Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 8 Յունիս 2024-ի կէսօրէ ետք ժամը 4-ին (Պէյրութի ժամով), տեղի ունեցաւ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու ատենապետներու առցանց երկրորդ ժողովը, մասնակցութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ 20 շրջաններու ատենապետներու։

Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան ժողովին սկիզբը ներկայացուց Հոկտեմբեր 2023-ին ընտրուած Կեդրոնական Վարչութեան եօթը ամսուան գործունէութեան գլխաւոր բաժինները, յանձնախումբերը եւ անոնց անմիջական ծրագիրները։

Եղբայր Խաչերեան յատուկ շեշտադրումով անդրադարձաւ Կեդրոնական Վարչութեան գալիք ամիսներու աշխատանքներուն.- սկաուտական միջ-եւրոպական ցամաքամասային Ա. բանակում (13-20 Յուլիս, Վեսար-Օ սկաուտական կղզի, Շուէտ), համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական 8-րդ համագումար (28 Օգոստոս-2 Սեպտեմբեր, Գահիրէ, Եգիպտոս), համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական առցանց երկրորդ համագումար (Սեպտեմբեր), միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողով (Նոյեմբեր, Հայաստան)։

Ապա, օրակարգի զանազան կէտերով, եղբ. Խաչերեան հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան կազմի անդամները՝ զեկուցելու միութեան աշխատանքային գլխաւոր մարզերուն մասին։ Այսպէս, կարճ զեկուցումներով հանդէս եկան քոյրեր Թալին Օրտողլեան (սկաուտական աշխատանքներ), Սանտրա Վարդանեան («Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախ հիմնադրամ»), եղբայրներ Վիգէն Աւագեան (քարոզչական, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ), Վիգէն Աբէլեան եւ Մհեր Դաւիթեան (մարզական աշխատանքներ)։

Առցանց ժողովին լայն անդրադարձ կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի աշխատանքներուն։ Ժողովը դրական կերպով արտայայտուեցաւ Արցախի մասնաճիւղէն սկաուտներ Պէյրութ հրաւիրելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեան մասին։ Խօսուեցաւ նաեւ այս ամառ, 15 Յունիսէն 15 Օգոստոս, Արցախէն Հայաստան տեղահանուած 1650 պատանիներու համար, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի բակային ճամբարներուն աջակցութեան մասին՝ մղելով որ միութեան զանազան շրջաններէն կամաւոր քոյրեր եւ եղբայրներ իրենց մասնակցութիւնը բերեն Հայաստանի Աբովեան եւ Մասիս քաղաքներուն մէջ տեղի ունենալիք մարզամշակութային այս ծրագիրին։

Ատենապետներու առցանց երկրորդ ժողովը աւարտեցաւ երեք ամիս ետք դարձեալ տեսնուելու խոստումով։

Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու ատենապետներու առաջին ժողովը տեղի ունեցած էր Շաբաթ, 24 Փետրուար 2024-ի։

Տարածենք