ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը Յունիս 2016-էն սկսեալ ձեռնարկեցին Վկայեալ կարգի դասընթացքի, որուն Հալէպի մասնաճիւղէն իրենց մասնակցութիւնը բերին հինգ փոխ խմբապետներ՝ քոյրեր Սեւան Ուրիշիկեան, Մարիա Սայէղ, Նաթալի Թաթոսեան, Թամար Կիւլոյեան եւ եղբ. Կիրօ Գարամանեան: Շաբաթական հերթականութեամբ տեղի ունեցան հանդիպումներ, որոնց ընթացքին մասնակիցներուն ներկայացուեցան ազգային, կրօնական, սկաուտական, դաստիարակչական, հոգեբանական եւ ժողովական կանոններու նիւթեր:
Շուրջ մէկ տարիէ ի վեր շարունակուող դասընթացքին տեսական բաժինը այժմ հասած է իր աւարտին: Ներկայիս տեղի կ’ունենայ գործնական բաժինը: Դասընթացքին աւարտին, մասնակիցները պիտի մասնակցին քննութիւն, որուն յաջողող թեկնածուները պիտի օժտուին Վկայեալ կարգով:
Թղթակից
ՀԱԼԷՊ