ՀԱՄԱՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 10-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

 

Շաբաթ, 29 Յուլիսի յետմիջօրէին, Երեւանի «Միքա» մարզական համալիրին վրայ կատարուած պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի աւարտական մրցումներով իրենց աւարտին հասան համաՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը։ Աւարտական մրցումները կանխեցին 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերու ճշդումի մրցումները։
Ախոյեաններու յստակացումէն ետք, մարզական համալիրի պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ մարազախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու տողանցքով, մրցանակաբաշխութեամբ եւ իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն մարզիկի ընտրութեամբ։ Հանդիսութեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով Իշխան Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերու յաջողութեան մեծապէս նպաստած հայրենի իշխանութիւններուն, հիւրընկալ շրջանի՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան, մարզախաղերու նախագահ Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններուն եւ բոլոր բարերարներուն եւ բարեկամներուն։ Ան ըսաւ, որ համաՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու իրագործումով ՀՄԸՄ 100-ամեակ կ’ուղղուի աւելի քան երբեք խանդավառ ու հաստատ կամքով, միշտ հաւատարիմ մնալով իր նշանաբանին՝ «Բարձրացիր-բարձրացուր»-ին։ 
Խօսք առաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ ողջունեց աշխարհի 21 երկիրներէն հայրենիք համախմբուած ՀՄԸՄ-ական մարզիկներն ու մարզիկուհիները՝ յուսալով որ անոնք իրենց երկիրները կը վերադառնան միութենական անմոռանալի յուշերով եւ ազգային բարձր տրամադրութիւններով։ Այս առիթով, Յակոբեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 80 հոգինոց կամաւորներու խումբը, որ անցնող 10 օրերուն կազմակերպչական մեղուաջան աշխատանք կատարեց՝ մարզախաղերու յաջողութեան իրականացման համար։ 
Փակման հանդիսութեան առաջին անգամ ըլլալով հնչեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի քայլերգը (խօսք՝ Ներսեհ Լիպարեանի, երաժշտ.՝ Վահրամ Էմմիեանի, կատարողութիւն՝ Գառնիկ Սարգիսեանի)։

ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ
ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐԸ
ՀամաՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու ախոյեաններուն յստակացումը դիւրին չեղաւ։ 10 օրուան մրցակցութենէ ետք, աւարտական սպասուած մրցումները եղան հետաքրքրական եւ անակնկալներով լեցուն։
Արդարեւ, ՀՄԸՄ Լիբանան տիրացաւ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին, իսկ Արեւմտեան Մ.Նահանգներ՝ ֆութպոլի կրտսերներու տիտղոսին։
Պասքեթպոլի պարագային, մեծագոյն անակնկալը եղաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի աղջկանց խումբին առաջնութեան տիրացումը, այլապէս երէց տղոց, կրտսեր տղոց եւ աղջկանց տիտղոսներուն տիրացան ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու խումբերը։
Փինկ-փոնկի տղոց ու աղջկանց ախոյեան հանդիսացան ՀՄԸՄ Լիբանանէն Աւօ Մունջօղլեան եւ Լարա Քէչէպաշեան։ Ճատրակի մրցումներուն առաջին եւ երկրորդ հանդիսացան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-էն Հրաչեայ Վարդանեան եւ Ռազմիկ Առաքելեան։ Լիբանանէն Հրայր Պրունսուզեան տիրացաւ պրոնզ մետալի։
Թենիսի մրցումներուն, առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու, Կիպրոսի եւ ՀԱՍԿ-ի մարզիկները։
Լողի տղոց մրցումներուն, Թեհրանի ՀՄԱԿ-ը տիրացաւ 20 մետալի, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ՝ 9 մետալի, Լիբանան՝ 7 մետալի եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ՝ 6 մետալի։ Լիբանանէն Սեւակ Տէմիրճեան խլեց 4 ոսկի եւ 3 արծաթ մետալ։ Աղջկանց մրցումներուն, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ տիրացաւ 8 մետալի, Կիպրոս 7, Սուրիա եւ ՀՄԱԿ՝ 6 մետալի, Լիբանան եւ ՀԱՍԿ՝ 4 մետալի։ Կիպրոսէն Մարի Սոմաքեան-Ճիորճիու խլեց 7 ոսկի մետալ, իսկ Սուրիայէն Միրնա Պզտիկեան՝ 4 ոսկի եւ 2 արծաթ մետալ։ 
Փակման հանդիսութեան յայտարարուեցան իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն մարզիկին եւ մարզիկուհիին անունները, որոնք ստացան վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականներու անունով հետեւեալ բաժակները.- 
- Պասքեթպոլի երէց տղոց լաւագոյն մարզիկ («Վարդգէս Ալահայտոյեան բաժակ»)- Արամ Թարզիպաշեան, Արեւմտեան Մ. Ն.։
- Պասքեթպոլի կրտսեր տղոց լաւագոյն մարզիկ («Դանիէլ Դանիէլեան բաժակ»)- Ալէքս Իսկէնտէրեան, Արեւմտեան Մ.Ն.։
- Պասքեթպոլի երէց աղջկանց լաւագոյն մարզիկ («Վահրամ Դանիէլեան բաժակ»)- Սոֆիա Տէմիրճեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ։
- Պասքեթպոլի կրտսեր աղջկանց լաւագոյն մարզիկ («Սիամանթօ Կարապետեան բաժակ»)- Ալին Օվաննէսեան, Արեւմտեան Մ.Ն.։
- Ֆութպոլի լաւագոյն մարզիկ («Վիգէն Զաքարեան բաժակ»)- Տիրան Պէպէքեան, Արեւմտեան Մ.Ն.։
- Վոլիպոլի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ («Յովհաննէս Պայթարեան բաժակ»)- Անի Ստեփանեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ։
- Թենիսի լաւագոյն մարզիկ («Վարդան Բախշեան բաժակ»)- Էտմոն Այնէճեան, Կիպրոս։
- Փինկ-փոնկի լաւագոյն մարզիկ («Յովհաննէս Հինդլեան բաժակ»)- Լարա Քէչէպաշեան, Լիբանան։
- Աթլէթի տղոց լաւագոյն մարզիկ («Բիւզանդ Թորիկեան բաժակ»)- Սերժ Չոլաքեան, Լիբանան։
- Աթլէթի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ («Վահան Չերազ բաժակ»)- Լոռի Թաշճեան, Լիբանան։
- Լողի տղոց լաւագոյն մարզիկ («Շաւարշ Քրիսեան բաժակ»)- Սեւան Ղարապէյքի, ՀՄԱԿ։
- Լողի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ («Տիգրան Ոսկունի բաժակ»)- Մարի Սամաքեան-Ճիորճիու, Կիպրոս։
- Ճատրակի տղոց լաւագոյն մարզիկ («Գրիգոր Յակոբեան բաժակ»)- Հրաչեայ Վարդանեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ։
- Ֆութսալի տղոց լաւագոյն մարզիկ («Նշան Թիւսիւզեան բաժակ»)- Աւօ Տոնպուրեան, Լիբանան։
- Ֆութսալի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ («Արմէն Տէիրմէնճեան բաժակ»)- Պայծառ Ասատրեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ։
- ՀամաՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու տիպար մարզիկ («Միհրան Շիմշիրեան բաժակ»)- Քուինթ Քեմնից, Արեւմտեան Մ.Ն.։
Լաւագոյն մարզիկներու մրցանակաբաշխութենէն ետք, փակման հանդիսութեան կատարուեցաւ իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն երեք խումբերու եւ մարզախաղերու տիպար պատուիրակութեան պարգեւատրում։ Արդիւնքները պարզեցին հետեւեալ պատկերը.- 
ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ
1. Լիբանան
2. Թեհրանի ՀՄԱԿ
3. Արեւմտեան Մ.Ն.

