ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԵՐԿԱՍՏՂ, Ա. ԿԱՐԳ ԵՒ Բ. ԿԱՐԳ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԸ՝ ՊԱՏՐԱՍՏ

 

Տարիներու աշխատանքէ ետք, պատրաստ են սկաուտական Երկաստղ, Ա. կարգ եւ Բ. կարգ գիրքերու վերամշակուած, նոր օրինակները, որոնք PDF օրինակով տեղ գտած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի կայքէջի հրատարակութիւններու բաժինին մէջ (https://www.homenetmen.org/hy/library)։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Կարպիս Գապասագալեանի խմբագրութեամբ, սկաուտական այս գիրքերը առաջին անգամ հրատարակուած են 1999-ին։ Այնուհետեւ, քանի մը տարուան փորձարկումէ ետք, անոնք քննարկման եւ բարեփոխման ենթարկուած են համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական յաջորդական համագումարներու ընթացքին եւ վերամշակման ենթարկուելով՝ արժանացած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հաստատման եւ վաւերացման։

Սկաուտական գիրքերու երկրորդ հրատարակութիւնները լոյս պիտի տեսնեն «Եղբ. Միհրան Շիմշիրեան սկաուտական ֆոնտ»ի նախաձեռնութեամբ։ Մինչեւ հրատարակութիւնը, սակայն, գիրքերը կարելի պիտի ըլլայ օգտագործել ելեկտրոնային ձեւով, նոր ձեւաւորումով (էջադրող-ձեւաւորող՝ եղբ. Յովիկ Փամփալեան) եւ արդիական շունչով։

Տարի մը առաջ հրապարակուած էին սկաուտական Կակուղ թաթիկ, Նորագիր եւ Նորընծայ գիրքերը։ Պատրաստութեան մէջ է այս շարքին վերջինը՝ Միաստղի գիրքը։

Յայտնենք, որ «Եղբ. Միհրան Շիմշիրեան սկաուտական ֆոնտ»ը ստեղծուած է 2014-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ սկաուտական աշխատանքներու մեծ երախտաւոր եղբ. Միհրան Շիմշիրեանի մահուան առիթով կատարուած նուիրատուութիւններով։

 

Տարածենք