ՏԻՊԱՐՀ.Մ.Ը.Մ.Ի ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ՝ «ՏԻՊԱՐ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ»ԻՆ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ
Մեր զրոյցը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կողմէ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» տիտղոսին արժանացած եղբ. Շահէ Ենիգոմշեանին հետն է: Մէկը, որ փոքր տարիքէն ամբողջական նուիրումով գործած է այս միութեան մէջ, սկսելով սկաուտական շարքերէն, հասնելով մինչեւ Շրջանային թէ Կեդրոնական յանձնախումբեր եւ Պատգամաւորական ժողով: Ան սերտօրէն առնչուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ռազմավարական ծրագիրի աշխատանքներուն հետ, եւ աչքի առջեւ ունենալով իր ներդրումը, մեր զրոյցը սկսանք այն հարցադրումներով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բնութագրել Հ.Մ.Ը.Մ.ականի կերպարը, ան սկաո՞ւտն է, մարզի՞կը, վարչական գործ ընո՞ղը թէ այս երեքը համադրո՞ղը:
Եղբ. Շահէ Ենիգոմշեանի պատասխանը անվրէպ էր. «Իրականութիւնը այն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի երկու կերպար կայ: Առաջին եւ հիմնականը կերպարը պատանեկան տարիներու սկաուտական եւ մարզական կեանք ունեցած այն պատանի-երիտասարդներն են, որոնք այդ ապրումը գնահատած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական աւանդը իւրացուցած են: Անոնք կեանքի յաջորդող հանգրուաններուն թերեւս չեն ծառայած Հ.Մ.Ը.Մ.ին, բայց Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմորը հիմնական պատճառներէն մէկը եղած է, որ կապուած մնան հայկական առօրեային: Եթէ դիտէք Սփիւռքի մեր վերջին 60-70 տարիներու ղեկավարներու ցանկը, թերեւս պիտի զարմանաք, որ անուններուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իրենց պատանեկան օրերուն թրծուած են իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական:
Երկրորդ կերպարը այն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական իր կեանքը շարունակած է իբրեւ սկաուտ ղեկավար, մարզիչ, յանձնախումբի անդամ, վարչական կամ խորհրդատու եւ դաստիարակ: Այս կերպարը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ողնայարն է, անոր «կամաւոր բանակն» է»:
ՊԱՏԳԱ՞ՄԸ, ԹԷ ՄԻՋՈՑԸ
Իսկ ի՞նչ տուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը իրեն, անձնապէս. իսկ ինչ որ ցարդ տուած է, պէ՞տք է փոփոխութեան ենթարկուի, թէ պատգամը փոխանցելու միջոցն է, որ պէտք է բարելաւուի:
Հոս եւս եղբ. Շահէին պատասխանը վճռական էր. «Հ.Մ.Ը.Մ.ը ինծի եւ նմաններուս սորվեցուցած է լաւ մարդու եւ լաւ քաղաքացիի արժանիքները։ Ան ցանած է յանձնառու հայու սերմը: Անկեղծ ըլլալու համար, ես Հ.Մ.Ը.Մ.էն սորված եմ մարդու հետ վարուելու, հաղորդակցելու, միջին եզր գտնելու եւ ընդհանրապէս ղեկավարումի զանազան ծալքերն ու արժանիքները. օրինակ՝ այն տարիներուն, երբ գործիս բերումով 600 բժիշկ-անձ կը ղեկավարէի՝ ամէնօրեայ տաղտուկներով, Հ.Մ.Ը.Մ.ական տարիներու փորձառութիւնս հսկայական օգուտ էր: Իսկ ազգային հարցերու մասնակցութիւնս հիմնականօրէն կը պարտիմ Հ.Մ.Ը.Մ.ին:
Ես բախտաւոր եմ, որովհետեւ կը պատկանիմ այն սերունդին, որ առիթը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի լաւագոյն մշակներու շունչով դաստիարակուելու: Իսկ այսօրուան հայկական իրականութիւնը տարբեր է: Մարտահրաւէրները աւելի ճնշիչ են։ Ներկայիս, պատանիներն ու երիտասարդները չունին այն պատեհութիւնն ու բախտը, զոր ես ունեցայ:
Մեր այն հարցադրումին, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր գաղափարականը թարմացնելո՞ւ, թէ այդ պատգամը փոխանցելու միջոցները արդիականացնելո՞ւ խնդիր ունի՝ եղբ. Շահէ կը պատասխանէ. «Գաղափարականը թարմացնելու հարց չկայ եւ բարեփոխուելու համար պէտք չունինք փոխելու համահայկական մեր ռազմավարութիւնը, նպատակն ու կանոնագիրը: Միակ փոփոխութիւնը գործընթացին մէջն է, ռազմավարական ուղեգիծը եւ այսօրուան որդեգրուած աշխատաձեւը որոշ վերաքննութեան ենթարկելն է, ի նպաստ աւելի ճկուն գործունէութեան:
Գալով պատգամը փոխանցելու միջոցներուն, զանոնք եւս պէտք է արդիականացնել: Որոշ անձեր կը կարծեն, թէ սկաուտութիւնը ժամանակավրէպ է: Թերեւս համաշխարհային սկաուտութիւնը՝ մասամբ, բայց ո՛չ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը, որովհետեւ ան տարբեր է, հիմնականօրէն ազգային ոգիի դաստիարակութեան ծրագիր է: Հարցը սկաուտական հաւաքոյթները աւելի գրաւիչ դարձնելն է, սենեակէն դուրս գալով եւ բնութեան հետ աւելի հաղորդակցելով: Աւելի կարեւորը, պատրաստելն է ատակ խմբապետներ, որոնք կարենան արդիականացնել թէ՛ սկաուտական նիւթերը եւ թէ ծրագիրները փոխանցելու ձեւը: Վերջապէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ը պէտք է յաղթահարէ կարգ մը երկիրներու (կամ մասնաճիւղերու) իր մարզական խումբերուն վերաբերող ներքին բանավէճը: Յաղթանակի եւ ազգային փառքի կարիքներուն զուգահեռ, մարզիկներու դաստիարակութիւնը պէտք է առաջնահերթ դարձնել»:
ԱԶԳԸ ԵՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ը
Երբ եղբ. Ենիգոմշեանին դիտել տուինք, որ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը հաստատէր՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայրենադարձ է, հայրենատէր է եւ կը հաւատայ ազգի մէկութեան», հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է այս գաղափարը գործօն ազդակի վերածել համահայկական առումով: Հոս եւս իր պատասխանը շատ յստակ էր. «Այո՛, իբրեւ կազմակերպութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.ը համահայկական ռազմավարութիւն կը կիրարկէ, որովհետեւ իբրեւ ազգ, մենք ունինք կարգ մը բանավէճեր, որոնցմէ մէկը կ’առնչուի Սփիւռք-Հայաստան կապին, այսինքն՝ Սփի՞ւռքը հզօրացնել, թէ Հայաստանը: Անհատներ եւ կազմակերպութիւններ կը խօսին Հայաստանի օգտակար ըլլալու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն սահմանափակուած են հայրենիք այցելելով եւ նիւթական ներդրումներ կատարելով, բայց ըստ էութեան, հայաստանաբնակ չեն: Այս իմաստով Հ.Մ.Ը.Մ.ը Սփիւռք-Հայաստան բանավէճի ծիրէն ներս չ’իյնար:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը նաեւ դուրս է Սփիւռք-Հայաստան միւս վէճէն, թէ «Սփիւռքը ժամանակաւոր է», եւ թէ «կարեւորը հայրենասէր ըլլալ չէ, այլ հայրենադարձ եւ հայրենատէր»: Յստակ է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մինչեւ 1989 գործած է միայն Սփիւռքի մէջ: Սակայն այդ թուականէն սկսեալ, ան գործնակապէս արդէն հայրենադարձ է, հայրենատէր է, Հայաստանի մէջ պետականօրէն ճանչցուած կառոյց է, իբրեւ Հ.Ա.Ս.Կ. (Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.): Հ.Մ.Ը.Մ.ը իբրեւ կառոյց, 28 տարիէ ի վեր արդէն ներկայ է Հայաստանի կեանքին մէջ, ուր ունի Հայաստանի քաղաքացի երիտասարդ անդամներ: Մինչեւ այսօր, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի շարքերուն մէջ թրծուած են հազարաւոր պատանի-երիտասարդներ, որոնք դաստիարակուած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբանով ու շունչով, եւ այս ձեւով ալ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը Հայաստանի մէջ պատրաստած է եւ տակաւին կը պատրաստէ հայաստանաբնակ սերունդ մը, որ մաքուր է իր նկարագիրով, ինքնավստահ եւ գործօն քաղաքացի է, կը հաւատայ ընկերային արդարութեան եւ իր հետ ուրիշներ եւս բարձրացնելու սկզբունքին»:
