ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՄԱՀԱՑԱԾ ՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2017-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ միութեան հին ու նոր ննջեցեալներուն եւ Սուրիոյ պատերազմին նահատակուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու հոգիներուն համար, ներկայութեամբ տարազաւոր սկաուտներու, երէց ու երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու:
Պատարագէն ետք, ներկաները համախմբուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանեկան պարտէզը, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց քոյր Գարօլին Քիւրքլեան-Արոյեան: Ան նշեց, որ Նոյեմբեր ամիսը հպարտանքի ամիս է, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան ամիսն է, հետեւաբար ան խիղճի պարտք նկատեց յարգանքի տուրք ընծայել միութեան հիմնադիրներուն եւ հին ու նոր ննջեցեալներու հոգիներուն յիշատակին: Ապա, ան հրաւիրեց ներկաները «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանով ընթանալու դէպի 100-ամեակ:
Այս առիթով, Շրջանային Վարչութեան անդամներէն եղբ. Արմէն Քէօշկէրեան յիշեց Սուրիոյ պատերազմին նահատակուած 20 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն անունները (տեսնել առանձին):
Երէց եղբայր Յակոբ Էլէյճեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն՝ դէպի 100-ամեակ բարեյաջող երթ մաղթելով միութեան:
Աւարտին, Մաշտոց Քհնյ. Արապաթլեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը նշելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը լոկ մարզական խաղերու միութիւն մը չէ, այլ՝ սերունդներ կերտող, Սփիւռքի մէջ անոնց գոյութիւնը պահող եւ միութենական ծառայութիւն սորվեցնող պանծալի կազմակերպութիւն մըն։ Ծառայութիւն մը, որուն ականատես եղանք պատերազմի օրերուն, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ պատնէշի վրայ գտնուելով օգնութեան ձեռք երկարեցին բոլորին:
Թղթակից
ՀԱԼԷՊ