Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ 27-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒԵՑԱՆ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

 

Մ. Փուչիկեան-Նալպանտեան
ՊՈՍԹԸՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Նաւասարդեան 27-րդ մարզախաղերը յիշատակելի օրեր պարգեւեցին Փրովիտընսի «Իստ Կրինիչ» երկրորդական վարժարանի մարզադաշտերը համախմբուած շրջանի հայութեան, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական խանդավառութեան բարձր մթնոլորտի մէջ, երեք օր շարունակ հետեւեցան ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, լողի, վազքի եւ թենիսի հետաքրքրական խաղերու:

Այս մարզախաղերուն կը մասնակցէին շրջանի 11 մասնաճիւղերէն աւելի քան 450 մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք կու գային Ալպընիէն, Պոսթընէն, Մերիմէք Վելիէն, Շիքակոյէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ֆլորիտայէն, Ուաշինկթընէն, Փրովիտընսէն եւ Տիթրոյթէն։ Մարզիկները իջեւանեցան Փրովիտընսի «Պիլթմոր» պանդոկը եւ հիւրընկալուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փրովիտընսի մասնաճիւղին կողմէ, որ այս առթիւ ճիգ չէր խնայած մարզական եւ ընկերային լաւագոյն մթնոլորտը ստեղծելու:

 

ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ
Մարզախաղերը տեղի ունեցան ծիլ, փոքր, կրտսեր, երէց եւ վեթերան մարզիկ-մարզիկուհիներու դասակարգերով: Մարզիկներու, ծնողներու եւ բարեկամներու խանդավառութիւնը դժբախտաբար տրտմութեան մթնոլորտի փոխուեցաւ, երբ պասքեթպոլի առաջին խաղին սկիզբը, Նիւ Ճըրզիի տղոց խումբին մարզիչը, սիրուած ու յարգուած եղբ. Մարք Ալաշայեան սրտի կաթուածով մը հոգին աւանդեց, խոր սուգի մատնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը։ Խաղերը շարունակուեցան եղբ. Մարքի յիշատակին եւ իւրաքանչիւր մարզիկ իր թեւին վրայ կրեց սեւ ժապաւէն մը:

 

ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԸ
Մարզախաղերու յաղթանակի ճաշակերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Ռոտ Այլընտի «Քընվէնշըն» կեդրոնի շքեղ սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Արեւելեան Մ. Նահանգներու Թեմի Առաջնորդ Օշական Արք. Չոլոյեանի, ներկայութեամբ բազմաթիւ հրաւիրեալներու եւ աւելի քան 780 հայորդիներու:

Յայտագիրի պաշտօնական բաժինով, հանդիսավար քոյր Մենար Դարբինեան երեկոն բացաւ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն։ Ապա, ան ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրերը` Օշական Արք. Չոլոյեան, Գաբրիէլ Քհնյ. Նազարեան` Փրովիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Պատուելի Յակոբ Մանճելիքեան, օրուան «թագաւոր»՝ Արամ Կարապետեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժանօ Աւետիսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վահէ Թանաշեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Թալին Տաղլեան, Փրովիտընսի մասնաճիւղի ատենապետուհի քոյր Սիրան Գրիգորեան, կարգադիր յանձնախումբի պատուոյ ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչատուրեան, կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Կարօ Թաշեան, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Խօսք առաւ 27-րդ Նաւասարդեան խաղերու կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Կարօ Թաշեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Փրովիտընսի մասնաճիւղին, որ մարզախաղերու աշխատանքներուն պատասխանատուութիւնը վստահեցաւ նոր սերունդի անդամներուն։

Յաջորդ խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վահէ Թանաշեան։ Ան առաջին հերթին ցաւակցութիւն յայտնեց եղբ. Մարգ Ալաշայեանի մահուան տխուր առիթով։ Ապա, ան իր խորին շնորհակալութիւնները փոխանցեց Փրովիտընսի մասնաճիւղին, այս տարուան մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ հիւրընկալ մարմնին, յիշեցնելով որ քանի մը ամիսէն Նիւ Ճըրզիի մէջ մեծ շուքով պիտի տօնակատարուի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան հիմնադրութեան քառասնամեակը։

Իր խօսքէն ետք, եղբ. Թանաշեան յուշատախտակով մը պատուեց Փրովիտընսի գաղութին հանրածանօթ ազգային եւ Նաւասարդեան 27-րդ մարզախաղերու նախագահ՝ օրուան «թագաւոր» Արամ Կարապետեանը, գնահատելով անոր ջանքերը՝ Ռոտ Այլընտի դպրոցներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան դասանիւթի որդեգրման մէջ։

Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժանօ Աւետիսեան, իր կարգին, ցաւակցութիւններ յայտնեց Մարք Ալաշայեանի մահուան տխուր առիթով։ Ապա, ան գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի 99 տարիներու անխոնջ աշխատանքը, աւելցնելով որ Հայ Դատը անցած է ճանաչման փուլէն պահանջատիրութիւն եւ հատուցում, եւ թէ՝ հայ երիտասարդը հետեւողական ու աննահանջ ոգիով տէր պիտի կանգնի իր տուած երդումին՝ «Դէպի յաղթանակ» երթին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան իր պատգամով գնահատեց Շրջանային Վարչութեան եւ Փրովիտընսի կազմակերպիչ յանձնախումբին տարած աշխատանքը: Ան նշեց, որ 2018-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան հարիւրամեակը ապացոյց է, որ անցնող 100 տարիներու դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները միշտ յաղթահարուած են միութեան հիմնադիրներուն եւ յաջորդական պատասխանատուներուն կամքով եւ նուիրումով։ «Անուանական գոյութիւն չէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, այլ՝ կամաւոր նուիրում է մեր համակիր ժողովուրդին, որ իր զաւակները վստահեցաւ մեր առաքելութեան եւ գաղափարախօսութեան, որպէսզի նոր սերունդը մեծնայ ազգային, բարոյական ու ընտանեկան կարգապահ մթնոլորտի մէջ» շեշտեց եղբ. Մեսրոպեան։

Վերջին խօսքը արտասանեց Արեւելեան Մ. Նահանգներու Առաջնորդ Օշական Արք. Չոլոյեան։ Ան իր խրախուսիչ պատգամով դրուատեց 99 տարեկան Հ.Մ.Ը.Մ.ը, շեշտելով որ ան սիրելի մօր մը պէս եղաւ մեր դաստիարակը՝ մեզ սնուցանելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարականով, ինքնութիւն տալով մեր սերունդին։ Առաջնորդը աւելցուց, որ պատկանելիութեան զգացումը, ինքնութեան կողքին, շատ կարեւոր է, քանի ան կը պահանջէ զոհողութիւն, ծառայութիւն, անսակարկ նուիրում եւ դաստիարակելու պարտականութեան խոր զգացում, որպէսզի անտարբերութիւնը եւ անհոգութիւնը մեր շարքերէն ու տուներէն ներս չսպրդին։ «Ճակատաբաց ապրինք, ուժ ամբարենք, իբրեւ հաւաքականութիւն, կայտառ մնանք, որպէսզի հպարտօրէն ըսենք, որ թշնամին պարտուեցաւ ու մենք յաղթեցի՛նք» աւելցուց ան։

Յայտագիրի պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները Մոնթրէալէն ժամանած երգիչ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին ու Պոսթընի Տի. Ճէյ. Ռէմզի ճոխ երգերով, պարերով ու յեղափոխական երգերով խանդավառ պահեր ստեղծեցին մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր:

 

ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Նաւասարդեան 27-րդ մարզախաղերու փակման շքեղ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Մաունթ Փլէզընթ երկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ, հովանաւորութեամբ Արեւելեան Մ. Նահանգներու Թեմի Առաջնորդ Օշական Արք. Չոլոյեանի, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմահարիւր համակիրներու: Իսկական վայելք մըն էր ականատես ըլլալ չորս հարիւրէ աւելի մարզիկներու, սկաուտներու, արենոյշներու, գայլիկներու եւ կակուղ թաթիկներու տողանցքին: Տողանքը կ’առաջնորդուէր Փրովիտընսի մասնաճիւղի սկաուտական շեփորախումբին կողմէ:

Փակման հանդիսութիւնը վարեցին քոյր Մարալ Խաչատուրեան եւ եղբ. Ռաֆֆի Ռշտունի, որոնք քոյր Մենար Դարբինեանի հետ, փոխն ի փոխ արտասանուած հայաշունչ խօսքերով ներկայացուցին հպարտ ու բարձրաճակատ տողանցող մեր ապագայ սերունդը: Սկաուտներու եւ մարզիկներու դաշտ մուտքէն ետք, Առաջնորդը իր բացման աղօթքէն անմիջապէս ետք արտասանեց «Հոգւոց Հանգուցելոց» աղօթքը՝ նորոգ հանգուցեալ եղբ. Մարք Ալաշայեանի յիշատակին։ Ապա, սկաուտներու կողմէ երգուեցան Մ. Նահանգներու, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները:

Քոյր Մարալ Խաչատուրեան տեղեկութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղի մասին, մինչ նոյն մասնաճիւղի անդամները հպարտօրէն կը տողանցէին պատուոյ հարթակին առջեւէն: Տողանցողներու խումբը ներկայացուց շրջանէն համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն մասնակից պատուիրակութիւնը։ Ապա, քոյրը ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրերը:

Խօսք տրուեցաւ Փրովիտընսի մասնաճիւղի ատենապետուհիին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերուն նպաստած բոլոր յանձնախումբերու անդամներուն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ եղբ. Վահէ Թանաշեան, որ փոխանցեց Շրջանային Վարչութեան շնորհակալութիւնները՝ մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ականի վայել կեցուածքով փայլուն էջ մը արձանագրեցին շրջանի մարզական պատմութեան մէջ։ Եղբ. Թանաշեան շեշտեց, որ սկաուտներն ու մարզիկները պիտի շարունակեն իրենց հպարտ երթը՝ միշտ բարձր պահելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունը։