Սակայն, դարձեալ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ, եղբ. Շահէ կ’ընդգծէր կարեւորութիւնը այլ կազմակերպութիւններու հետ համադրուած գործակցութեան (ՀՕՄ, Համազգային, երիտասարդական միութիւններ եւ այլն): Արդեօք ինք ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ նման համադրում մը՝ վարչակա՞ն, գաղափարակա՞ն, գործունէութեան դաշտերո՞ւ:
Յստակ է այս մասին իր մօտեցումը եւս. «Գաղափարական իմաստով, հարց չկայ. բուն խնդիրը կազմակերպչական եւ ռազմավարական է: Այդ կազմակերպութիւնները բոլորն ալ գաղափարական նոյն նպատակները ունին եւ մեծ գաղութներու մէջ զիրար կ’ամբողջացնեն: Երկու ձեւի համադրում կը տեսնեմ:
Առաջինը, ներկայ իրավիճակը բարեփոխելու կը միտի: Մենք ունինք ուղեկից կազմակերպութիւններ, որոնք իրարու հետ ծրագրումի իմաստով հաղորդակցութիւն չունին: Այս օրերուս անկարելի է առանց համադրումի արդիւնաւոր աշխատանք տանիլը:
Երկրորդը, օրուան պահանջներու հիման վրայ ռազմավարական առաջարկ է: Ժամանակին, մեծ կամ փոքր գաղութները եւ գաղութի կազմակերպչական պահանջները նմանօրինակ էին: Լաւ կամ գէշ, բոլոր գաղութները, իրենց կազմակերպութիւնները, յարմար ղեկավարներ ունէին: Այսօր ունինք գաղութներ, մասնաճիւղեր, որոնք տակաւին ունին նոյն կարողութիւնը, օրինակ՝ Լոս Անճելըս: Բայց եթէ կարկինը լայնցնենք ու հասնինք, օրինակ Սան Տիէկօ, Ուոլնաթ Քրիք, թերեւս Ֆինիքս ու ապագային ալ Սիէթըլ (դեռ չենք խօսիր Եւրոպայի զանազան երկիրներուն մասին), պիտի տեսնենք, որ կացութիւնը շատ տարբեր է. թէ՛ գաղութը փոքր է եւ թէ ղեկավար մարդուժը բաւարար չէ առանձին-առանձին եկեղեցի եւ 3-5 տարբեր կազմակերպութիւններ ղեկավարելու համար:
Հետեւաբար, աւելի արդիւնաւէտ է համախմբուիլը, ուժերը կեդրոնացնելով աւելի գործնական արդիւնքի հասնիլը: Այսինքն, աւելի ճկուն ըլլալով, նմանօրինակ առաքելութեան կոչուած այլ կառոյցներու հետ միասնաբար, պէտք է մոռնալ մեր ներկայ կառուցային սահմանափակումները եւ գաղութ առ գաղութ ուսումնասիրել հաւաքական ուժերով (եկեղեցի, Հ.Մ.Ը.Մ., ՀՕՄ, Համազգային եւ այլ կառոյցներ) գործելու ճկուն տարբերակ մը:
Բայց ինչպէ՞ս ընել, որ երիտասարդներու հայեցի դաստիարակութիւնը քանակապէս եւ որակապէս բարելաւուի, առանց որ մեր միւս կազմակերպութիւնները տուժեն իրենց առաքելութեան մէջ: Ի՞նչ ապահովութիւն կարելի է ներշնչել անոնց, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել բոլոր ուժերուն գործակցութիւնը: Հո՛ս է հարցը, որ իմ կարծիքով աւելի զգացական է եւ ոչ թէ առարկայական, որովհետեւ այս առաջարկս միայն փոքր գաղութներուն կը վերաբերի, ուր կա՛մ զանազան կազմակերպութիւններ չկան կամ այդ կազմակերպութիւնները կը կաղան»:
Հ.Մ.Ը.Մ.Ը ԻԲՐԵՒ ԴՊՐՈՑ
Ահաւասիկ կը ծագի այլ հարցադրում մը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը երբ կը ձգտի 6-18 տարեկան հայ անհատը դաստիարակել իբրեւ յանձնառու հայ, հետեւաբար, Հ.Մ.Ը.Մ.ը պէտք է տեսնել իբրեւ արտադպրոցական իւրայատուկ… «դպրո՞ց»: Իսկ Նաւասարդեանը մարզախաղերը ասոնց մէջ կը տեղաւորուի՞ն:
Եղբ. Շահէ կը բացատրէ, թէ այո՛, «աւելի քան որեւէ այլ կազմակերպութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.ը արտադպրոցական հայեցի դաստիարակութեան օրրան է: Իր կառոյցին քաշողականութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ին կ’անդամակցին թէ՛ հայկական եւ թէ օտար դպրոց յաճախող պատանիներ: Ներկայիս, 25 տարեկանէն վար իր անդամներուն 60-65 տոկոսը օտար դպրոց կը յաճախէ: Այսինքն, շուրջ 8 հազար պատանի-երիտասարդներ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի երդիքին տակ է, որ կը ստանան հայկական սնունդ, նոյնիսկ եթէ անկատար է ատիկա:
