ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ
Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամով), ընթացք առաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական առցանց Բ. համագումարը, մասնակցութեամբ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 21 շրջաններէ աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներու եւ ընկերային ցանցեր վարող քոյր-եղբայրներու։ Համագումարին ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամներ եւ համագումարի կազմակերպիչ՝ Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ քարոզչական յանձնախումբի անդամ քոյր Նայիրի Ազարիկեան։ Ան ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեանը՝ փոխանցելու իր խօսքը։
Եղբ. Խաչերեան իր խօսքը միութեան քարոզչական մեքենայի ,կամաւոր զինուորներու վաշտեին ուղղելով ըսաւ, որ հարկ է քարոզչական մեր աշխատելաոճը դուրս բերել մեր տեղական, շրջանային ցիր ու ցան վիճակէն եւ աշխարհին ներկայանալ իբրեւ համահայկական, մէկ ու հզօր ամբողջութիւն կազմող միութիւն։ Ան թելադրեց հասարակ յայտարարներ գտնել քարոզչական մեր մօտեցումներուն մէջ, ըլլալ պատշաճ ներկայութիւն, միշտ պահելով Հ.Մ.Ը.Մ.ական բարոյականութեան գլխաւոր արժէքները։
Յաջորդեց ծանօթացման բաժին մը՝ յանձնախումբի անդամներու եւ նման համագումարի մը առաջին անգամ մասնակցողներու։
Ապա, համագումարին առաջին զեկուցումը ներկայացուց Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան։ Ան ներկայացուց յանձնախումբին անցնող քառամեակին (2019-2023) կատարած գլխաւոր աշխատանքները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԺԳ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին բանաձեւերը՝ քարոզչական մարզին վերաբերեալ։
Երկրորդ զեկուցումը ներկայացուց քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ եղբ. դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան՝ նիւթ ունենալով ,Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչութեան ռազմավարական ուղղութիւններըե։ Ան անդրադարձաւ հիմնական չորս ուղղութեան.-
ա. Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճանաչելիութեան եւ հասանելիութեան մակարդակը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւն։
բ. Հ.Մ.Ը.Մ.ի թուային (Digital) ներկայութիւնը եւ ներգրաւուածութիւնը բարելաւելու կարիք։
գ. Զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ մեր գործակցութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւն։
դ. Շրջաններու միջեւ կապերը աւելի ամրապնդելու եւ շրջանային, ցամաքամասային թէ համաշխարհային մեր քարոզչութեան յաւելեալ թափ տալու անհրաժեշտութիւն։
Հուսկ, համագումարին վերջին նիւթը ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան IT-ի աշխատանքներու պատասխանատու եղբ. Շանթ Տէմիրճեան։ Ան ներկայացուց, Ի՞նչպէս ապահովել մեր ցանցերուն անվտանգութիւնըե նիւթը։
Յայտնենք, որ բոլոր ներկայացումները կատարուեցան փաուըր փոյնթերով։
Մէկուկէս ժամուան ներկայացումներէ ետք, համագումարին մասնակիցները բաժնուեցան երեք ենթախմբակներու (Միջին Արեւելք-Հայաստան-Արցախ, Եւրոպա, Ամերիկաներ-Աւստրալիա) եւ հրաւիրուեցան առանձնաբար քննարկելու ներկայացուած նիւթերը եւ իւրաքանչիւրը իր ցամաքամասի պահանջներուն համաձայն մշակելու քարոզչական իր ուղղութիւնները, նկատի ունենալով միութեան քարոզչական ռազմավարութեան գլխաւոր կէտերը եւ տեղական-տեղայնական իւրայատուկ պայմանները։
Ենթախմբակները մինչեւ Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր իրենց առցանց քննարկումները պիտի շարունակեն առանձնաբար եւ իրենց քննարկումներուն արդիւնքները ներկայացնեն համագումարի երկրորդ նիստին սկզբնաւորութեան, Շաբաթ, 26 Հոկտեմբերի, երեկոյեան ժամը 5-ին։
Համագումարը իր երկրորդ նիստով պիտի քննէ նաեւ ընդհանրական կարեւորութիւն ներկայացնող քարոզչական այլ հարցեր եւ մտահոգութիւններ։
Նշենք, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական առցանց առաջին համագումարը տեղի ունեցած էր 6 եւ 13 Նոյեմբեր 2021-ին։