Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԵՐՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ

 

Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի Շրջաններու ատենապետներու առցանց երրորդ ժողովը, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ մասնակցութեամբ 16 Շրջաններու ատենապետներու։

Առցանց ժողովին բացումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ Եղբայրը նախ հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ այս օրերուն Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան մասին, ապա հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ եղբայրներ Վիգէն Աւագեանը, Մհեր Դաւիթեանը, Վիգէն Աբէլեանը եւ քոյր Սանտրա Վարդանեանը՝ ամփոփ զեկուցումներ տալու քարոզչական առցանց Բ. համագումարին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նաւապտոյտին (13-20 Յուլիս 2026), նուիրահաւաքի աշխատանքներուն եւ Արցախի երեխաներուն համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի կատարած բակային ճամբարներուն մասին։

Ժողովին երկրորդ մասով, ներկայ ատենապետները նախապէս յղուած փաուըր-փոյնթ հարցարաններու ճամբով ներկայացուցին իրենց Շրջաններու ընդհանուր իրավիճակը՝ Պատգամաւորական վերջին Ընդհանուր Ժողովէն (Հոկտեմբեր 2023) մինչեւ օրս երկարած ժամանակաշրջանին։ Անոնք յատուկ կերպով անդրադարձան իրենց շրջաններու իրագործումներուն, Արցախի ի նպաստ նախաձեռնութիւններուն, սկաուտական, մարզական, քարոզչական եւ երիտասարդական մարզերու աշխատանքներու եւ դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւններու։

Չորս ժամուան բաւական երկար ու սպառիչ ժողովէ մը ետք, ներկաները իրարմէ բաժնուեցան 15-17 Նոյեմբերին, միջ-դիւանական ԺԱ. խորհրդաժողովին, Երեւանի մէջ տեսնուելու խոստումով եւ ժողովին ներկայացուած հարցերը այնտեղ խոր կերպով քննարկելու որոշումով։

Տարածենք