«Այո՛, Հ.Մ.Ը.Մ.ը դպրոցներէն դուրս գործող իւրայատուկ… դպրոց է: Այս ռազմավարութեան նպատակը պիտի ըլլայ մէջտեղ բերել 21-րդ դարու «սփիւռքցիին» եւ տուեալ երկրի քաղաքացիին նախատիպ մը, որ հպարտ է իր ապրած երկիրով, բայց աւելի՛ հպարտ եւ մանաւանդ՝ յանձնառու իր հայկական պատկանելիութեամբ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի երդիքին տակ յղկուած 6-18 տարեկանները յանձնառու հայ դարձնելու առաքելութիւնը կը շարունակուի եւ այս ձեւով, Հ.Մ.Ը.Մ.ը ենթահողը կը պատրաստէ 20 տարեկանէն վեր «Հ.Մ.Ը.Մ.աւարտ» ոչ կրաւորական երիտասարդներու պատրաստութեան, ինչու չէ նաեւ՝ քաղաքական գիտակցութեամբ օժտուած դաստիարակութեամբ: Այս իմաստով, Նաւասարդեան մարզախաղերը արտադպրոցական դասաւանդութեան մէկ մասնիկն են: Ամէն տարի, իւրաքանչիւր Նաւասարդեանին, քանի մը շաբթուան վրայ երկարող մարզախաղերուն կը մասնակցին աւելի քան 3000 մարզիկներ, որոնցմէ շատեր կ’իւրացնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ական ապրումը եւ աւանդը»:
Տակաւին կայ այն խնդիրը, որ արտադպրոցական դաստիարակութիւն անպայմանօրէն հայ լեզուի ուսուցում չի նշանակեր: Հայ լեզուի իւրացումը, նոյնիսկ անոնց համար, որոնք հայկական վարժարան կը յաճախեն, չի կրնար սահմանափակուիլ դպրոցով: Թէեւ «տակաւին կան նուիրեալ ծնողներ, որոնք կարողացած են հայերէնը սիրելի դարձնել իրենց զաւակներուն եւ տան մէջ հայերէնը գործածել իբրեւ առաջին լեզու, սակայն հայեցի դաստիարակութիւնն ու հայախօսութեան ուսուցումը կ’իյնան դպրոցներու եւ այլ կառոյցներու ուսերուն»: Հետեւաբար, կը շարունակէ ան, «օտար դպրոց յաճախող հայ երեխաներու (որոնք մեծամասնութիւն են) հայեցի դաստիրակութեան պատասխանատուութիւնը ինկած է արտադպրոցական կառոյցներու ուսին: Այս չի նշանակեր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայ լեզու պիտի դասաւանդէ, բայց անպայմանօրէն պիտի օժանդակէ եւ հո՛ս է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ ամէնօրեայ դպրոցներու այս աշխատանքը մէկ վայրի մէջ կեդրոնացնելը իր դրական արդիւնքը կ’ունենայ»:
Այս բոլորէն անկախ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ իր «կենսագրութենէն» մեկնած, անկիւնադարձային ի՞նչ հանգրուանի ականատես դարձած է եղբ. Շահէ:
Յուզիչ է իր պատասխանը, որովհետեւ ան կը թուէ անունները վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու, որոնք այսօր չկան ալ: Ան կ’ըսէ. «Անկիւնադարձային, ամէնէն տպաւորիչ հանգրուանը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքիս մէջ բախտաւորութիւնը ունեցած եմ ապրելու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կազմակերպութիւն դառնալն էր: 1973-1975 տարիները ինծի առիթը տուին սորվելու եւ միաժամանակ գործակցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ական լաւագոյն մշակներուն հետ: Ըլլայ ատիկա եղբ. Նշան Թիւսիւզեանն ու Անդրանիկ Ուրֆալեանը (որոնք զիս քաջալերեցին սկաուտական համագաղութային Ծրագիր-Կանոնագիրը խմբագրելու), ըլլա՛յ եղբայրներ Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Երուանդ Տէմիրճեանը, Յ. Գեղարդը, Սուրէն եւ Վարուժան Մուրատեանները եւ ուրիշ շատեր, որոնք ամբողջացուցին դաստիարակութիւնս: Այդ օրերու խանդավառութիւնն ու փորձառութիւնը կեանքի անմոռանալի յիշատակներ են»: