«ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ» ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ
Թղթակից
ՔԵՍԱՊ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական տարեկան բանակումը լաւագոյն վայրն է ականատեսը ըլլալու գայլիկ-արծուիկին եւ արի-արենոյշին կրթութեան եւ դաստիարակութեան արդիւնքին: Այս իմաստով չափազանց արտայայտիչ էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղին «Վարդան Բախշեան» բանակումը, որ տեղի ունեցաւ ՍՕԽ-ի կազդուրման կայանին մէջ, Քեսապ:
Բանակողները կը հաշուէին 72 քոյր-եղբայրներ. անոնց կողքին կանգնած էր 26 հոգինոց աշխոյժ եւ գիտակից աստիճանաւորական կազմ մը:
2009-էն ի վեր Քեսապի մասնաճիւղին գայլիկ-արծուիկ եւ արի-արենոյշ միաւորները չէին կատարած իրենց տարեկան բանակումները, բարեբախտաբար, տարիներու փափաքը այս տարի իրականացաւ:
Բանակողները ապրեցան աշխոյժ եւ ուրախ մթնոլորտ մը, մանաւանդ մոկլիներուն ներկայութիւնը հաճելի երեւոյթ էր. անոնք վայելեցին բոլորին գուրգուրանքն ու խնամքը:
Բանակումին օրակարգը ընդգրկեց դրօշակի արարողութիւն, մարզանք, բանակավայրի մաքրութիւն, հիւր դասախօսներ (եղբ. Յովիկ Սիւլահեան եւ քոյր Յուշիկ Ղազարեան), երգի ու կանչի ուսուցում, յանձնախմբային աշխատանք, սկաուտական կապի ուսուցում (կապ հիւսել սորվեցուց քոյր Սոնիա Քորթմոսեան), ջրային եւ մարզական խաղեր, խարոյկի պատրաստութիւն եւ այլն:
Խորհուրդին կազմը պատրաստեց բանակումին ճաշերը:
Փակման խարուկահանդէսին ներկայ եղան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան, Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Յովիկ Սիւլահեան եւ քեսապահայ հոծ բազմութիւն մը:
Խարուկահանդէսը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, ապա խմբակները կենդանի պատկերով մը տողանցեցին դաշտին մէջ։ Յաջորդեց խարոյկին բոցավառումը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի պատասխանատու եղբ. Յակոբ Թրթռեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ բանակումին կարեւորութեան եւ խարուկահանդէսի եռօրեայ պատրաստութեան յաջող արդիւնքին:
Խարոյկը ճոխ էր իր յայտագիրով: Բանակողները ներկայացուցին պարեր, չափական մարզանք, մեներգ, ասմունք, բուրգ, մարզական խաղեր եւ բանակումի նկարներու ցուցադրութիւն:
Խարուկահանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ աստիճանատուչութիւն, եղբայր մը ստացաւ Փոխ Առաջնորդի աստիճան, իսկ 20 քոյր-եղբայրներ՝ Առաջնորդի աստիճան:
Այս առիթով սրտի խօսք արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան, որ գնահատեց մասնաճիւղին աշխատանքը, շնորհաւորեց աստիճան ստացող քոյրերն ու եղբայրները, յուսադրեց եւ դիտել տուաւ, որ յաջորդ տարի՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին առիթով, զանազան ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին եւ բանակումներ պիտի կատարուին հայրենիքի մէջ:
Ապա, Նարեկ Քհնյ. Զերէնցեան գնահատեց բանակումին մասնակցող սկաուտները եւ «Պահպանիչ»ով փակեց խարուկահանդէսը: