«ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ»ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի Մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդ
ՀԱԼԷՊ

Սուրիական պատերազմի առաջին քանի մը տարին բանակում կազմակերպելը անկարելի դարձաւ: Վերջին երկու տարիներուն, սակայն, դժուարութիւնները յաղթահարուեցան:

Այս տարի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին ճիգերը արդիւնաւորուեցան եւ մասնաճիւղին սկաուտական կազմը եւ գայլիկ-արծուիկ միաւորի կարմիր վոհմակ-երամը, 140 քոյր- եղբայրներով, հաւաքուեցաւ հայաշունչ եւ հրաշագեղ Քեսապի գիրկը, ուր յիշատակելի օրեր ապրեցան հողին, ջուրին, ծառին, բոյսին, քեսապցիին եւ իրարու հետ շփուելով։ Անոնք ստեղծեցին ընկերային ջերմ մթնոլորտ եւ հարստացուցին իրենց գիտելիքները: Բանակումը կոչուեցաւ «Վահան Չերազ» եւ իւրաքանչիւր օր ունեցաւ իր թեման։ Խմբակները կրեցին 20-րդ սկիզբը, Պոլսոյ մէջ հիմնուած ֆութպոլի խումբերու անուններ, ինչպէս` «Տորք», «Արաքս», «Պէրպէրեան», «Վահագն», «Շաւարշեան», «Հայ Որսորդաց», «Սանթրալ» եւ «Աթլաս»:

Բանակող քոյրերն ու եղբայրները Հալէպի մէջ պատրաստուած դաստիարակչական իրենց ծրագիրը կեանքի կոչեցին ամենայն բծախնդրութեամբ։ Անոնք մասնակցեցան սկաուտական մարզանքներու, հետախուզական արշաւներու, երգի ուսուցումներու, ունկնդրեցին ազգային, գիտական եւ սկաուտական նիւթերով դասախօսութիւններ, կազմակերպեցին հարց-պատասխանի մրցումներ, ձեռային աշխատանքներ, գիշերային գործունէութիւն, ինչպէս նաեւ դաշտային եւ նստակեաց խաղեր:

Բանակումին մասնակիցները թէեւ ութը օրերու ընթացքին հեռու մնացին իրենց տնային մթնոլորտէն եւ անձնական հաճոյքներէն, սակայն հաւաքական աշխատանքով անոնք ի գործ դրին իրենց լաւագոյնը: Անոնք բարձրաձայն կանչերով ու երգերով խանդավառեցին Քեսապն ու քեսապահայութիւնը:

Ութօրեայ բանակումին աւարտին տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս, որուն ներկայ գտնուեցան Նարեկ Քհնյ. Զերէնցեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ մեծ թիւով ծնողներ ու համակիրներ: Զոյգ քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը:

Խարուկահանդէսին հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հալէպի մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեան, իսկ արաբերէնով` քոյր Մարիա Սայէղ: Անոնք անդրադարձան Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան եւ նորահաս սերունդի դաստիարակութեան մէջ ունեցած դերին։ Անոնք ամփոփ կերպով ներկայացուցին նաեւ բանակումին աշխատանքները եւ հետապնդած նպատակները:

Բանակող քոյրերն ու եղբայրները ներկայացուցին գաւազանով եւ գլանով բրգաձեւ մարզանքներ, արաբական եւ հայկական պարեր։ Ապա, տեղի ունեցաւ Առաջնորդի, Վարիչ Առաջնորդի եւ Ա. կարգի աստիճաններու տուչութիւն: Աւարտին, Նարեկ Քհնյ. Զերէնցեան գնահատեց մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին կատարած աշխատանքը եւ բարձրօրէն գնահատեց խարուկահանդէսը:

Աւանդական խարուկահանդէսը իր լրումին հասաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգով:

Տարածենք