ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՄԵԿՆԱՐԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

 

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական յանձնախումբին, Շաբաթ, 25 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, «Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան» «Լ. Շանթ» սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը մեկնարկը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի Սուրիոյ ձեռնարկներուն:


Ձեռնարկին ներկայ եղան Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Ռէիսեան, Ազգ. Վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներ, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ, երէց եւ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ:


Օրուան բեմավար եղբ. Խաժակ Տիլպէրեան իր բացման խօսքով ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի կոտտանքին, տառապանքին եւ աւերակներուն ընդմէջէն ծնունդ առաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը: Դար մը ամբողջ ան կռանեց մեր անխորտակելի կամքը, կերտեց մարմինն ու դնդերը մեր անխոցելի, կամրջեց իր զաւակները ցանուցիր, ովկիաններէն ալ անդին, ու սերունդներ միացան իր շարքերուն»:


Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, 100-ամեակի դրօշը բարձրացուցած՝ սրահ մուտք գործեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի խմբապետն ու խմբապետուհին: Մաշտոց Քհնյ. Արապաթլեան օրհնեց դրօշը, որմէ ետք ձեռնարկը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով:


Առաջին խօսքը արտասանեց 100-ամեակի Սուրիոյ յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Կարպիս Թովմասեան։ Ան ըսաւ. «Հ.Մ.Ը.Մ.ը մտաւ հայ օճախներէն ներս եւ հայութեան համար եղաւ ակումբ, դպրոց, եկեղեցի եւ հայրենիք: Նաւասարդեան իր խաղերով ան հպարտութեամբ լեցուց հայ ժողովուրդին սիրտը: Հ.Մ.Ը.Մ.ը յաղթեց եւ իր յաղթանակը նուիրեց հայ ժողովուրդին: Հայ ժողովուրդը վստահեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ իր զաւակները անդամագրեց անոր: Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանով երբեք չզլացաւ ծառայել հայ ժողովուրդին: Ան դարձաւ բոլորին սիրելին, ծնունդ առաւ Պոլիսէն ու մուտք գործեց մայր հայրենիք: Ծլաւ ու ծաղկեցաւ Սփիւռքի մէջ ու դարձաւ հաստաբեստ կաղնի: Այսօր կը տեսնենք մեր շքանշանակիր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք երկար տարիներ ծառայած են այս միութեան եւ եկած են միութեան դրօշը փոխանցելու նոր սերունդին»:


Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին մասով, եղբ. Արամ Խաչատուրեան երգեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին նուիրուած քայլերգը, որ առաջին անգամ ըլլալով հնչեց Սուրիոյ մէջ:
100-ամեակի քայլերգէն ետք ցուցադրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնն ու ներկան ներկայացնող պատմավաւերագրական տեսերիզ մը, զոր պատրաստած էր մամուլի յանձնախումբը:


Քոյր Վեհան Պարսումեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց «Շքանշան Հ.Մ.Ը.Մ.ի» քերթուածը: Ապա, շքանշանակիր երէց եղբայրներ՝ Յակոբ Էլէյճեան եւ Յարութ Պարսամեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի զոյգ դրօշները փոխանցեցին նոր սերունդի սկաուտներուն եւ մարզիկներուն: Նոր սերունդի ներկայացուցիչները խոստացան բարձր պահել միութեան դրօշը:


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան: Ան ըսաւ. «Մեր սերունդին բախտ վիճակուեցաւ ստանձնել այս պատասխանատու եւ պատմական պահուն խորութիւնը եւ զայն արժեւորելու յանձնառութիւնը: Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմակերտ հիմնադիրները իրենց հաստատ հաւատքով եւ հայավայել վճռակամութեամբ հիմը դրին հայ պատանիին ու երիտասարդին հոգին, միտքը եւ մարմինը կերտող մեծ դպրոցին եւ յղացան մեր նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ը, որ կը մարմնաւորէ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին ամբողջական հաւատարմութիւնը: Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հ»-ն հայրենիքին ու հայութեան ցուցանիշն է՝ հայրենի հողին վրայ կամ Սփիւռքի տարածքին, 108 մասնաճիւղերով, աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան խորհրդանիշն է ան: «Մ»-ն շեշտն է, որ մարզական ոգիով եւ առողջ մարմինով կերտուած սերունդն է երաշխաւորը Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպատակներու իրականացման: «Ը»-ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ կազմակերպութիւն մը ըլլալու լաւագոյն փաստն ու ցուցանիշն է: Հ.Մ.Ը.Մ.ը երկրագունդի հինգ ցամաքամասերուն վրայ սփռուած իր 25 հազար անդամներով յիրաւի համահայկական հսկայ կազմակերպութիւն մըն է: Իսկ «Մ»-ը արդէն իր գոյատեւման շարունակականութիւնն է եւ դէպի ապագայ խոյանալու լաւագոյն երաշխիքը: 100-ամեակի սեմին, եկէ՛ք միասին խոստանանք, որ պիտի բարձրանանք եւ բարձրացնենք նոր սերունդները՝ միասնաբար, համախումբ աշխուժութեամբ հասնելու համար մեր մարդկային ու համազգային տեսլականներուն եւ նպատակներուն ամբողջական իրականացման»:


Ապա, Մաշտոց Քհնյ. Արապաթլեան հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով եւ ըսաւ. «Եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.էն վերցնենք մարզական խաղերը, կը տեսնենք որ հոն կայ ժողովուրդի մը պատմութիւնը: Եթէ վերցնենք գիտելիքները, կը տեսնենք որ հոն կայ ոգին: Մեր պապերը գաղթականութենէն ետք հաւատք եւ ազգային ոգի ներարկեցին իրերայաջորդ սերունդներու արեան մէջ եւ ժամանակի ընթացքին այդ ներարկումն էր որ մարմին առաւ:


«Հ.Մ.Ը.Մ.ականը օժտուած է մաքուր, ազնիւ նկարագիրով, թող յաւէտ օրհնեալ ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը: Բարի երթ դէպի նոր 100-ամեակ»:


Աւարտին, պաստառի վրայ ներկայացուեցան վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ՝ եղբայրներ Մանուկ Իսկէնտէրեանի (Հայաստան) եւ Պօղոս Պալէոզեանի բարեմաղթութիւնները: Այնուհետեւ հատուեցաւ 100-ամեակի կարկանդակը:

ՄՏԵՐՄԻԿ ԸՆԹՐԻՔԸ
100-ամեակի մեկնարկը նշող ձեռնարկէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մեծ ընտանիքը մտերմիկ ընթրիք մը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանեկան պարտէզին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին, Հալէպի վարչութեան, Սկաուտ. Խորհուրդին եւ երէց ու երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու եւ համակիրներու:

Քոյր Ծովիկ Թէփիրճեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, այնուհետեւ եղբ. Գէորգ Մավեան փոխանցեց Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը:


Երեկոն ջերմացաւ եղբ. Ճորճ Գալայճեանի, Լիւսի Յովհաննէսեանի եւ Խաչիկ Աշճեանի հայկական եւ յեղափոխական երգերու կատարումով:

 Ժիրայր Կարապետեան
ՀԱԼԷՊ

Տարածենք