Կարօ Թաշեան Հ.Ե.Դ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ իր շնորհակալութիւնները յայտնեց մարզախաղերու մասնակից մասնաճիւղերու սկաուտներուն եւ մարզիկներուն՝ անոնց մաղթելով յաջողութիւն։

ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Թալին Տաղլեան եւս փոխանցեց շնորհաւորական խօսքեր Փրովիտընսի հիւրընկալ եւ միւս բոլոր մասնաճիւղերուն՝ իրենց նուիրումին եւ յարատեւ աշխատանքին համար։

Այնուհետեւ, խօսք տրուեցաւ օրուան «թագաւոր»` Ռոտ Այլընտ նահանգի նախկին ծերակուտական եւ Փրովիտընսի գաղութին հանրածանօթ ազգային Արամ Կարապետեանին, որ Ռոտ Այլընտ նահանգի դպրոցներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուսուցման բանաձեւը որդեգրել տուաւ եւ պաշտօնական օրէնք դարձուց նահանգի կրթական նախարարութեան մէջ: Կարապետեան, որ միշտ նեցուկ կանգնած է հայ երիտասարդական կազմակերպութիւններուն, իր շնորհաւորական ու քաջալերական խօսքերը ուղղեց բոլոր մարզիկներուն ու ներկաներուն, շեշտելով որ անոնք իրենց քաղաքներուն մէջ յարատեւութեամբ եւ վճռակամութեամբ շարունակեն Ցեղասպանութեան ճանաչման գործը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Շրջանային մարզական յանձնախումբի անդամ եղբ. Յակոբ Սուլագեան յուզուած եւ արտասուաթոր աչքերով արտայայտուեցաւ վաղամեռիկ եղբ. Մարք Ալաշայեանի մասին, գնահատելով անոր երկարամեայ տքնաջան աշխատանքը։

Համաձայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան որոշումին, յառաջիկայ հինգ մարզախաղերու երէց տղոց պասքեթպոլի բաժակը պիտի կոչուի Մարք Ալաշայեանի անունով: Ապա տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ մետալներու բաշխում։

Առաջին բաժակը՝ երէց տղոց պասքեթպոլի Մարգ Ալաշայեանի բաժակը եւ մետալները շնորհուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղին:

Ապա, Ժան Աւետիսեան Արեւելեան Մ. Նահանգներու Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ գնահատական խօսք ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատուներուն, որոնց ճիգը, ուժը, կորովն ու հետեւողականութիւնը անպայման արդիւնաբեր պիտի դառնայ, ըսաւ ան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ եղբ . Հրաչ Մեսրոպեան յայտնեց իր ցաւակցութիւնները եւ շնորհաւորեց Փրովիտընսի եւ մնացեալ մասնաճիւղերու պատասխանատուներն ու մարզիկները, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ականավայել կեցուածքով մարզախաղերը յաջողութեամբ պսակեցին։ Ան քաջալերեց, որպէսզի նոր վճռականութեամբ դիմագրաւենք նոր մարտահրաւէրներ եւ պատրաստ ըլլանք ջահը փոխանցելու յաջորդ սերունդին։ Եղբ. Հրաչի խօսքին աւարտին, ան յայտարարեց, որ 27-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու առաջին դիրքը գրաւող եւ բաժակը շահող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պոսթընի մասնաճիւղը իր բաժակը սիրով պիտի փոխանցէ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղին, ի յիշատակ հանգուցեալ եղբ. Մարք Ալաշայեանի։

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Առաջնորդը, որ իր խրախուսիչ պատգամով օրուան խանդավառութիւնը հասցուց գագաթնակէտին: Ան իր դէմքը երիտասարդ մարզիկներուն դարձնելով դարձեալ յիշեցուց, որ անոնք հայ ըլլալու պարտաւորութիւնը ունին, որովհետեւ հայ ժողովուրդին կը պատկանին։

«Խոստացէ՛ք, յանուն հայութեան եւ յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի, որ յաջորդ սերունդը նոյն ճամբայէն պիտի քալէ», շեշտեց Առաջնորդը։ Ան խրախուսեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու մասնակից մարզիկները եւ աղօթքով փակեց իր խօսքը։

Սրբազան Հօր խօսքէն ետք, ներկայ մարզիկները, սկաուտներն ու համակիրները բաժնուեցան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանով վերանորոգուած, մաղթելով որ յառաջիկայ տարի մեծ շուքով եւ նոյն աշխուժութեամբ կը մասնակցին Նաւասարդեան 28-րդ մարզախաղերուն Ուաշինկթընի մէջ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան հարիւրամեակը կը տօնակատարեն՝ շարունակելով իրենց վսեմ առաքելութիւնը եւ նուաճելով նորանոր յաջողութիւններ՝ ի նպաստ հայ ազգի յաւերժացման։

 

Տարածենք