Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԱՐԶԻԿ (Կլէնտէյլ)- 28-30 Հոկտեմբեր 2016-ի շաբաթավերջին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու 38-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովը, շրջանի աւելի քան հարիւր ընտրեալ ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ:
Նոյն օրերուն, Կիպրոսի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստերու եւ միջ-դիւանական 9-րդ խորհրդաժողովի գումարման պատճառով, Կեդրոնական Վարչութիւնը ժողովին ներկայացուցիչ նշանակած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ Համլէթ Չրախճեանը: Թուականի խաչածեւման պատճառով շրջանը ներկայացուցիչներ չունէր միջ-դիւանական խորհրդաժողովին։
Շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն այս ժողովին բացումը կատարեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուէլ Մարսէլեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց զանոնք յոտնկայս յարգելու յիշատակը նոր մահացած՝ շրջանի վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Վարդգէս Ալահայտոյեանին: Ապա, ժողովը ընտրեց առժամեայ դիւանը: Եռօրեայ օրակարգի վաւերացումէն եւ մասնաճիւղերու նիւթական պարտաւորութիւններու հաստատումէն ետք, ժողովը ընտրեց իր մնայուն դիւանը: Ատենապետ ընտրուեցան եղբայրներ Վիգէն Աբէլեան եւ Գօգօ Մկրեան, իսկ քարտուղար՝ եղբայրներ Րաֆֆի Վարժապետեան, Վաչէ Մկրտիչեան, քոյրեր Պէթի Մկրեան եւ Սոնա Մենաշեան:
Ժողովի քուէախոյզ, բանաձեւի եւ նախահաշիւի յանձնախումբերու ընտրութիւններէն ետք, ժողովականները իրենց ճշդումները կատարեցին Շրջանային Վարչութեան երկամեայ բարոյական տեղեկագիրին մէջ եւ լսեցին անոր նիւթական զեկոյցը: Հաշուեքննիչ եւ արխիւային յանձնախումբերու զեկոյցները ընթերցուելէ ետք, ժողովականները իրենց լուսաբանական հարցումները ուղղեցին ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագիրներուն շուրջ:
Յաջորդ օրուան առաւօտեան նիստին, Շրջանային Վարչութիւնը տուաւ իր տեղեկագիրներուն մասին ներկայացուած հարցումներուն սպառիչ պատասխանները, որմէ ետք ժողովը անցաւ ըստ էութեան քննարկման օրակարգին: Բոլոր արտայայտուողներն ալ բարձր գնահատեցին ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, յատկապէս գնահատանք արձանագրեցին շեփորախումբի վերակազմութեան, երիտասարդական բաժանմունքի եւ Սաքրամենթոյի «Լոռի» միաւորի ստեղծման, դաստիարակչական սեմինարներու կազմակերպման, Վեհափառ Հայրապետի շրջան այցելութեան առիթով կազմակերպուած երիտասարդական հաւաքին, Նաւասարդեան աշխատանքներու յաջող կազմակերպման եւ մասնաճիւղերու հանդէպ ցուցաբերուած հոգատարութեան համար:
Այնուհետեւ, ժողովականները բաժնուեցան խմբակներու եւ հետեւեալ կարեւոր նիւթերը քննեցին եւ իրենց համապատասխան առաջարկները ներկայացուցին ժողովին.- Կազմակերպչական, Դաստիարակչական, Մարզական, Սկաուտական, Բանակավայր, Նաւասարդեան ձեռնարկներ, Հանրային կապ-Մամուլ: Ժողովը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ 2018-ին զուգադիպող Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին եւ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 50-ամեակին, անոնց նշումը լաւապէս կազմակերպելու առաջադրութեամբ:
Կիրակի, 30 Հոկտեմբերին, ժողովը զբաղեցաւ շրջանի ներքին կանոնագիրի փոփոխութեան կէտերու քննարկումով:
Ապա, ժողովը վաւերացուց բանաձեւի յանձնախումբին ներկայացուցած բանաձեւը, որ «յոյժ գովելի» կը գտնէր ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը:
Այնուհետեւ, յառաջիկայ երկամեակի նախահաշիւի վաւերացումէն ետք, ժողովը ընտրեց ինը հոգինոց նոր Շրջանային Վարչութիւն մը հետեւեալ կազմով.- եղբայրներ Մանուէլ Մարսէլեան, Սագօ Կարպետեան, Արամ Երեմեան, Արամ Թոմաս, Արտաշէս Ղազարեան, Պերճ Պետոյեան, Փիէր Մանուկեան, Արմանտ Քիլիճեան եւ Արամ Պեքարեան:
Հաշուեքննիչ եւ արխիւային յանձնախումբերու ընտրութենէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ եղբ. Համլէթ Չրախճեան, որ շնորհաւորեց օրուան դիւանը իր դժուարին աշխատանքը լաւապէս կատարելուն համար, իսկ ժողովականները՝ իրենց աչալուրջ հետեւողականութեան համար: Եղբայրը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան՝ իր բացառիկ աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Շրջանային Վարչութեան:
Դիւանի անունով շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ ատենապետներէն եղբ. Վիգէն Աբէլեան: Ժողովը վերջ գտաւ ժամը 1.30-ին, «Յառաջ նահատակ» քայլերգով: