ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔ՝ ԱՐՑԱԽՑԻ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

 

Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արցախ հիմնադրամ»ին, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի վարչութեան, Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ տօնական օր՝ անսահման ուրախութեամբ, զուարճանքներով եւ կախարդական մթնոլորտով։

Տօնական օրուան իրենց մասնակցութիւնը բերին մասնաճիւղին սկաուտական կազմը եւ գայլիկներ՝ Երեւանէն, Արմաւիրէն, Մասիսէն ու Աբովեանէն։ Մասնակիցները իրենց հետ բերած էին մէկական արցախցի երեխայ։

Երեխաներուն ընկերացան պատասխանատուներ՝ Աբովեանէն, Մասիսէն եւ Արմաւիրէն։ Սկաուտներ պատրաստեցին Ամանորի նուէրները, իսկ ծնողական խորհուրդը պատրաստեց ուտելիքները։

Երեխաները Երեւան հասնելով հաւաքուեցան Երեւանի երգի պետական թատրոն եւ միասին դիտեցին «Ամանորեայ կողոպուտը» երաժշտական ներկայացումը։

Ներկայացումի աւարտէն ետք, բոլորը ուղղուեցան մայրաքաղաքի հրապարակ, ուր համտեսեցին ծնողական խորհուրդին համեղ ուտելիքները եւ սպասեցին Կաղանդ պապուկին ժամանումը՝ Ամանորի նուէրներով։

Բացի նուէրներէն, տօնական օրուան մասնակիցները ստացան «Երեւան փարք»ի տոմսեր՝ Ամանորեան կախարդանքը մեծ վայելքով շարունակելու համար։

Տարածենք