայրներու մուտքը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիք ըսաւ.- «Մենք մեծ աշխատանք ունենք Արցախում եւ յոյսով եմ, որ Արցախի երիտասարդութիւնը նման գեղեցիկ տարազաւոր շարքերով պէտք է համալրի մեր Հ.Մ.Ը.Մ.ական շարքերը եւ Արցախում ազգային դաստիարակութիւն, ազգային ոգին, շունչը մեր ներկայութեամբ պէտք է բերենք, որովհետեւ մենք ամէն տեղ որ կանք, մեր հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ հայ երիտասարդը, հայ պատանին ազգային բարձր գաղափարներով դաստիարակել, առողջ մարմնով օժտել, որպէսզի կարողանանք մեր դաւաւանքին եւ խոստմանը հաւատարիմ գործունէութիւն առաջ տանել»։ Եղբ. Յակոբեան յոյս յայտնեց նաեւ, որ յաջորդ հանդիպման Արցախի մէջ արդէն հարիւրաւոր սկաուտներ, 2019 թուականի յաղթական տողանցքին նման,  դարձեալ Արցախի մէջ հպարտօրէն կը տողանցեն եւ մեզ բոլորիս կը հաղորդեն, թէ՝ «Արցախը անպարտ է եւ Արցախի երիտասարդութիւնը ազգային բարձր ոգով, միշտ տողանցքով, կարգապահ կերտելու է մեծ ու գեղեցիկ հայրենիք»։

 

ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ ՓԱԿՈՒՄԸ

Գեղեցիկ երեւոյթ էր, որ ձեռնարկի աւարտին, երդուեալ արի-արենոյշները, առ ի երախտագիտութիւն քոյր Մարօ Քէշիշեանին, անոր նուիրեցին ծաղկեփունջ մը եւ իրենց խմբանկարը՝ «Ամենալաւ խմբապետուհու» մակագրութեամբ։

Տպաւորիչ ու պատմական սկաուտական այս երդման արարողութիւնը վերջ գտաւ «Ով հայ արի» սկաուտական քայլերգով։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր եւս հնչեցին խրախուսական եւ շնորհաւորական պատգամներ։ Արարողութեան մասնակիցները եւ յատկապէս երդուեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ականները ուշ երեկոյեան տուն մեկնեցան իրենց հետ տանելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնն ու ոգին երիտասարդութեան մէջ դրոշմելու հաստատակամութիւնը։ 

 

Տարածենք