«ԴԷՊԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿ…»Ը ՍՊԱՆԵՐԷՆՈՎ
Ուրախ լուր սպանախօս հայութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական լայն զանգուածին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեայ երթին նուիրուած՝ 100 ստեղծագործութիւն եւ 100 դէմք ներկայացնող հատորը այժմ հասանելի է սպաներէնով, շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Աբրահամ Ահարոնեանի։
Եղբ. Ահարոնեանի առաջին գործը չէ այս։ Վերջին քառորդ դարուն, եղբ. Ահարոնեան սպաներէնի թարգմանած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրականներու երկու հատորները, միութեան վերջին երկու Ծրագիր-Կանոնագիրները (2019, 2023), «Հ.Մ.Ը.Մ.ական կենցաղագիտութեան եւ փրոթոքոլային հասկացողութեան ուղեցոյց»ը, Կարօ Թիւթիւնճեանի «Հ.Մ.Ը.Մ. եւ ազգային մեծ դէմքեր» գրքոյկը, Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում» կոթողային գործը եւ Յարութ Չէքիճեանի «Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը մայր հայրենիքի մէջ. 1918-1927» «Մարզիկ»ի յօդուածաշարքը։ Թարգմանչական աշխատանքներու կողքին, եղբ. Աբրահամ Ահարոնեան սպաներէնով հեղինակած է «Պատմութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղին 1927-2012» շքեղ հատորը։
Յայտնենք, որ «Դէպի յաղթանակ…»ը լոյս տեսած է 2019-ին, Պէյրութ, Վիգէն Աւագեանի խմբագրութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հրատարակութեամբ։
Ստորեւ՝ եղբ. Աբրահամ Ահարոնեանի ներածական խօսքը, որ տեղ գտած է հատորին սպաներէն թարգմանութեան սկիզբը։ Հատորին առցանց կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ կապով.- homenetmen.org/hy/library
ԹԱՐԳՄԱՆԻՉԻՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆԸ
«Դէպի յաղթանակ…»ը հրատարակութիւնն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ նուիրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին (1918-2018)։ Գիրքը կը ներկայացնէ վկայութիւններ՝ յայտնի եւ անյայտ անձնաւորութիւններու, որոնք իրենց երգերու, բանաստեղծութիւններու եւ պատգամներու միջոցով դարձած են հիմնասիւներ, որոնց վրայ կառուցուած է Շաւարշ Քրիսեանի երազանքն ու գաղափարախօսութիւնը։
Իր սկզբնական տարբերակով, հայերէն լեզուով, գիրքը առաջին բաժինին մէջ կը ներկայացնէ ականաւոր մտաւորականներու երգեր եւ բանաստեղծական ստեղծագործութիւններ, նուիրուած՝ միութեան։ Անոնք չեն ներառնուած սպաներէնի թարգմանուած տարբերակին մէջ։
Գիրքը կը հրամցնէ ազգային կեանքի եւ նշանաւոր անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսներու գրութիւններն ու պատգամները, որոնց մէջ կ’ընդգծուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը՝ ի սպաս հայ ժողովուրդին եւ հայ ազգին։ Գործունէութիւն, որ իրականացած է հաւատարմութեամբ ու զոհողութեամբ՝ յարգելով եւ յարգել տալով իր հիմնադիրներուն սկզբունքներն ու գաղափարախօսութիւնը։
Գիրքին վերջին հատուածին մէջ ներկայացուած են հարիւր ամփոփ կենսագրականներ հարիւր նշանաւոր գործիչներու, որոնք իրենց անխոնջ աշխատանքով նպաստած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէկդարեայ համախմբման ու զարգացման եւ կերտած են «ԴԷՊԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿ…» ուղին։
Համառօտ կենսագրականներուն միջոցով հնարաւորութիւնը պիտի ունենանք ծանօթանալու հարիւր անձնաւորութիւններու կեանքին ու գործունէութեան։ Անոնք հսկայական աշխատանք կատարած են 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ վերջ։ 1918 թուականին Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութենէն առաջ եւ վերջ, ու մինչեւ մեր օրերը։ Գործունէութիւն, որ շատ մը պարագաներու կատարուեցաւ ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ։ Եւ իսկապէ՛ս այդ պատճառով է, որ կատարուած աշխատանքը կը ստանայ բացառիկ կարեւորութիւն։
Վերը նշուած կենսագրականները գիրքին հայերէն տարբերակին մէջ ներկայացուած են այբուբենական կարգով եւ նոյն կարգը պահուած է նաեւ սպաներէն լեզուով տարբերակին մէջ։
Հարկ է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորահաս սերունդները ծանօթանան այս գործին։ Իմանան այս եզակի միութեան պատմութիւնը, ինչ որ պիտի հզօրացնէ իրենց ոգին եւ զոհաբերութեան կոչումը, ի տես միութեան սկզբունքներու ամրապնդման։ Պէտք չէ մոռնալ, որ ծառայել Հ.Մ.Ը.Մ.ին կը նշանակէ ծառայել հայ ժողովուրդին ու հայ ազգին։
ԱԲՐԱՀԱՄ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