Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերու Մարզիկներուն Մասնակցութեամբ. Խանասորի Արշաւանքի Եւ Լիզպոնի Գործողութեան Նուիրուած Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ
Երեքշաբթի, 25 յուլիսի երեկոյեան, համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն մասնակիցները յեղափոխական երգերու երեկոյով մը նշեցին Խանասորի արշաւանքին 120-ամեակը եւ Լիզպոնի գործողութեան 34-ամեակը:
Երեկոյին բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան փոխատենապետ Ժիրայր Պէօճէքեան: Ան ըսաւ, որ Խանասորի արշաւանքը մեր ժողովուրդին տուաւ նախաձեռնութեան ոգիի, մարտունակութեան եւ հայութեան թշնամիները պատժելու լաւագոյն օրինակը: Խանասորը ներշնչումի աղբիւր հանդիսացաւ սերունդներուն: Խանասորի օրինակով Լիզպոնի անձնազոհ հինգ տղաքը եւս տուին նախաձեռնութեան, մարտունակութեան եւ Հայ դատի դէմ բարձրացած լռութեան պատը քանդելու օրինակը: Պէօճէքեան նշեց, որ Լիզպոնը իր կարգին ներշնչումի օրինակ ծառայեց արցախեան ազատամարտի հերոսներուն, որոնք կռուի դաշտ մեկնեցան Խանասորի եւ Լիզպոնի հերոսներուն հետեւողութեամբ:
Պէօճէքեան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ արցախեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներն ու նահատակները, որոնք արժանի են իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի յարգանքին եւ գնահատանքին: Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ը սոսկ մարմնակրթական միութիւն չէ, ան ազգային-հայրենասիրական դաստիարակութիւն ջամբող կազմակերպութիւն է, որուն բովէն ելած են Վարդան Բախշեանի եւ Վիգէն Զաքարեանի նման նուիրեալներ:
Բացման խօսքէն ետք, ներկայ 1000 մարզիկ-մարզիկուհիները ազգային-յեղափոխական երգերով ոգեկոչեցին մեր հին ու նոր բոլոր նահատակներուն յիշատակը: Երգիչներ Սուրէն Աճէմեան եւ Գէորգ Հաճեան ներկաներուն խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասցուցին Խանասորի արշաւանքին եւ Լիզպոնի գործողութեան նուիրուած բազմաթիւ երգերու կատարումով: Այս առիթով հնչեց նաեւ նահատակ Վարդան Բախշեանի նուիրուած նոր երգ մը:
«ՀՄԸՄ-ը Եւ Երիտասարդութիւնը»
Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը ունեցան նաեւ իրենց դաստիարակչական յայտագիրները: Մարզախաղերու մասնակիցներէն խումբ մը մասնակցեցաւ «ՀՄԸՄ-ը եւ երիտասարդութիւնը» նիւթով զրոյց-քննարկումին, զոր վարեցին Ֆրանսայէն Անտրէ Տատայեան եւ Լիբանանէն Փաթիլ Եսայեան: Անոնք զրոյցի մասնակիցներուն ներկայացուցին շարք մը հարցադրումներ, որոնց պատասխաններուն շուրջ մասնակիցները կատարեցին միտքերու եւ առաջարկներու օգտակար փոխանակումներ:
«Վերադարձ Հայաստան»
Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու մասնակիցներէն այլ խումբ մը մասնակցեցաւ «Վերադարձ Հայաստան» («Ռիփեթ Արմինիա») կազմակերպութիւնը ծանօթացնող դաստիարակչական հանդիպումին, որուն ընթացքին աշխարհի չորս ծագերէն եկած մարզիկ-մարզիկուհիներ տեղեկացան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կամաւոր ծառայութիւններ կատարել Հայաստանի զանազան շրջաններու տարբեր բնագաւառներուն մէջ:
Յառաջիկայ օրերուն, մարզախաղերու մասնակիցներէն այլ խումբեր պիտի հետեւին դաստիարակչական երկու այլ ծրագիրներու եւս, որոնք պիտի ծանօթացնեն «Դէպի Հայք» հիմնադրամը եւ Արցախի մէջ զարգացման ծրագիրները:
Նշենք, որ դաստիարակչական յայտագիրներու ծիրին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին, մարզախաղերուն մասնակիցները այցելած էին հայկական բանակի Նուպարաշէնի զօրամաս եւ ծանօթացած էին հայ զինուորներու առօրեային եւ զէն ու զրահին: