«ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԻՆԴԼԵԱՆ» ԲԱՆԱԿՈՒՄ ՝ ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԷՋ

 

Թղթակից
ԼԱԹԱՔԻԱ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի «Յովհաննէս Հինդլեան» բանակումը տեղի ունեցաւ Քեսապի «ՔՋԱԿ» բանակավայրին մէջ, մասնակցութեամբ 86 քոյրերու եւ եղբայրներու:

Սկաուտները մարզական, դաստիարակչական եւ սկաուտական գիտելիքներով օժտուած՝ չարքաշ կեանքի փորձառութիւն ձեռք ձգեցին Քեսապի բնութեան մէջ:

Բանակումին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով:

Բացման խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ թատերական պատկեր մը` միջազգային սկաուտութեան 110-ամեակին եւ հայ սկաուտութեան 105-ամեակին նուիրուած: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, ապա աստիճանատուչութիւն` գայլ-արծուիկ միաւորի միաստղ եւ երկաստղ վկայականներու, նաեւ սկաուտ միաւորի Փոխ Առաջնորդ, Առաջնորդ եւ Վարիչ Առաջնորդ աստիճաններու:

Յայտագիրը ընդգրկեց չափական մարզանք, ասմունք, մարզական խաղեր, պար (գայլիկներու կատարողութեամբ), գաւազանով մարզանք, չափական մարզանք եւ պար (աստիճանաւորական կազմի կատարողութեամբ):

Խարուկահանդէսին ջերմութիւնը արտացոլաց բանակավայրի կայմին կողքը բոցավառող խարոյկէն, որուն ճարճատիւնէն խանդավառուած՝ սկաուտները ներկայացուցին իրենց կանչերն ու երգերը:

Աւարտին խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի խմբապետ, բանակումի պատասխանատու եղբ. Սարգիս Քէչէճեան` ներկայացնելով բանակումին նպատակը եւ անոր անհրաժեշտութիւնը սկաուտներու կազմաւորման մէջ:

Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան, որ մեծապէս գնահատեց խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերը իրենց տարած հոգատար աշխատանքին համար: Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի սեմին, ան մաղթեց, որ սկաուտական բանակումները իրականանան Հայաստանի դաշտերուն վրայ:

Քեսապի հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Զերէնցեան իր սրտի խօսքը արտասանեց` գնահատելով բանակումին մասնակցող բոլոր սկաուտները:

Խարուկահանդէսը փակուեցաւ «Պահպանիչ»ով:

Տարածենք