Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ԱՏՈՄ ԵՒ ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆՆԵՐԸ

 

Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2022-ին, «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» պասքեթպոլի դաշտին վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի մրցումէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրով պատուեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական վերջին մարզախաղերուն նիւթական իր աջակցութիւնը ցուցաբերած, միութեան երկար տարիներու բարերար, Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան ամոլը։

Այս առիթով եղբ. Ատոմ եւ քոյր Սելլա Թնճուկեաններուն յանձնուեցաւ մարզախաղերուն նշանակը կրող եւ մատանիի տեսքով յուշանուէր մը՝ պատրաստուած խաղերուն առիթով։

Տարածենք