ԹԵՆԻՍ
1. Արեւմտեան Մ.Ն.
2. Կիպրոս
3. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ

ԱԹԼԷԹ
1. Լիբանան
2. Արեւմտեան Մ.Ն.
3. Թեհրանի ՀՄԱԿ

ԼՈՂ
1. Թեհրանի ՀՄԱԿ
2. Արեւմտեան Մ.Ն.
3. Կիպրոս

ՃԱՏՐԱԿ
1. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
2. Լիբանան
3. Երուսաղէմ

ՖՈՒԹՍԱԼ
1. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
2. Լիբանան
3. Հարաւային Ամերիկա

ՎՈԼԻՊՈԼ
1. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
2. Արեւմտեան Մ.Ն.

ՖՈՒԹՊՈԼ
1. Արեւմտեան Մ.Ն.
2. Լիբանան 
3. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
1. Արեւմտեան Մ.Ն.
2. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
3. Թեհրանի ՀՄԱԿ

Կ’արժէ նշել, որ համաՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու «Տիպար պատուիրակութեան բաժակին արժանացաւ ՀՄԸՄ-ի Գանատայի շրջանը։

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ
ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Մարզախաղերու վերջին օրը արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.-
Ֆութպոլ
3-րդ 4-րդ դիրքի մրցում ՝ Երուսաղէմ-Ֆրանսա 3-1
Աւարտական՝ Լիբանան-Արեւմտեան Մ.Ն. 2-0

Ֆութպոլ կրտսերներ 
3-րդ 4-րդ դիրքի մրցում ՝ Լիբանան-Քուէյթ 1-0
Աւարտական՝ Արեւմտեան Մ.Ն. -ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ 1-0

Պասքեթպոլ տղաք 
3-րդ 4-րդ դիրքի մրցում ՝ Արեւելեան Մ.Ն.-Աւստրալիա 76-55
Աւարտական՝ Արեւմտեան Մ.Ն. (Բ.)-Արեւմտեան Մ.Ն. (Ա.) 90-86

Պասքեթպոլ կրտսեր տղաք
3-րդ 4-րդ դիրքի մրցում ՝ Լիբանան-Արեւելեան Մ.Ն. 48-44
Աւարտական՝ Արեւմտեան Մ.Ն. (Բ.)-Արեւմտեան Մ.Ն. 64-44

Պասքեթպոլ աղջիկներ
3-րդ 4-րդ դիրքի մրցում ՝ Արեւմտեան Մ.Ն (Ա.). -Աւստրալիա (Բ.) 67-16
Աւարտական՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-Արեւմտեան Մ.Ն. (Բ.) 74-71

Պասքեթպոլ կրտսեր աղջիկներ 
3-րդ 4-րդ դիրքի մրցում ՝ Արեւմտեան Մ.Ն. (Բ.)-ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ 44-41
Աւարտական՝ Արեւմտեան Մ.Ն. (Ա.)-Թեհրանի ՀՄԱԿ 59-57

Տարածենք