Հ.Մ.Ը.Մ. ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ

 

Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի կազմակերպութեամբ, 7-10 Սեպտեմբերին, Հըրշ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ազգային առաջին բանակումը` արի եւ արենոյշ ճիւղերու:


Հ.Մ.Ը.Մ. Լիբանան բանակումին մասնակցեցաւ 35 հոգինոց պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կազմեցին Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտիի մասնաճիւղերու 35 արի-արենոյշներ։ Բանակումին ներկայ էր նաեւ Շրջանային խմբապետութեան կազմէն քոյր Լուսին Պերքուպէյիուքեան, իբրեւ բանակումի օժանդակ մարմինի ընդհանուր պատասխանատու:


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի պատուիրակութիւնը բանակավայր հասնելով կատարեց յարդարումի աշխատանքներ, պատրաստեց բանակավայրի մուտքի ձեռայինը եւ խմբակային այլ ձեռայիններ:


Երկրորդ օրը, նախաճաշէն ետք, բոլոր միութիւններու խումբերը մասնակցեցան խմբակային փուլային խաղերու օրուան, որուն ընթացքին անոնք պատրաստեցին զանազան ձեռայիններ եւ խաղացին խաղեր: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընդհանուր խարուկահանդէս` մասնակցութեամբ բոլոր միութիւններուն:


Երրորդ օրը, առաւօտեան, տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիր` պատրաստուած բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ: Առաջին բաժինով խմբակները այցելեցին բանակին պատրաստած տաղաւարը եւ ծանօթացան ականներու տեսակներուն, իսկ երկրորդ բաժինով խմբակները այցելեցին ներքին ապահովութեան ուժերու տաղաւարը, ուր բացատրութիւններ լսեցին զգոյշ քշելու կարեւորութեան եւ օրէնքներուն մասին։


Բանակավայրին մէջ տեղի ունեցող յայտագիրին զուգահեռ, նոյն առաւօտ, տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան սկաուտութիւնը հետաքրքրող հարցեր: Աշխատանքին մասնակցեցան բանակումին մասնակից իւրաքանչիւր միութենէ 3 առաջնորդներ, որոնք նախքան կլոր սեղանը` այցելեցին Լիբանանի ազգային թանգարան:


Երեկոյեան տեղի ունեցան յատուկ տողանցք եւ պաշտօնական արարողութիւն, որուն ներկայ եղան Լիբանանի վարչապետը, սկաուտական ֆետերասիոնի անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, միութիւններու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խմբապետներ, սկաուտներ եւ բարեկամներ: Հարկ է նշել, որ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վաչէ Նաճարեան մօտէն կը հետեւէր բանակումի աշխատանքներուն, չորս օրուան ընթացքին երեք անգամ բանակավայր այցելելով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդն ու խմբապետական կազմը եւս ճիգ չխնայեցին ապահովելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութեան բարեկեցութիւնը։ Բանակումի ընթացքին Շրջանային խմբապետութիւնը օրական այցելեց բանակավայր:


Պաշտօնական արարողութեան աւարտին, բանակումին մասնակցող միութիւններու սկաուտները փոխանակեցին յուշանուէրներ, իսկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ բանակումին վերջին խարուկահանդէսը` մասնակցութեամբ տարբեր միութիւններու շեփորախումբերուն:


Բանակումին վերջին օրը, առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները, հաւաքելէ ետք իրենց բանակավայրը եւ օժանդակելէ ետք ընդհանուր բանակավայրի մաքրութեան, վերադարձան իրենց տուները, ձեռք ձգած` նոր ու տարբեր փորձառութիւն մը, ծանօթացած` նոր բարեկամներու, ինչպէս նաեւ զարգացած` զանազան գիտելիքներով, կանչերով ու երգերով:

 Թղթակից
ՊԷՅՐՈՒԹ

Տարածենք