ՏԵՍԻԼՔԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.

 

Տօն է այսօր Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.ին հետ տօնական ցնծութիւն կ’ապրի մեր յաւերժական մայրաքաղաք Երեւանը, որ սա պահուն կը հիւրընկալէ 19 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 1000 մարզիկ-մարզիկուհիներ, մարզիչներ, իրաւարարներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատասխանատուներ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մեծագոյն մարզախաղերն են, որ այսօր ընթացք կ’առնեն անկախ Հայաստանի դրօշին առաջնորդութեամբ, հայրենի պետութեան լայն աջակցութեամբ եւ Սփիւռքի նախարարութեան անվերապահ օժանդակութեամբ։ Մարզախաղերը կը նախագահեն Սիտնիէին, բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Տէր եւ Տիկ. Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ, որոնք իշխանական նուիրատուութեամբ մը կարելի կը դարձնեն այս մարզախաղերուն կազմակերպումը Հայաստանի մէջ։

Այս մարզախաղերուն, 10 օրեր շարունակ, մեր մարզիկ-մարզիկուհիները պիտի մրցին 9 մարզաձեւերու մէջ, պիտի յաղթեն ու պարտուին, սակայն բոլորը պիտի շահին հայրենի հողին վրայ ըլլալու, հայրենիքով ապրելու եւ հայրենիքով զօրանալու մեծ ուժը։

Հայրենիքը պիտի վերագտնէ իր հարազատ զաւակները, իսկ զաւակները պիտի գտնեն ա՛յն հայրենիքը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրենց դաստիարակութեամբ, իրենց մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ է արդէն, իրենց ամէնօրեայ ապրումներուն եւ զգացումներուն մէջն է անպայման։

108 մասնաճիւղերու միութիւնն է Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Ան ունի նման մարզախաղեր կազմակերպելու 100 տարուան կենսափորձ։ Պոլսոյ ողիմպիականներէն մինչեւ Միջին Արեւելքի երբեմնի միջ-մասնաճիւղային խաղեր, հասնելու համար 1981-ին ընթացք առած այս մարզախաղերը Հ.Մ.Ը.Մ.ին ապահոված են հայ մարզական կեանքին յառաջատար միութիւնը ըլլալու իրաւունքը։

Այս մարզախաղերը ո՛չ միայն մեծագոյնն են Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մէջ, այլեւ՝ ամէնէն յիշատակելին են ցարդ կատարուած բոլոր մարզախաղերու շարքին, որովհետեւ այսօր, 10-րդ այս մարզախաղերու բացումով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը բացումը կը կատարէ միութեան 100-ամեակի յոբելենական տարուան։

Բացման այս հանդիսութենէն սկսեալ եւ մինչեւ 2018 թուականի աւարտ, Հ.Մ.Ը.Մ. արժանավայել շուքով կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, որ կը զուգադիպի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին։ Հ.Մ.Ը.Մ. եւ Առաջին Հանրապետութիւն հոգեհարազատներ են։ Հ.Մ.Ը.Մ. 100 տարի կրած ու պահպանած է ազգային այն արժէքները, որոնք դարբնուած են Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի յոբելենական տարին կը զուգադիպի նաեւ մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակի եւ մայրաքաղաք հռչակման 100-ամեակի պանծալի թուականներուն։ Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ 108 մասնաճիւղերը ներկայացնող 108 քաղաքներէն մեր սրտագին ողջոյնները կը բերենք մեր մայրաքաղաքին՝ յարատեւ վերելք եւ զարգացում մաղթելով անոր։

Յարգելինե՛ր,
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական բանակը յառաջիկայ 10 օրերուն ազնիւ մրցակցութեան եւ արդար խաղի լաւագոյն օրինակները պիտի տայ մարզասէր մեր հանրութեան։ Մեր տղաքն ու աղջիկները անհատական թէ խմբային իրենց յաջողութիւններով պիտի բարձրանան եւ իրենց հետ հայութիւնն է որ պիտի բարձրացնեն ամուր, պայծառ եւ շէնշող Հայաստանի մը տեսիլքով։

Հ.Մ.Ը.Մ. տեսիլքներու հաւատացող միութիւն է։ 28 տարի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը հայրենիքէն դուրս կատարելով, ան տեւական տեսիքը ունեցաւ այդ մարզախաղերը Հայաստանի մէջ կատարելու։ Այսօր, արդէն 3-րդ անգամն է, որ այդ մարզախաղերը կը կատարուին Հայաստանի մէջ, 2009-ի եւ 2013-ի յաջող փորձառութիւններէն ետք։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեսիլքն է, որ այս մարզախաղերը մօտալուտ ապագային կատարուին աւելի՛ հզօր ու աւելի՛ բարգաւաճ Հայաստանի մը մէջ։

Հայաստան մը, որ հպարտանայ մեր յաջողութիւններով։

Հայաստան մը, որ զօրանայ մեր իրագործումներով։

Հայաստան մը, որ ըլլայ բոլորի՛ս Հայաստանը։

Կեցցէ՛ ազատ ու անկախ Հայաստանը։

Կեցցէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ կեցցե՛ն համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերը։

Իսկ այժմ, յանուն 26 հազար անդամներ գլխաւորող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, պատմական այս պահուն, բացուած կը յայտարարեմ միութեան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերը եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլոր մասնակիցներուն։

Յառա՜ջ, Հ.Մ.Ը.Մ., յառա՜ջ անսասան, յառա՜ջ անդեդեւ,
Յառա՜ջ, պատուաբեր անցեալէն՝ յաղթական ապագայ,
Յառա՜ջ դէպի նոր հարիւրամեակ։

 

Տարածենք