Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՇՈՒԷՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

 

Երկուշաբթի, 15 Յուլիսի 2024-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած քոյր Սանտրա Վարդանեանէ, եղբայրներ Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեանէ եւ Վահէ Թանաշեանէ, Շուէտի Մալմօ քաղաքին մէջ այցելեց Շուէտի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութեան կեդրոն եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ կազմակերպութեան արտաքին կապերու պատասխանատու Ալպին Եունհետէի եւ տարածքային զարգացման պատասխանատու Թէօ Սոթերպըրիի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սոտերթելիոյ մեկուսի վարչութեան ատենապետուհի քոյր Սօսէ Երէցեան։

Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-Շուէտի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։ Նշուեցան ուղղութիւններ, որոնք կրնան օժանդակել Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ապագայ ծրագիրներու եւ ռազմավարական նպատակներու հետապնդման եւ իրականացման։ Համաձայնութիւն գոյացաւ ստեղծելու միացեալ յանձնախումբ՝ կազմուած երկու կազմակերպութիւններու պատասխանատուներէ եւ խմբապետներէ, որոնք կը ճշդեն յստակ ընելիքները եւ աշխատանքային ուղղութիւնները։ Կարեւոր նկատուեցան փոխանակման ծրագիրները եւ նորարարական լուծումներն ու մօտեցումները, որոնք յաջողութեամբ կը կիրարկուին շուէտական սկաուտական աշխատանքներուն մէջ։

Տեսակցութիւնը անցաւ բացառիկ համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ։

Աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը Շուէտի կազմակերպութեան յանձնեց Եւրոպայի Ա. միջ-ցամաքամասային բանակումի նշանակով յուշանուէր։ Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, իրենց կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ին փոխանցեցին սկաուտական յուշանուէրներ։

Տարածենք