ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԸ
Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2024-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու խմբապետական առաջին առցանց ժողովը՝ ներկայութեամբ 23 շրջաններէ 29 խմբապետներու եւ Կեդրոնական Վարչութեան 10 անդամներու։
Ժողովին ընթացքին Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական կորիզի անդամները խմբապետներուն զեկուցեցին միութեան սկաուտական մարզի անցնող մէկ տարուան աշխատանքները՝ Խմբապետական Թ․ համագումար եւ անկէ բխած աշխատանքային խմբակներու գործունէութիւն, Եւրոպայի ցամաքամասի բանակում, գործուղումներ դէպի Պուլկարիա եւ Գահիրէ։
Խմբապետներուն փոխանցուեցան նաեւ յառաջիկային տեղի ունենալիք ծրագիրներ։ Խմբապետները, իրենց կարգին, կատարեցին շինիչ առաջարկներ։
Ժողովը, որ եռամսեայ հերթականութեամբ պիտի կրկնուի, աւարտեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբայր Յակոբ Խաչերեանի խօսքով՝ ուղղուած խմբապետներուն։