ԵՂԲ. ՏՈՔԹ. ՍՈՒՐԷՆ ՊԱՅՐԱՄԵԱՆ ԿԸ ՀԱՐՍՏԱՑՆԷ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

 

Բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, եգիպտահայ ազգային-հասարակական գործիչ, բանասէր եւ մամլոյ երկարամեայ աշխատակից եղբ. տոքթ. Սուրէն Պայրամեան, Մարտին, գեղեցիկ անակնկալ մը մատուցեց միութեան «Վարդգէս Տէր Կարապետեան» թանգարանին, երբ իր անձնական հարուստ հաւաքածոյէն Հ.Մ.Ը.Մ.ին առնչուող արժէքաւոր թերթեր, կրծքանշաններ, մետալներ եւ փորթըքլէներ յանձնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։

Ստորեւ՝թանգարանին փոխանցուած նիւթերուն ցանկը։

- «Մարմնամարզ» թերթի Բ. տարուան թիւ 12-ը (1912 Յունիս 15)։

- «Հայ սկաուտ»ի Բ. տարուան թիւ 8-ը, 16 Սեպտ. 1921։

- «Մարզաշխարհ Արեւելք»ի Ա. տարի թիւ 47, Գ. տարի թիւ 39, Դ. տարի թիւ 13, 18, 20, 22, 23, 24։

- Երուսաղէմի «Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղեկատու» Գ.տարի, թիւ 1, 1989։

- Եգիպտահայ ԺԲ. աթլէթիք մրցումներու պռոշիւր, 1958։

- Եգիպտահայ ԺԴ. աթլէթիք մրցումներու պռոշիւր, 1961։

- Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»ի համահայկական պասքեթպոլի մրցաշարքի պռոշիւր, 1980։

- «Արեւելք» օրաթերթի «Բացառիկ»ը՝ նուիրուած միջ-մասնաճիւղային 30-րդ մարզախաղերուն, 21 Ապրիլ 1957։

- Աւստրալիոյ «Արմենիա» ամսագիրի Դեկտեմբեր 1985-ի բացառիկ թիւը՝ նուիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ շրջանի ստեղծման 20-ամեակին։

- Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի «Բացառիկ»ը՝ նուիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի 70-ամեակին, 17 Հոկտ. 1988։

- Յունաստանի «Ազատ օր» օրաթերթի «Բացառիկ»ը՝ նուիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի 70-ամեակին, 3 Դեկտ. 1988։

- Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի «Յաւելուած»ը՝ նուիրուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Գ. խաղերուն, 5 Յուլիս 1993։

- Յունաստանի «Ազատ օր» օրաթերթի «Բացառիկ»ը՝ նուիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի 75-ամեակին, 13 Նոյ. 1993։

- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Հայասա» պաշտօնաթերթի Բ. տարուան թիւ 6-ը (Օգոստոս 1985), թիւ 9-ը (Նոյեմբեր 1985), Դ. տարուան թիւ 4-ը (16 Մայիս 1987), Ե. տարուան թիւ 12-ը (22 Փետր. 1990)։

- Պրոնզէ մետալ մը՝ «Հ.Մ.Ը.Մ. Արարատ հայ արիներու ընկ.» գրութեամբ։

- «Հ.Մ.Ը.Մ. Արարատ»ի կրծքանշաններ։

- Հ.Մ.Ը.Մ.ի 85-ամեակին նուիրուած արծաթէ մետալ (1918-2003)։

- «Հ.Մ.Ը.Մ. Արարատ Գահիրէ 1914» գրութեամբ ոսկէ մետալ։

- Աղեքսանդրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք»ի 75-ամեակին նուիրուած փորթըքլէ (1987)։

- Աղեքսանդրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք» մարզական ակումբի փորթըքլէ։

- Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»ի երեք փորթըքլէներ (անթուակիր)։

- Հ.Մ.Ը.Մ. Հալէպի պասքեթպոլի նշանով փորթըքլէ։

Շնորհակալութիւն եղբ. տոքթ. Սուրէն Պայրամեանին՝ իր օրինակելի նախաձեռնութեան համար։ Կ’արժէ, որ օրինակը վարակիչ դառնայ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին պատմական արժէքաւոր նիւթերով հարստացնել միութեան թանգարանը, կենդանի վկան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 106 տարուան հարուստ անցեալին ու վաստակին։

Տարածենք