ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ

 

Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած՝ Միջին Արևելքի Վկայեալ Կարգի վերջին հանգրուանը, որ տեղի ունեցաւ Ամմանի մէջ, իր աւարտին հասաւ Կիրակի, 23 Ապրիլին։

Եռօրեայ աշխատանքներուն ընթացքին, Քուէյթէն, Պաղտատէն և Ամմանէն 15 խմբապետ-խմբապետուհիներ կիրարկեցին խտացուած ծրագիրով յայտագիր մը, որ կ`ընդգրկէր սկաուտական, միութենական, ընկերային նիւթեր, գործնական կիրարկումներ, ինչպէս նաև` շրջապտոյտ Ամմանի մօտակայ տեսարժան վայրերը։ Կիրակի առաւօտեան, անոնք ներկայ եղան Ս․ պատարագի, ինչպէս նաեւ այցելեցին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարը։

Փակման հանդիսութեան խօսք առին կազմակերպիչ յանձնախումբի խմբապետներ քոյր Թամար Քէշիշեան, եղբայրներ Ռազմիկ Տօնիկեան եւ Սիմոն Տէրտէրեան։ Սրտի խօսք արտասանեց նաև Հ.Մ.Ը․Մ․ի Ամմանի Մեկուսի շրջանի ատենապետ քոյր Ռաքէլ Մարգարեան։ Ապա, մասնակցող խմբապետներուն յանձնուեցան Վկայեալ Կարգի վկայականներն ու նշանակները։

Կեդրոնական Վարչութեան անունով խօսք առաւ քոյր Թալին Օրտողլեան, որ շնորհաւորեց խմբապետները՝ իրենց տարած աշխատանքին եւ ձեռք բերած արդիւնքին համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ամմանի շրջանին՝ այս աշխատանքի հիւրընկալման համար, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ նաեւ դասընթացքը ծրագրած ու գործադրած խմբապետներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտելու համար։

Տարածենք