ԵՂԲ. ՍԱԳՕ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԲԱՆԱԿՈՒՄ՝ ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԷՋ
Մարի Մելքոն
ԳԱՄԻՇԼԻ
Վեց տարուան ընդհատումէ ետք, հակառակ քաղաքին մէջ տիրող լարուած վիճակին եւ երթեւեկի դժուարութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդին կազմակերութեամբ տեղի ունեցաւ եռօրեայ բանակում մը, որ նուիրուեցաւ եղբ. Սագօ Մանուկեանի յիշատակին։
Բանակումը տեղի ունեցաւ Գամիշլիէն 10 քլմ. հարաւ գտնուող ասորի կաթողիկէներու ուխտավայրին մէջ, մասնակցութեամբ 80 քոյր-եղբայրներու եւ 17 աստիճանաւորներու։ Բանակումին ընդհ. պատասխանատուն էր քոյր Եւա Մանուկեան-Սելիմեան, օգնականը՝ քոյր Նանար Սարգիսեան։
Բանակումի ընթացքին բանակավայր այցելեց ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի յատուկ յանձնախումբը, որ խաղերու սերտուած ծրագիր մը գործադրեց՝ խանդավառելով քոյր-եղբայրները։ Ապա, յանձնախումբի անդամները դպրոցական տետրակներ բաշխեցին բոլորին։
Բանակումին յայտագիրը ընդգրկեց.- մարզանք, նախաճաշ, դասախօսութիւն, զրոյց, ճաշ, պատի թերթի պատրաստութիւն, ռատիոժամ, խաղեր, մրցումներ, ընթրիք եւ խարոյկի շուրջ գիշերային խրախճանք։
Այս կարճ ժամանակամիջոցին, բանակող քոյր-եղբայրներուն միջեւ ստեղծուեցաւ ընկերային մտերմիկ ջերմ կապ։
Բանակումի աւարտին տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի, ներկայութեամբ ծնողներու հոծ բազմութեան մը։ Բանակումին ընթացքին սկաուտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր, բուրգեր եւ մարզական խաղեր։
«Սագօ Մանուկեան»ի յիշատակին նուիրուած բանակումը իր յաջող աւարտին հասաւ «Ցտեսութիւն» երգով, «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ «Պահպանիչ»ով։