ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ
Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին (Պէյրութի ժամով), համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական առցանց Բ. համագումարը իր աշխատանքները աւարտեց երկու շաբթուան յաջորդական նիստերէ ետք։
Երկրորդ նիստին, ինչպէս առաջինին, իրենց մասնակցութիւնը բերին միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 21 շրջաններէ աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներ եւ ընկերային ցանցեր վարող քոյր-եղբայրներ։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ համագումարի կազմակերպիչ Կեդրոնական Վարչութեան յանձնախումբի քոյրեր եւ եղբայրներ։
Բացման խօսքով ներկաները ողջունեց եւ նիստը վարեց քարոզչական յանձնախումբի անդամ քոյր Նայիրի Ազարիկեան (Սուրիա)։ Ապա, ան հրաւիրեց նախորդ նիստին կազմուած խմբակներու ներկայացուցիչները՝ ներկայացնելու իրենց զեկուցումները։
Արդարեւ, շաբաթ մը առաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչական ռազմավարութեան ընդհանուր ուղղութիւնները ներկայացնելէ ետք, ցամաքամասային դրութեամբ յառաջացած էին երեք խմբակներ (Միջին Արեւելք եւ Հայաստան-Արցախ, Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա), որպէսզի իւրաքանչիւրը առանձին քննարկումներով մշակէ ընդհանուր ուղղութիւններուն համապատասխանող եւ տեղական իւրայատկութիւնները նկատի առնող աշխատանքային ծրագիրներ՝ յատկապէս կեդրոնանալով չորս հիմնական կէտի վրայ.-
ա. Ի՞նչպէս բարձրացնել Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճանաչելիութեան եւ հասանելիութեան մակարդակը։
բ. Ի՞նչպէս բարելաւել Հ.Մ.Ը.Մ.ի թուային (Digital) ներկայութիւնը եւ ներգրաւուածութիւնը առցանց աշխարհին մէջ։
գ. Ի՞նչպէս թափ տալ զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործակցութեան ամրապնդման։
դ. Ի՞նչպէս ամրապնդել Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններու միջեւ կապերը եւ յաւելեալ զարկ տալ միութեան շրջանային, ցամաքամասային թէ համաշխարհային քարոզչութեան։
Այս նիստին, երեք խմբակներու ներկայացուցիչները՝ եղբ. Րաֆֆի Հատիտեան (Գանատա), եղբ. Անտրէ Տատայեան (Փարիզ) եւ քոյր Դալար Պէպէճեան (Լիբանան) ներկայացուցին Ամերիկաներու, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչներու քննարկումներուն արդիւնքները։
Ապա, Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ քոյր Ռուբինա Խայեաթ-Եսայեան ներկայացուց «Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչութեան դիմագիծը. ի՞նչ ընել եւ ի՞նչ չընել» նիւթը («Visual idendity Dos and Don’ts»)՝ հիմնուելով վերջերս պատրաստուած յատուկ ուղեցոյցի մը վրայ։
Յաջորդեց համագումարի կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ քոյր Աստղիկ Աշըգեանի (Գանատա) ներկայացումը՝ քարոզչական աշխատանքներու գործնական եւ ճիշդ կերպով կատարման համար (Հ.Մ.Ը.Մ.ի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու ուղեգիծ, 2023-2027-ի քառամեակի քարոզչական ռազմավարութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերջին Ընդհանուր Ժողովի քարոզչական մարզի բանաձեւեր, միութենական տօնացոյց եւ այլն)։ Քոյրը այս առիթով նաեւ յայտարարեց ստեղծումը ցանցային երկու հարթակի, մէկ կողմէ իրարու կապելու համար միութեան բոլոր շրջաններու քարոզչական պատասխանատուները, իսկ միւս կողմէ լեզուական օժանդակութիւն տրամադրելու համար հայերէնով գրառումներ կատարելու դժուարութիւն ունեցող շրջաններուն։
Առցանց համագումարի աշխատանքներու աւարտին, խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եւ քարոզչական յանձնախումբին մօտ Կեդրոնական Վարչութեան կապ եղբ. Վիգէն Աւագեան։ Եղբայրը շնորհաւորեց կազմակերպիչ յանձնախումբը իր ժրաջան աշխատանքին եւ համագումարին յաջողութեան համար եւ ըսաւ, որ միութիւնը այս համագումարով հիմերը կը դնէ քարոզչական իր համակարգի ստեղծման՝ բրգաձեւ կառոյցով մը, որ կ’երկարի կեդրոնական քարոզչական յանձնախումբէն մինչեւ Շրջանային, Մեկուսի շրջաններու եւ ապա՝ մասնաճիւղերու քարոզչական յանձնախումբեր, բոլորը աշխատանքի նոյն ուղղութեամբ, մէկ միութեան պատկանելու եւ մէկ նպատակի ծառայելու գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ։
Իր խօսքին մէջ, եղբ. Աւագեան անգամ եւս շեշտեց համագումարի մասնակիցներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի «կամաւոր բանակին քարոզչական վաշտը» ըլլալու իրողութիւնը եւ ըսաւ, որ այս «վաշտը» իր կարեւոր մասնակցութիւնը ունի միութեան 26 ճակատի՝ 26 շրջանի մէջ մղած մեծ պատերազմին, անմիջական ու արդիական միջոցներով հայը հայ պահելու աշխատանքին, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար առողջ եւ հաւատաւոր երիտասարդութիւն կերտելու աշխատանքին։
Հուսկ, սեմինարը փակուեցաւ վեց ամիս ետք, շրջաններու քարոզչական պատասխանատուներու առաջին ժողովը կատարելու եւ ծրագրուած աշխատանքները հետապնդելու խոստումով։