Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄԻՋ-ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ 11-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ
Երկօրեայ նիստերէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովը աւարտեցաւ Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ։
Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 17 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի վարչութիւններուն եւ միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն։
Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին առջեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան։ Ապա, բոլորը ուղուեցան անմառ կրակին շուրջ, ուր ծաղիկներ խոնարհեցին մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին եւ Տէրունական աղօթքով հրաժեշտ տուին հայութեան սրբավայրին։
ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՀԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ՄԱՀԱՑԱԾ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմանդամ պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Ս. Էջմիածին, ուր ներկայ գտնուեցաւ Պատարագի եւ մահացած ու նահատակուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յիշատակին յատկապէս կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնի։
Հոգեհանգիստէն առաջ, Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան Արք. Յովհաննիսեան ներկայ հաւատացեալներուն կարճ խօսքով մը ծանօթացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ անոր 106 տարուան մարդանուէր ու հայանուէր առաքելութիւնը։ Ապա, բոլորը իրենց աղօթքներով հոգիներու խաղաղութիւն խնդրեցին այն Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու համար, որոնք այս աշխարհէն հեռացան միութեան ու ազգին հանդէպ իրենց պարտքը կատարած ըլլալու խիղճի հանգստութեամբ։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-Ի 35-ԱՄԵԱԿԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ ԵՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄՆԵՐԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի պատուիրակութիւնները, օր մը առաջ, Շաբաթ, 16 Նոյեմբերի երեկոյեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակի ճաշկերոյթին, որուն ներկայ գտնուեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամներ եւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեան եւ Արգիշտի Գէորգեան, Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարեկամներ ու բարերարներ, ընդամէնը՝ 250 հոգի։
Ճաշկերոյթին պաշտօնական բաժինով ներկայացուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35ամեայ երթը ներկայացնող տեսանիւթ մը։ Յոբելեար շրջանին անունով խօսք արտասանեց ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին անունով՝ Գեղամ Մանուկեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով՝ եղբ. Վիգէն Աւագեան։
Այս առիթով տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35ամեայ երթին մէջ մեծ ներդրում ունեցած վաստակաշատ միութենականներու պարգեւատրում։ Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի «Ոսկէ շուշանածաղիկ» շքանշանին արժանացան եղբայրներ Էմիլ Մաղաքեան (ի բացակայութեան) եւ Պերճ Թիւֆէնկճեան։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի «Վարդան Բախշեան» շքանշանը շնորհուեցաւ նահատակին գործակից, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի վերընձիւղման առաջին սերունդի անդամներէն եղբ. Բագրատ Եսայեանի։ Շքանշանը յանձնեց նահատակ Վարդանին մայրը՝ Այտա Բախշեանը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանին արժանացաւ եղբ. Դաւիթ Յակոբեան, իսկ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին տիրացաւ եղբ. Օշին Փիրումեան։ «Արժանեաց» շքանշանը յանձնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։
Ճաշկերոյթին հատուեցաւ 35-ամեակի կարկանդակը եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական հարուստ յայտագիր։