Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՄԲԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ

 

17-19 Մարտ 2023-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ժամպվիլի բանակավայրին մէջ, Փարիզ, տեղի ունեցան միութեան Եւրոպայի խմբապետներու Վկայեալ կարգի երկրորդ եւ երրորդ բաժինները՝ գործնական դասընթացքը եւ անհատական ծրագիրներու ներկայացումը։ Առաջին բաժինը՝ տեսական դասընթացքը ընթացք առած էր 22 Մայիս 2022-ին եւ ամիսներ շարունակ կատարուած էր առցանց, իբրեւ դասախօսներ ունենալով Շաղիկ Խիւտավերտեանը, Յակոբ Էմրազեանը, Գէորգ Յակոբճեանը, Սեւակ Թորոսեանը եւ Պօղոս Մահպուպեանը։

Այսպէս, Հինգշաբթի, 16 Մարտին բանակավայր հասան եւ նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկեցին դասընթացքի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները՝ քոյրեր Կարինէ Սիսեռեան (Ֆրանս), Աննա Աւագեան (Լոնտոն), Մենար Պոյաճեան (Միւնիխ) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան։
Երեկոյեան, բանակավայր ժամանեցին դասընթացքին 17 մասնակիցները, որոնք կու գային Փարիզէն (2), Ալմելոյէն (Նետըրլէնտներ՝ 3), Վիեննայէն (Աւստրիա՝ 2), Երուսաղէմէն (3) եւ Սոտերթելիայէն (Շուէտ՝ 7)։

Դասընթացքը ընթացք առաւ Ուրբաթ,17 Մարտին եւ երկարեցաւ մինչեւ Կիրակի, 19 Մարտ։ Մասնակիցները խմբակներու բաժնուած՝ քննեցին միութենական, սկաուտական եւ ազգային 12 նիւթեր։ Իւրաքանչիւր խմբակ իր նիւթին քննարկումէն ետք՝ համադրուած կարծիքները ներկայացուց մասնակիցներու ընդհանուր կազմին։
Աւարտին, դասընթացքին մասնակիցները ստացան Վկայեալ կարգի իրենց պէճերը եւ վկայականները։
Յայտնենք, որ հիւրընկալ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի Մեկուսի վարչութիւնը մեծ դեր ունեցաւ դասընթացքի գումակային (logistic) եւ գործնական աշխատանքներու յաջողութեան մէջ։

Տարածենք