Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական առցանց երկրորդ համագումար

 

Հոկտեմբերի երրորդ եւ չորրորդ շաբաթավերջերուն, 19 եւ 26 Հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական առցանց երկրորդ համագումարը, որ պիտի քննարկէ միութեան քարոզչական աշխատանքներուն ընդհանուր ուղղութիւնները եւ ճշդէ յառաջիկայ հանգրուանի ռազմավարութիւնը եւ թիրախները։
Համագումարին պիտի մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու քարոզչական յանձնախումբերու ներկայացուցիչները եւ ընկերային ցանցերու պատասխանատուները։


Համագումարի օրակարգի վրայ պիտի ըլլան ընդհանրական, ցամաքամասային եւ շրջաններու քարոզչական աշխատանքներու վերաբերեալ նիւթեր։
Յայտնենք, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական առցանց առաջին համագումարը տեղի ունեցաւ երեք տարի առաջ, 6 եւ 13 Նոյեմբեր 2021-ին։

Տարածենք