Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
2023-2027 քառամեակի Կեդրոնական Վարչութեան երկրորդ լիագումարի նիստերը տեղի ունեցան Չորեքշաբթի, 13 եւ Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ, Հայաստան։
Երկու օրուան վրայ երկարած նիստերը քննարկեցին Պատգամաւորական ԺԳ. Ընդհանուր Ժողովէն (Հոկտեմբեր 2023) մինչեւ օրս իրագործուած գլխաւոր ձեռնարկները, «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախ հիմնադրամ»ի իրագործումները եւ Կեդրոնական Վարչութեան եօթը յանձնախումբներու աշխատանքները։
Նիստերը արծարծեցին նաեւ յառաջիկայ երեք տարիներուն նախատեսուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներու կազմակերպման ընթացքը (համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր եւ բանակում, ցամաքամասերու մարզախաղեր եւ բանակումներ, քարոզչական եւ երիտասարդական համագումարներ եւ այլն)։ Յատուկ օրակարգով քննութեան նիւթ դարձան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը, տնտեսական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք 2026-ի նաւապտոյտը եւ միութեան կայքէջի ու բջիջային հեռաձայնի յատուկ ծրագիրին արդիականացումը։