Հ.Մ.Ը.Մ. ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՕ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

 

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոնթէվիտէոյի Մասնաճիւղի Վարչութիւն
ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՕ

Ուրուկուէյի մէջ, ֆութպոլը միշտ ալ ունեցած է լայն ժողովրդականութիւն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոնթէվիտէոյի մասնաճիւղը (հիմնուած՝ 1987-ին), իր պատմութեան 30 տարիներուն, մասնակցած է ֆութպոլի զանազան ձեւի մրցումներու եւ մրցաշարքերու՝ մեծ դաշտի սովորական ֆութպոլէն մինչեւ փակ դաշտերու մէջ կիրարկուող ֆութսալ։ Մասնաճիւղը արձանագրած է բազմաթիւ պատուաբեր արդիւնքներ, միշտ ի մտի ունենալով որ ֆութպոլը միջոց է եւ երբեք՝ նպատակ։ Ֆութպոլի ճամբով միութեան շուրջ կը համախմբուի երիտասարդութիւն մը, որ հայեցի ապրումներով կը մեծնայ եւ քաղաքացիական առողջ դաստիարակութիւն կը ստանայ։


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոնթէվիտէոյի մասնաճիւղի ֆութսալի խումբը կը մասնակցի երկրի ախոյեանութեան մրցումներուն։ Անցեալ տարի, խումբը ամէնէն նուազ թիւով կոլեր ստացող խումբը ըլլալով՝ հանդիսացաւ երկրի փոխ ախոյեան։


Այս տարի, խումբը օժտուեցաւ երիտասարդ նոր տարրերով եւ շարք մը յաղթանակներէ ետք յաջողեցաւ հասնիլ ախոյեանութեան արծաթեայ բաժակի հանգրուանին։ Աւարտականին, ան իր դէմ ունեցաւ Խուվէնդուտ Ունիտա հզօր խումբը եւ բաւական սուր մրցակցութենէ ետք, Միքայէլ Տէմիրճեանի եւ Միսաք Փանոսեանի կոլերուն շնորհիւ կարողացաւ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնել զայն եւ տիրանալ երկրի ախոյեանութեան տիտղոսին։


Ուրախութիւն է աւելցնել, որ ախոյեանական բաժակի տուչութեան օրը Հ.Մ.Ը.Մ. արժանացաւ նաեւ «Արդար խաղ»ի («Fair play») բաժակին, ինչ որ գոհունակութեան եւ հպարտութեան առիթ մը եղաւ մասնաճիւղի մարզիկներուն, անդամներուն եւ համակիր լայն շրջանակին համար։


Այս առթիւ կը հրաւիրենք մասնաճիւղին լուրերուն հետեւիլ՝ Like ընելով դիմատետրի ՀՄԸՄ Homenetmen Montevideo էջը:

ՆԿԱՐ
Ախոյեան կազմը. ոտքի, ձախէն աջ՝ Միսաք Տէրտէրեան, Ալէխօ Մոզեան, Խեռարտօ Փօլատեան, Ժաննի Թրիփոտի, Քիան Գապէզաս, Գարլոս Պիանչի (մարզիչ):
Նստած, ձախէն աջ՝ Միքայէլ Տէմիրճեան, Տիէկօ Գույումճեան, Միսաք Փանոսեան, Արամ Վարժապետեան, Անդրանիկ Փանոսեան եւ Կապրիէլ Պարսամեան։
Նկարէն կը բացակային Րաֆֆի Տէմիրճեան եւ Գարլոս Մարգարեան:

Տարածենք