Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅՐԵՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի մասնակցութեան համար Երեւան ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ շրջաններու պատասխանատուներու ներկայութենէն օգտուելով, Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հանրային կապերու մարմինը ծանօթացման հանդիպում-ընդունելութիւն մը կազմակերպեց հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար։ Հանդիպումը նպակատադրեց 106-ամեայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը եւ անոր 35-ամեայ հայաստանեան կազմակերպութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ը մօտէն ծանօթացնել հայրենի բանաւոր, գրաւոր թէ ելեկտրոնային մամուլին եւ փոխադարձ կապեր հաստատել Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Հանդիպում-ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ «Քոնկրէս» հիւրանոցին մէջ, ներկայութեամբ 15 լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցներու։
Հանդիպումին կազմակերպիչ մարմինին անունով ներկաները ողջունեց եւ կարճ տեսանիւթով մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանրային կապերու համակարգը ներկայացուց եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ սովորականէն տարբեր հաւաք մըն է այս մէկը, որովհետեւ այստեղ հաւաքուած՝ ոչ-աշխատանքային հանդիպում մը կ’իրականացնենք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան նպատակները ծանօթացնելու եւ առաքելութեան գլխաւոր առաջադրանքները պարզելու համար։ Հանդիպումը առիթ մըն է 106-ամեայ այս միութեան զանազան շրջաններու աշխատանքներու ծանօթացման եւ փոխադարձ գործակցութեան կապերու հաստատման։
Ապա, խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան։ Ան ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի մէջ վերընձիւղման պատմականը, շեշտելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ. Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրերուն ունեցաւ կարճատեւ, սակայն երախտաշատ գործունէութիւն, ապա՝ 70 տարուան տարագրութենէ ետք, ան հայրենիքի մէջ վերընձիւղուեցաւ 2 Դեկտեմբեր 1989-ին, երբ տակաւին Հայաստան անկախ չէր։ Այսօր, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ը 35 տարեկան է,- հաստատեց եղբ. Մկրտչեան-, յիշեցնելով որ 1996 թուականէն ի վեր, իբրեւ Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն (Հ.Ա.Ս.Կ.), Հ.Մ.Ը.Մ. հայրենի սկաուտութիւնը կը ներկայացնէ Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին մօտ։
Եղբ. Մկրտչեան նշեց, որ իբրեւ սկաուտական շարժում, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ կը նպատակադրէ պատրաստել կիրթ, ազնիւ, բնապահպան, ազգասէր ու հայրենասէր սերունդ մը, որ ըլլայ տէր ու պահապան մարդկային արժանիքներու եւ ազգային արժէքներու։
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը եւ պատմական երթը ծանօթացնող տեսանիւթ մը։
Հանդիպում-ընդունելութեան վերջին խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ հանրային կապերու պատասխանատու եղբ. Վիգէն Աւագեան։ Ան անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եզակի միութիւն մը ըլլալու հանգամանքին, դիտել տալով որ՝
ա. Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան վրայ արեւը մար չի մտներ։ Ան կը գործէ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու 26 երկիրներու 115 քաղաքներու մէջ։
բ. Ունի 106 տարուան պատմութիւն ու աւանդ։ Նորանկախ Հայաստանի հնագոյն պատանեկան-երիտասարդական միութիւնն է, որ հիմնուած է նախքան անկախութեան հռչակումը եւ այսօր 35 տարիէ ունի անընդմէջ գործունէութիւն։
գ. Ունի տարբեր միջավայրերու մէջ գործելու փորձառութիւն (Պոլսոյ թաղերէն Կիւմրիի որբանոցները, սփիւռքեան հիւղաւաններէն արեւմտեան հսկայական քաղաքներ, հասնելու համար մայրաքաղաքներ Ստեփանակերտ, Երեւան, Թիֆլիս, Մոսկուա եւ այլուր)։
դ. Ունի կամաւոր սկզբունքով գործելու իւրայատկութիւն։
ե. Ունի երեք ճիւղով՝ սկաուտական, մարզական եւ վարչական աշխատանքներու ճամբով սերունդ կերտելու առաքելութիւն։
զ. Ունի միջազգային ճանաչում (Համաշխահարհային Սկաուտական Շարժումին մօտ) եւ մեծ վարկ ու հեղինակութիւն (գործող երկիրներու սկաուտական եւ մարզական ֆետերասիոններուն եւ տեղական շրջանակներուն մօտ)։
Ապա, իր խօսքը ներկայ հիւրերուն ուղղելով, եղբ. Աւագեան յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. եւ զանգուածային լրատուամիջոցներ նոյն գործը կը կատարեն տարբեր միջոցներով։ Երկուքն ալ կը զբաղին քաղաքացիական դաստիարակութիւն ջամբելու եւ գիտակցական մտածողութիւն կերտելու աշխատանքով։ Երկունքն ալ սերունդ ու միտք կը պատրաստեն, հետեւաբար ան կենսական նկատեց երկուքին գործակցութիւնը, մէկ կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն արձագանգումի կարելիութիւնները ընդլայնելու, իսկ միւս կողմէ լրատուամիջոցներու աշխատանքին շահագրգռութեան ծիրը ընդարձակելու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիր լայն զանգուածին հասնելու համար։
Խօսքերուն յաջորդեց ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն եւ զրոյց՝ ներկայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատուներուն միջեւ։ Հիւրերը հանդիպումէն մեկնեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանրային կապերու մարմինին կողմէ տրամադրուած նուէրներով (Հ.Մ.Ը.Մ.ի թանգարանին ալպոմ-յուշամատեանը, «Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան մասին յաճախ հարցուող հարցում-պատասխաններու պռոշիւրներ եւ յատուկ Եու.Էս.Պի.ներ, որոնք ընդգրկեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ական գրականութեան, պատմութեան գիրքերու, միութեան «Մարզիկ»պաշտօնաթերթի PDF օրինակներ, տեսանիւթեր եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանրահայմանացման անհրաժեշտ նիւթեր)։